ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՊԱՐԻ ՄՐՑՈՅԹ
Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան եւ իր կողմէ հովանաւորուած «Մարալ» երգի-պարի համոյթի համատեղ նախաձեռնութեամբ այս տարի եւս կազմակերպուած է «Յաւերժութիւն» խորագրեալ միջվարժարանային պարի մրցոյթը։ Այս տարի երկրորդ անգամ կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը, որ ձօնուած է Էսաեան սանուց միութեան հիմնադրութեան 70-ամեայ յոբելեանին։
Մրցոյթի առաջին փուլը երէկ տեղի ունեցաւ Էսաեան սանուց միութեան մէջ՝ ինն վարժարաններէ պարախումբերու մասնակցութեամբ։ Ներկայ էին Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան, կրթական մշակներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Յայտագիրը գործադրուեցաւ Ժպիտ Քալայճըի հանդիսավարութեամբ։ «Մարալ» համոյթի կողմէ մասնակից բոլոր դպրոցներուն նախապէս ուղարկուած էր «Պիթլիս» պարի ներկայացման տեսագրութիւնը։ Այդ հիման վրայ դպրոցներու պարախումբերը կատարած էին իրենց պատրաստութիւնը։ Մրցոյթի առաջին փուլին հինգ վարժարաններ ներկայացուցին կազմակերպիչներուն կողմէ ճշդուած պարտադիր պարը։ Ապա տրուեցաւ արար մը, որմէ վերջ մնացեալ չորս վարժարաններու խումբերը հանդէս եկան ու եզրափակուեցաւ մրցոյթի առաջին փուլի յայտագիրը։
Ինն դպրոցական պարախումբերու ներկայացումէն վերջ դատակազմի անդամները առանձնացան արժեւորման աշխատանքներուն համար։ Մինչ այդ ներկաները սրահին մէջ հետեւեցան անցեալ տարուան մրցոյթին ժամանակ տեսագրուած դրուագներուն։ Քննարկումներէ վերջ դատակազմը տեղեկացուց, որ առաջին փուլի դափնեկիրները եղած էին Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան եւ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու պարախումբերը։
Այս մրցոյթի երկրորդ փուլը նախատեսուած է Ապրիլի 9-ին, Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ։ Սա պիտի ըլլայ աւարտականը։ Վերոյիշեալ երեք խումբերը դարձեալ պիտի ներկայացնեն «Պիթլիս» պարը ու պիտի դասաւորուին վերջնականօրէն։ Բաց աստի, մրցոյթին մասնակից բոլոր դպրոցական պարախումբերը պիտի ներկայացնեն ազատ պար մը։ Այսպէսով երկու անուանակարգերու մէջ պիտի ճշդուին յաջողագոյնները եւ տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխման արարողութիւն։
Մրցոյթի դատակազմին մէջ են՝ Կարպիս Չափքան, Արամ Կոստանեան, Լեւոն Թապէրեան, Սարեմ Շէշէթեան եւ Պանու Քուրտօղլու (Իսթանպուլի Թեքնիկ համալսարան)։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024