ՖԼՈՐԻԱՅԻ ՄԷՋ ՊԱՀՔԻ ՄՏԵՐՄԻԿ ՍԵՂԱՆ
ԱՔ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի մասնաճիւղը նախընթաց օր պահքի սեղան մը սարքեց փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն համար։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան Ֆլորիայի ընկերային հաւաքատեղիին մէջ սարքուեցաւ ընթրիքը, որու պատուոյ հիւրն էր Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան։ Մեր համայնքէն բազմաթիւ ներկայացուցիչներ հրաւիրուած էին այս հաւաքոյթին։ Քաղաքիս միւս յարանուանութիւններէն ալ հրաւիրեալներ կային։ Կազմակերպչական աշխատանքներուն ուղղութեամբ լուրջ պատասխանատուութիւն ստանձնած էր մեր համայնքէն Արամ Տեմիր, որ մաս կը կազմէ ԱՔ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի մասնաճիւղի վարչութեան։
Երեսփոխան Մարգար Էսաեան այս առթիւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց սոյն հաւաքոյթին բերումով։ Ան ամփոփեց ԱՔ կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն արձանագրուած ձեռքբերումները եւ կոչ ուղղեց՝ որպէսզի մօտալուտ հանրաքուէին ընթացքին բոլորը հաւանութիւն տան Սահմանադրութեան բարեփոխման նախագծին։ Մարգար Էսաեան համոզուած է, որ երկրին առջեւ նոր հորիզոն մը պիտի ուրուագծուի՝ շնորհիւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հեռատես ղեկավարութեան։