Արցախը ԶանազանութիւնՆԵՐԸ Զբօսաշրջութեան Ոլորտին Մէջ
Արցախը զանազանութիւն կը մտցնէ զբօսաշրջութեան ոլորտնի մէջ. բացի կրօնական ուղղութիւնը զարգացնել, զարկ կը տրուի զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ պատմամշակութային վայրերը իբրեւ զբօսաշրջային արդիւնք ներկայացնելու գործընթացին:
Արցախի Տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագրերու վարիչ Իննա Սիմոնեան նշած է, որ վերջին տարիներուն այդ ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը կու տայ իր արդիւնքը: Այսօր համապատասխան ենթակառուցուածքներ ունեցող բազմաթիւ պատմամշակութային վայրեր կ՚ունենան զբօսաշրջային մեծ հոսք:
«Որեւէ յայտնի պատմամշակութային վայր՝ ըլլայ Գանձասարը, Տիգրանակերտը, Ամարասը, տարուան ընթացքին կ՚ընդունի բաւական մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու հոսք: Եթէ հինգ տարի առաջ ունէինք մասնաւորապէս կրօնական ուղուածութեան յուշարձաններ՝ եկեղեցիներ, վանքեր, ուր կ՚այցելէին զբօսաշրջիկներ, այսօր, սակայն, Արցախի մէջ զբօսաշրջային արդիւնքը բաւական զանազանեցուած է: Տիգրանակերտի պետական պատմամշակութային արգելոցին մէջ, Տողի մելիքական ապարանքին մէջ, Հունոտի կիրճին եւ այլ վայրերու մէջ ստեղծուած են բարենպաստ պայմաններ, կան համապատասխան ենթակառուցուածքներ, կ՚իրականցուին բարեկարգման աշխատանքներ, որ կը նպաստէ զբօսաշրջիկներու այցին», ըսած է ան:
Պատմամշակութային վայրերը զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ իբրեւ առանձին արդիւնք ներկայացնելու համար՝ այս տարի նախատեսուած է զգալի աշխատանք: Արցախի շարք մը պատմամշակուածին վայրերու մէջ ենթակառուցուածքներու զարգացման համար նախատեսուած են ծրագրեր, որոնք Արցախի կառավարութիւնը արդէն հաստատած է:
2017 թուականին կառավարութեան հաստատած ծրագրին ծիրէն ներս պիտի իրականացուին Տող գիւղի պալատական համալիրի եւ շրջակայ տարածքի վերականգման ու բարեկարգման աշխատանքներ: Ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլան նաեւ Տումի գիւղի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ վերականգնման, ինչպէս նաեւ Ասկերանի բերդի պահպանման աշխատանքները: Միաժամանակ պիտի կատարուին յուշարձաններու մաքրման, անոնց տարածքներու բարեկարգման եւ կազմակերպման աշխատանքներ: Իննա Սիմոնեան տեղեկացուցած է, որ Ասկերանի բերդի պահպանման աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են:
Դեռ 2016 թուականին յուշարձաններու վերականգնման ոլորտին մէջ աշխատանքներ տարուած են Տող գիւղին մէջ՝ «Տողի մելիքական ապարանք» պետական պատմամշակութային արգելոցի տարածքին եւ Ասկերանի բերդին մէջ:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի Թեմի միջնորդութեամբ եւ բարերարներու միջոցներով վերականգնուած են Շահումեանի շրջանի Դադիվանքի շրջակայքը գտնուող չորս մատուռներէն երկուքը, իսկ միւս մատուռներու եւ Դադիվանքի գլխաւոր մուտքի վերականգնման աշխատանքները կը շարունակուին եւ աւարտին պիտի հասցուին 2017 թուականին:
Իննա Սիմոնեան նշած է, որ իրենց ուշադրութեան կեդրոնին է նաեւ բնութեան վայրերու զբօսաշրջութեան զարգացման հարցը: Այդ նպատակով կը շարունակուի համագործակցութիւնը «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» հիմնադրամին հետ։ Խնդիր դրուած է բարենպաստ պայմաններ ապահովել ներդրողներու համար: