ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ

Հա­մաշ­խար­հա­յին թատ­րո­նի օ­րը նա­խըն­թաց օր մաս­նա­ւոր ձեռ­նար­կով մը նշուե­ցաւ Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նին մէջ։ 6-րդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ գոր­ծադ­րուե­ցաւ «Կեան­քի մէ­ջէն դրուագ­ներ» խո­րագ­րեալ ծրա­գիր մը։ Ե­րեք խա­ղե­րէ բաղ­կա­ցեալ յայ­տա­գիր մըն էր այս մէ­կը, որ գոր­ծադ­րուե­ցաւ Տիա­նա Չի­լին­կա­րեա­նի հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ։

Ներ­կայ էին Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Նա­յիր, Կէ­տիկ­փա­շա­յի «Հրանդ Տինք» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Հե­րիք­նազ Ա­ւա­գեան եւ փոխ-տնօ­րէ­ն Դա­ւիթ Խա­չատ­րեան, Մայր վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց յա­ջող ե­լոյթ­նե­րով։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017