ՔԷՐՄԷՍԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թե­նէն Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեանն (ա­տե­նա­պե­տու­հի) ու Թա­նիա Պալ­ճըն։ Ըստ ըն­կա­լեալ սո­վո­րու­թեան, Ս. Զատ­կի տօ­նին ըն­դա­ռաջ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ նա­խա­տե­սուած է քէր­մէս մը։ Այս ծրա­գի­րը կեան­քի պի­տի կո­չուի ծնո­ղաց միու­թեան եւ քէր­մէ­սի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով։ Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան եւ Թա­նիա Պալ­ճը մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ ու կոչ ուղ­ղե­ցին մաս­նակ­ցիլ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սին։

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2017