ԱՍԵՂՆԱԳՈՐԾԻՆ ՀԱՆԳՈՅՑՆԵՐԸ
Տարիներու ընթացքին զարգացան ձեռագործի տեսակները, աւանդականներուն վրայ աւելցան նորերը, այս խանութներն ալ քայլ կը պահէին նորարարութեան հետ ու կը զարգացնէին իրենց ապրանքներու տեսականին՝ հլուններու տեսակներով, նորորակ թելերով, ասեղներով, միլերով, կերպասներով հարստացուցած էին խանութներուն ապրանքանին: Կային նաեւ այլ վաճառողներ՝ Ճիտէյտէ բուրդ վաճառողներու խանութներուն շարքին, ուրկէ Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցիէն ելլող կիները գնում կ՚ընէին: Նաեւ Ներսի Շուկան, որ մեր շրջաններէն հեռու ըլլալուն համար շատ քիչ կ՚երթայինք հոն գնում ընելու:
Նախորդ սերունդներու աղջիկները երբ նշանուէին կը սկսէին պատրաստել ամէն տեսակի ձեռագործներ իրենց օժիտին համար: Այդ տարիներուն հարկ էր որ ամէն հարսնցու ունենար շուքի գործով աշխատցուած մահճակալի ծածկոց, որ անպայման անով կը ծածկուէր նորապսակներուն մահճակալը, քրոշէ ու մարաշի գործ, հլունով հողաթափեր հարսնցուին եւ փեսացուին համար: Հետագային անշուշտ մակնիշներու բազմութիւնը խուժեց ու ժողովուրդին մէջ սկսաւ մրցակցութիւնն ու բամբասանքը, ձեռագործներուն տեսականին ալ աւելցաւ անշուշտ:
Կը յիշեմ պատանութեանս տարիներուն մեր թաղերէն մէկուն մէջ կ՚ապրէին երկու գիրուկ քոյրեր, որոնք արհեստավարժ գծողներ էին, բայց ոչ՝ գծագրիչներ, այլ անոնք յատուկ նիւթերով խաչաձեւ շղթայակապ գիծեր կը գծէին թաւշեայ ձեւուած կերպասներու վրայ, որպէսզի այդ գծագրութիւններուն վրայ աշխատցուի մարաշի գործը: Որքան ալ ձեռքի ջերմութիւնը հպէր այդ գծագրուած գիծերուն, անոնք չէին ջնջուեր:
Տասնեակ տարիներու սահանքին հետ հայկական ձեռագործը Հալէպի մէջ մեծ տարածում գտաւ: ՍՕԽ-ի մասնաճիւղերուն մէջ սկսան դասընթացքներով սորվեցնել փափաքողները, կիներ կ՚աշխատէին ու կը վաճառէին ապսպրանքով երբեմն: ՍՕԽ-ը ունեցաւ ձեռագործներու վաճառման կեդրոն մը, ուր ամէն գաւառացիութեան գործուածքներու նմոյշներ կարելի էր գտնել: Տարին մի քանի առիթներու ցուցահանդէսներ կը կազմակերպուէին եւ կը կազմակերպուին առ այսօր, ուր կը ցուցադրուին ու կը վաճառուին ձեռագործներու զանազան տեսակներ:
Տեսակները այնքան առատ էին, որ բոլոր առիթներուն յարմար ասեղնագործուած իր մը կամ յատկանշական նուէր մը գոյութիւն կ՚ունենար անպայման: Իսկ որքան մեծ կ՚ըլլար այդ անձին գոհունակութիւնը, երբ այսպիսի նուէր կը ստանար:
Մօրս ասեղնագործի նմոյշները զետեղեցի պայուսակներուս մէջ, բայց ոչ անշուշտ գաղթականի նման, քաւ լիցի. գաղթականները պարտադրաբար հեռացան իրենց տուներէն ու լքեցին իրենց հայրենի գաւառները, դաշտերը, լեռներն ու ձորերը, մենք՝ սուրիահայերս մեր ազատ կամքով հեռացանք մեր օճախներէն, հեռացանք վտանգէն, անապահովութենէն, բայց եկանք հայրենիք ջերմացուցինք հայրենիքը կամ ինք՝ մեզ, ո՞վ՝ զո՞վ չեմ կրնար չափանիշ մը տալ, սակայն հակառակ հայրենիքը լքողներու մեծ թիւին, կան նաեւ հոս մնացողներ ու ընտելացողներ, հայրենադարձներ, բայց ոչ՝ փախստականներ:
Ահա պատերազմը սկսելուն անցած է վեց տարի, կան սուրիահայեր, որոնք հասած են լաւ դիրքի, շատեր անշուշտ փորձեցին ու չյաջողեցան: Սուրիահայ կիները հոս եւս համախմբուեցան, իրենց կեներու կանչին անսալով աւանդութիւններու օղակները շարունակեցին հիւսել հոս եւս, կամ ուր որ են՝ Գանատա, Ամերիկաներ, Եւրոպաներ եւ այլուր: Տարուէ տարի կամ առիթէ առիթ նկատելի է կազմակերպուած սուրիահայերու ցուցահանդէսներու ձեռարուեստին զարգացումը, առատութիւնը, հայաստանցին ալ սկսած է ընտելանալ կարծես յաճախելով ցուցասրահներ, ճաշարաններ սուրիահայերու. «Ձեր ճաշերը, համեմունքները մեր շատ դուրն են գալիս» սկսած ենք լսել այս արտայայտութիւնը յաճախակիօրէն:
Այս միաձուլման յստակ մէկ պատկերը շատ հարազատութեամբ նշմարելի է դպրոցներէն ներս, ուր լեզուի ու հաղորդակցութեան դժուարութիւնն է նախաքայլը, որուն արդէն յաղթահարած են կարծես մեր ձագուկները ու կը յառաջանան քայլ քայլ, նուաճումներ կ՚արձանագրեն ու հետզհետէ պիտի դառնան հայրենիքին մէկ մասնիկը:
Գծագրուածը պատկեր մ՚է, ուր ինչպէս ձեռագործը հանգոյց-հանգոյց կը հիւսուի ու կամաց-կամաց կը գեղեցկանայ համբերանքով զինուած մատներու շարժումներով, սփիւռքի ու հայրենիքի միաձուլման պատկերն ալ կարծես հանգոյց առ հանգոյց, մաքառում առ մաքառում, համբերութեամբ ու ժամանակի հոսանքով կ՚ուրուագծուի: Մաքառման տեսքով իւրաքանչիւրը իր կարելին ի գործ կը դնէ օգտագործելով ներքին մղումն իր, կարողութիւնը, շնորհքը, ձիրքը, որոնցմով պիտի կարենայ ինք եւս հանգոյց մը գոյացնել այս հիւսուածքին: Բայց տակաւին առաջին հանգոյցներն են ասոնք, սկիզբ մը թերեւս, որ պէտք ունին դրդումի, քաջալերանքի ու հաստատուն կամքի, եւ մանաւանդ երկա՜ր տարիներու համբերութեան:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
•շար. 2 եւ վերջ