ՀԵՌՈ՛Ւ ԱՌՃԱԿԱՏՈՒՄՆԵՐԷ

Մեր հա­մայն­քը նոր շա­բաթ մը եւս կը դի­մա­ւո­րէ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պով։ Առ­կայ տագ­նա­պա­լի կա­ցու­թիւ­նը, իս­կա­պէս, կա­թուա­ծա­հար­ման եզ­րին հաս­ցու­ցած է թրքա­հայ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քը։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ու­շար­դու­թեամբ ու մտա­հո­գու­թեամբ կը հե­տե­ւին բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Առ­կայ խնդիր­նե­րը լայն ար­ձա­գանգ գտած են նաեւ ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հէն ներս։

Ներ­կայ փու­լին հիմ­նա­կան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րը դար­ձեալ կը խտա­նան մեր Ա­թո­ռի ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն՝ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի եւ Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի վրայ։ Մար­տի 15-ին գու­մա­րուած Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րէն ի վեր հու­նէ դուրս ե­կած է թրքա­հա­յու­թեան կեան­քը։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ բո­լո­րին սպա­սու­մը այն է, որ ե­րեք սրբա­զան­նե­րը ցու­ցա­բե­րեն զո­հո­ղու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գի։ Ցարդ թէեւ նման մի­ջա­վայր մը ստեղ­ծել կա­րե­լի չէ ե­ղած, սա­կայն բո­լո­րը հա­կուած են ընդ­հան­րա­պէս լա­ւա­տես ըլ­լա­լու։ Ե­թէ մին­չեւ այ­սօր մեր ե­րեք սրբա­զան­նե­րուն մի­ջեւ կա­րե­լի չէ ե­ղած դրա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մը մթնո­լոր­տը ստեղ­ծել, ա­պա սա չի նշա­նա­կեր, որ գոր­ծըն­թա­ցի շա­րու­նա­կու­թիւնն ալ պի­տի ըլ­լայ նոյն ձե­ւով։ Ա­նոնք առ­կայ դժուա­րին շրջա­նին հե­ռու պէտք է մնան առ­ճա­կա­տում­նե­րէ։ Ա­նոնք են, որ լուծ­ման եզր մը պի­տի գտնեն՝ հա­շուի առ­նե­լով բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րը եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ կշռա­դա­տե­լով ի­րենց վի­ճա­կած կամ վի­ճա­կե­լիք քայ­լը։

Այ­սօր ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի հան­գա­ման­քով Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան զե­կոյց մը հրա­պա­րա­կած է Պատ­րիար­քա­րա­նէն։ Բաց աս­տի, Պատ­րիար­քա­րա­նի դի­ւա­նը այդ զե­կոյ­ցին կցած է նաեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ Իս­թան­պու­լի կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նին ու­ղար­կուած դի­մում­նա­գի­րը՝ ժա­մադ­րու­թեան հա­մար։ 16 Մարտ 2017 թուա­կիր այդ նա­մա­կը մեր մա­մու­լին ներ­կա­յա­ցուած է այ­սօր։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը ե­ղած է հե­տե­ւա­լը. Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րէն ի վեր Գում­գա­բուէն ա­ռա­ջին ան­գամ պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը կա­տա­րուած է Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Եւ այդ յայ­տա­րա­րու­թեան կցուած է նաեւ Կու­սա­կա­լու­թեան հաս­ցէագ­րուած նա­մա­կը։ Սա հեր­թա­կան ան­գամ կու գայ ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ սպաս­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ կը գտնուի հա­մայն­քա­յին կեան­քը։

Պատ­րիար­քա­րա­նէն այ­սօր հրա­պա­րա­կուած զե­կոյ­ցը ա­ռար­կա­յա­կան պատ­կե­րա­ցում մը կու տայ առ­կայ տագ­նա­պի բնոյ­թին եւ չա­փում­նե­րուն շուրջ։ Խնդի­րը ու­նի ծալ­քեր թէ՛ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն եւ նա­խըն­թաց­նե­րուն, թէ՛ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ ու կա­նո­նին եւ թէ մեր պե­տու­թեան ակն­կա­լու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Այս բո­լո­րը զե­կոյ­ցին մէջ մատ­նան­շուած են յստա­կօ­րէն։ Բնա­կա­նա­բար, ա­նոնց ա­ռըն­թեր հա­շուի պէտք է առ­նուին նաեւ մեր հա­մայն­քի ներ­քին խմո­րում­նե­րը։ Տագ­նա­պա­լի այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ պէտք է հե­տա­մուտ ըլ­լալ միաս­նա­կա­նու­թեան՝ որ­պէս­զի հա­մայն­քը կա­րե­նայ կա­ցու­թիւ­նը յաղ­թա­հա­րել ա­ռա­ւել զօ­րա­ցած։

Ինչ­պէս ա­ւե­լի ա­ռաջ ալ նշած էինք այս սիւ­նա­կին մէջ, ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի այս բարդ խնդրին կար­գա­ւո­րու­մը կա­խում ու­նի սկզբուն­քա­յին, օ­րի­նա­կան եւ գործ­նա­կան հան­գա­մանք­նե­րու լոյ­սին տակ հա­մադ­րու­թեան մը հաս­նե­լէ։ Վե­րո­յի­շեալ ե­րեք գոր­ծօն­նե­րը ա­ռանց հա­կադ­րու­թեան մէջ դնե­լու՝ պէտք է հաս­նիլ ճկուն լու­ծու­մի մը։ Այդ լու­ծու­մը պէտք է խարս­խուած ըլ­լայ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի նա­խըն­թաց­նե­րուն եւ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ի­րա­ւուն­քին վրայ։ Սա կա­րե­ւոր է այն ա­ռու­մով, որ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին տե­սա­կէ­տէ խո­ցե­լի վի­ճակ­ներ չյա­ռա­ջա­նան Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հա­նուր նուի­րա­պե­տու­թեան մէջ։ Ի լրումն այս բո­լո­րին, այդ լու­ծու­մը պէտք է ար­դա­րաց­նէ նաեւ պե­տու­թեան սպա­սում­նե­րը։ Այ­սինքն, աշ­խա­տանք­նե­րը պէտք է խտա­ցուին նման հա­մադ­րու­թեան մը հաս­նե­լու վրայ։ Յա­մե­նայն­դէպս, ա­ռանց օ­րի­նա­կա­նու­թե­նէ հե­ռա­նա­լու ճա­նա­պարհ մը պէտք է նա­խընտ­րել։ Այս ա­ռու­մով նպա­տա­կա­յար­մար կրնայ ըլ­լալ ե­թէ դար­ձեալ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րին մի­ջո­ցաւ լու­ծում մը գտնուի։ Սա կրնայ ծա­ռա­յել այն նպա­տա­կին, որ մարմ­նի մը կող­մէ առ­նուած ո­րո­շում մը ու­րիշ մարմ­նի մը կամ ան­հա­տի մը կող­մէ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած կամ ան­տե­սուած չ՚ըլ­լար։ Ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մա­րը մեր Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի բարձ­րա­գոյն մար­մի­նը կը հա­մա­րուի, իբր այդ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ճիշդ կ՚ըլ­լայ լուծ­ման գոր­ծըն­թա­ցէն դուրս չմնա­լը։

Տես­նենք յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րու խմո­րում­նե­րը ինչ­պի­սի հա­մայ­նա­պատ­կե­րի մը ծնունդ պի­տի տան մեր ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս։ 

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017