ՅՈՎՀԱՆ ՄԱՆԴԱԿՈՒՆԻ ԵՒ ՔԱՌԱՍՆՈՐԴԱԿԱՆ ՊԱՀՔԸ
Յովհան Մանդակունի Հայրապետ ապրած եւ գործած է մօտաւորապէս 420-490 թուականներուն։ Ան եղած է «կրտսեր թարգմանիչ»ներէն՝ որպէս արժանաւոր աշակերտ Ս. Սահակ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի յաջորդած սերունդին։ Յովհան Մանդակունի արդարօրէն կը նկատուի Հայ Եկեղեցւոյ ամենէն լուսաւոր դէմքերէն մին, որ իբր մեծագոյն հայրապետ եւ առաքինի հոգեւորական իր ամբողջական նուիրումը կեդրոնացուց իր զաւակներուն առաւել քրիստոնէացման եւ իր Եկեղեցիին բարեկարգման։
Եւ ահաւասիկ իր «ՃԱՌԵՐ»էն՝ «Քառասնորդական Պահքի Եւ Զատկական Քառասունքի Բաղդատութեան Մասին» ճառէն հատուածներ՝ Եփրեմ Արքեպիսկոպոս Թապագեանի թարգմանութեամբ։
«Քառասնորդական պահքը Ուրբաթ կը կոչուի։ Ուրբաթը մեր Տիրոջ խաչելութեան օրն է։ Այդ օրը, աշխարհի բոլոր չարչարուածներուն համար, Տիրոջ չարչարանքները իրենց վրայ օրինակ ունենալու առիթ է, Տիրոջ հետ չարչարակից եղողներուն եւ Տիրոջ պատուիրանները պահողներուն համար փրկութեան եւ պահպանութեան առիթ եւ Տիրոջ խաչելութեան չարչարակից եւ յարութեան փառակից ըլլալու եւ մեղաւորները ապաշխարութեան հրաւիրելու առիթ։
«Այս քառասունքին, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերուն պահք կը պահենք Չորեքշաբթիի եւ Ուրբաթի նման։ Իսկ Քառասնորդի Կիրակին կը կոչուի առաջին օր եւ սկիզբ յարութեան, ուրախութեան եւ արքայութեան աւետիսի, պատուիրանապահ անձեր, ուրախութեամբ եւ արդարօրէն Ուրբաթ եւ Չորեքշաբթի օրերուն, Կիրակիի եւ Շաբաթի նման կրնան ուտել, քանի որ ինչպէս Զատիկէն մինչեւ Տիրոջ Համբարձումը Կիրակի կը կոչուի, այնպէս ալ Բարեկենդանէն մինչեւ Զատիկ՝ Ուրբաթ կը կոչուի։
«Արդ, ինքզինքդ համոզէ՝ եւ այս քաւութեան քառասունքը միացո՛ւր այդ ուրախութեան քառասունքին հետ. բաղդատէ՛ քառասունքը քառասունքի եւ Ուրբաթն ու Չորեքշաբթին Շաբաթին եւ Կիրակիին հետ եւ կը գտնես միջինը. այս մէկուն մէջ յագեցում եւ ուրախութիւն չկայ, իսկ միւսին մէջ՝ պահք եւ տխրութիւն։ Այս առաջին քառասունքը տարուան ընթացքին մեղքերու քաւութեան եւ յաջորդ քառասունքը տարուան ուրախութեան առիթներն են։
«Արդ, օրէ՛նք է պահոց այս քառասունքը՝ Բարեկենդանէն Զատիկ, խոնարհութեամբ պահել, քանի որ տարուան մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան ժամանակը կը նկատուի։ Այլեւս գինի, իւղ, հաւկիթ, ձուկ, պանիր, կարագ, կաղտի, մածուն, քամուած մածուն, կաթ, սեր, ձկանմօրէ, այս բոլորը բնաւ օրէնք չէ եւ վայել ալ չէ՛ ճաշակել, թէ մեծին, թէ փոքրիկին, թէ արդարին եւ թէ մեղաւորին։ Ուստի քառասուն օրերու մեր կերակուրները շատ են, կանեփահատ, կտաւատ, փոխինդ, հատեղէն, սամթաջուր։
«Այս քառասուն օրերուն Տէրը փորձութեան լեռ գնաց իր հետ տանելով փորձիչ Սատանան, որպէս օրինակ բոլոր հաւատացեալներուն յաղթութեան։
«Աստուած պահք պահելու կարիքը ունէ՞ր. զայն մարդոց օրինակին համար չըրա՞ւ։
«Արդ, եթէ Պօղոսի խօսքերով, ամէն օր չենք կրնար մեռնիլ, գոնէ քառասուն օրեր ջանանք Տիրոջ չարչարանքին հաղորդակից ըլլանք, որպէսզի տարուան ընթացքին մեր գործած մեղքերէն քառասուն օր հեռու մնանք։ Չե՞ս գիտեր թէ անոնք, որոնք մտքով Քրիստոսի չարչարանքներուն չարչարակից կ՚ըլլան, անո՛նք միայն կրնան Քրիստոսի Յարութեան փառակից ըլլալ, որովհետեւ ըսուած է, թէ ո՛չ միայն պէտք է հաւատալ Քրիստոսի, այլեւ պէտք է անոր անուան համար չարչարուիլ։
«Հետեւաբար, այս քառասունքը Տիրոջ խաչելութեան չարչարանքն է եւ միւս քառասունքը՝ Տիրոջ յարութեան եւ կենդանութեան։ Այս քառասունքը Տիրոջ չարչարանքներուն քացախն ու լեղին է եւ միւս քառասունքը Տիրոջ յարութեան խարիսխն ու խորոված ձուկի բաժի՛նն է։
«Այս քառասունքը զինուորներու կողմէ Տիրոջ գերեզմանը կնքուած պահելու համար է եւ միւսը՝ հրեշտակներուն միջոցաւ Տիրոջ յարութեան աւետիսը հաղորդելու Մարիամներուն։ Այս քառասունքը միջնորդութիւն է ապաշխարութեան եւ միւս քառասունքը՝ երաշխաւորութիւն թողութեան։ Այս քառասունքը յանցանքներու քաւութեան համար է, իսկ միւսը՝ մեղքերու թողութեան։ Այս քառասունքը լալու եւ արտասուելու համար է, իսկ միւսը՝ ցնծութեան եւ ուրախութեան։ Այս քառասունքը ցաւով եւ տրտմութեամբ սերմանելու համար է, իսկ միւս քառասունքը՝ փառքով եւ օրհնութեամբ ժողվելու։
«Այս քառասունքով մեծ մարգարէն Մովսէս, ժողովուրդին օրէնքը տուաւ եւ միւս քառասունքով Մովսէս քաւեց Ահարոնի եւ ողջ ժողովուրդի յանցանքը։
«Այս քառասունքով Եղիա Սինա լեռ գնաց Տիրոջմէ իր երկինք բարձրանալու հրամանը ստանալու։
«Այս պահքով երեք մանուկները ապրեցան տոչորող բարձրաբերձ կրակի բոցերէն։ Այս պահքով, Նինուէացիները բեկանեցին Տիրոջ մահուան վճիռը, որովհետեւ իրենց ապաշխարութեան պահքը ընդունելի եղաւ եւ արագ ներում ստացան իրենց յանցանքներուն եւ մեղքերուն համար»։
Այսպէս կը մեկնաբանէ Յովհան Մանդակունի Հայրապետը՝ Քառասնորդական պահ-քը, բաղդատելով զայն Զատկական քառասունքին հետ։
Արդարեւ պահքի հարցով, 692 թուականին գումարուած Տրուղեան Ժողովը հիմնական փոփոխութիւններու կարօտ չորս գլխաւոր կէտեր կը մատնանշէր հանդիսաւորապէս՝ եւ ըստ այնմ կը հրամայէր.
ա) Ջուր խառնել Ս. Պատարագի գինիին մէջ. (Կանոն 32),
բ) Մատաղի սովորութիւնը դադրեցնել. (Կանոն 99),
գ) Ժառանգական Քահանայութիւնը ջնջել. (Կանոն 33),
դ) Արգիլել Մեծ Պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը հաւկիթ եւ պանիր ուտելու սովորութիւնը (Կանոն 56)։ Այս ամէնուն դէմ իմաստասէր Օձնեցին վե՛ր բարձրացուց իր Եկեղեցիին գիտակցութեան եւ հեռատեսութեան դրօշը՝ որ յանուն Լուսաւորչին կը ծածանէր։
Բայց այս բոլորին պահպանութեամբը միայն կարելի պիտի ըլլար եւ ապահովել Հայ Եկեղեցիին ազատ կեանքը եւ գոյութիւնը, ինչպէս այդ թուականէն դար մը առաջ՝ Մովսէս Եղիվարդեցի Կաթողիկոսն (574-604) ալ Յունական նոյն եւ նման պնդումներու հանդէպ յայտարարած էր սիրուն բառախաղով մը.
«Չեմ անցնիր Ազատ գետէն, ո՛չ փուռի հաց ուտելու՝ ո՛չ ալ տաքցուցած գինի խմելու համար»։
Այսպէս, ուրեմն, պահքի, պահեցողութեան հարցը յաճախ փոփոխութիւններու է ենթարկուած՝ օտարամուտ զանազան մտածում եւ գործադրութիւններու ազդեցութիւններով եւ տարուելով ներքին կամ արտաքին հոսանքներէ…։
- Ծանօթագրութիւն.-
Կաղտի=Նաւակատիքի ուտելիք մը.
քամած լոռ, ժաժիկ, խիժ։
Ձկնամօրէ=Ձուկէն պատրաստուած
ուտելիք։
Կանեփահատ=Կտաւի բոյսի հունտ։
Կտաւատ=Հունտ։
Փոխինդ=Իւղով մեղրով ուտելիք։
Սամիթ=Համեմային ուտելի բանջար.
«ռէզէնէ»։
Սամթաջուր=Սամիթի հիւթ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 23, 2017, Իսթանպուլ