ՌԱՔՔԱՅԻ ՀԱՐՑԱԿԱՆԸ
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկ հերթական ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նիստը։ Երկարատեւ ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, որով տեղեկացուեցաւ, թէ Սուրիայէ ներս իրականացուող «Եփրատի վահան» գործողութիւնները հասած են իրենց աւարտին։ Երէկ, միեւնոյն ժամանակ, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմն ալ յայտարարեց, թէ 24 Օգոստոս 2016-ին սկսած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը հասած է իր աւարտին։ «2015 քիլօմեթր երկարութեամբ տարածութեան մը անվտանգութիւնը երաշխաւորուած է։ Էլ Պապի առնուելուն զուգահեռ Ազատ Սուրիոյ բանակը տեղակայուեցաւ այնտեղ։ Թուրքիայէն մեկնած սուրիացիներն ալ տեղակայուեցան, բնականոն կեանքը վերահաստատուեցաւ։ Ամէն ինչ վերահսկողութեան տակ է», ըսաւ վարչապետը։
Հաշուի առնելով, որ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը այլեւս վերջացած է՝ եթէ յառաջիկայ շրջանին անհրաժեշտութիւն մը ծագի, ապա ձեռնարկուելիք գործողութիւնները պիտի կրեն ուրիշ անուն մը։ «Յառաջիկային եթէ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) դէմ կամ այլ ձեւով սպառնալիք մը խնդրոյ առարկայ դառնայ մեր անվտանգութեան դէմ ու մենք նոր գործադրութեան մը սկսինք, սա պիտի ըլլայ նոր գործողութիւն մը», ըսաւ Պինալի Եըլտըրըմ։
Իր յայտարարութիւններուն մէջ Պինալի Եըլտըրըմ անդրադարձաւ նաեւ Ռաքքայի համար գործողութիւն մը իրականացնելու հաւանականութեան։ Իր այդ խօսքերը շատ կարեւոր էին, որովհետեւ այսօր Թուրքիա կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն։ Իր շփումներուն ընդառաջ Անգարայի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ վերահաստատեց իր դիրքորոշումը տարածքաշրջանային հարցերու շուրջ։
Ռաքքայի հաւանական գործողութեան շուրջ խօսելով՝ Պինալի Եըլտըրըմ մատնանշեց, որ ԱՄՆ դաշտի վրայ համատեղ աշխատանք կը տանի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի նման զինեալ տարրերու հետ։ Մէկ կողմէ այս իրադարձութիւնները տեղի կ՚ունենան, միւս կողմէ ալ մեզի հետ կը տեսակցին։ Տակաւին մեզի պաշտօնապէս բան մը ըսած չեն։ ԵՓԿ-ՓԵՏ-ի հետ պիտի ըլլա՞ն, թէ ոչ Թուրքիոյ եւ Ազատ Սուրիոյ բանակի տարրերուն հետ։ Այս մասին իրենց որոշումը չեն փոխանցած մեզի։ Սակայն իրադարձութիւնները մեր մօտ այն տպաւորութիւնը կը ստեղծեն, թէ անցեալ ղեկավարութեան ընթացած ճանապարհը որդեգրած են։ Այս նիւթը ուղղակիօրէն պիտի յանձ-նըւի ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարի նկատառման։ Փափաք պիտի յայտնենք, որ ԱՄՆ յստակացնէ իր դիրքորոշումը այս հարցին շուրջ։
Բաց աստի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկ-ւան ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ ալ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ այն հանգամանքին վրայ, թէ ԱՄՆ կ՚աջակցի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ին։ «Թուրքիա տարածքաշրջանէ ներս ազդու ձեւով պայքար կը մղէ ահաբեկչական բոլոր կազմակերպութիւններուն դէմ։ Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչ հռչակուած խմբաւորումներուն ի նպաստ մեր դաշնակիցներուն կողմէ նիւթական, զինամթերքի ու զինուորական աջակցութիւնը վնաս կրնայ հասցնել մեր բարեկամական յարաբերութիւններուն», մատնանշուած է յայտարարութեան մէջ։
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ընդգծած է նաեւ, որ Սուրիայէ եւ Իրաքէ ներս ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի ծիրին մէջ ՓՔՔ-ի, ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի տարրերուն օգտագործումը չի կրնար նպաստել տարածքաշրջանէ ներս անդորրութեան եւ անվտանգութեան երաշխաւորման։ Սա երկարաժամկէտ նոր խնդիրներու ծնունդ կրնայ տալ։ Սուրիայէ ներս անվտանգութեան տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է՝ ահաբեկչութենէ մաքրագործուած շրջաններուն մէջ տեղակայումը անոնց բուն տէրերուն։