ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 9-րդ դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտի ցերեկոյթը։ Այս տարի հրաժեշտի արարողութիւնը սովորականէն աւելի վաղ տեղի ունեցաւ, որովհետեւ ընթացաւարտները պիտի վերադառնան Հայաստան՝ պատրաստուելու եւ մասնակցելու համար աւարտական քննութիւններուն։ Անոնք այս քայլը կ՚առնեն Հայաստանի մէջ իրենց կրթութիւնը շարունակելու համար անհրաժեշտ վկայականը ստանալու ակնկալութեամբ։
Հրաժեշտի արարողութեան ներկայ գտնուեցան Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան, կամաւոր հոգաբարձուներէն Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլուները, ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։
Փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ «Գիտեմ՝ դժուար է բաժնուիլ հարազատ դպրոցէն, հարազատ մարդոցմէ, բայց չէ՞ որ կ՚երթաք հայրենիք. այս փաստը պէտք է ոգեշնչէ ու թեւեր տայ ձեզի», ըսաւ ան։