ՌԵՔՍ ԹԻԼԸՐՍԸՆ ԵՐԷԿ ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սըն ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ո­ւա­շինկ­թը­նի նոր ղե­կա­վա­րու­թեան ձե­ւա­ւո­րուե­լէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ Թուր­քիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հիւ­րըն­կա­լեց ա­մե­րի­կեան վար­չա­խում­բէն բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար մը։ Ե­րէկ, օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Ռեքս Թի­լըր­սըն ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղոա­նի եւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի կող­մէ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քին մէջ Եըլ­տը­րըմ ըն­դու­նեց Թի­լըր­սը­նը, որ ա­ւե­լի վերջ ուղ­ղուե­ցաւ Պեշ­թէ­փէ­ի հա­մա­լի­րը եւ տե­սակ­ցե­ցաւ Էր­տո­ղա­նի հետ։ Ռեքս Թի­լըր­սըն ան­շուշտ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ իր պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի հետ։

Ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րին հետ տե­ղի ու­նե­ցած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Ան­գա­րա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ընդգ­ծեց իր վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի հար­ցին շուրջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քարն ու տա­րած­քաշըր-ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը։ Թրքա­կան կող­մը ան­հանգս­տու­թիւն յայտ­նեց, թէ Սու­րիա­յէ ներս ԱՄՆ-ի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը վա­յե­լէ ՓԵՏ, որ ՓՔՔ­-ի շա­ռա­ւիղն է։ Թի­լըր­սը­նի եւ Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուի հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սի ըն­թաց­քին ալ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ ԱՄՆ-ի մշա­կած յա­րա­բե­րու­թիւ­նը ԵՓԿ-ի հետ։ «Պէտք է կարգ մը ո­րո­շում­ներ առ­նենք եւ այս պատ­ճա­ռով քննար­կում­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Դժուար նա­խընտ­րու­թիւն­ներ պէտք է ը­նել», ը­սաւ հիւր պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը։ Իր կար­գին, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգը-ծեց, որ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի ծի­րին մէջ պէտք է աշ­խա­տիլ ճիշդ ու օ­րի­նա­կան դե­րա­կա­տար­նե­րու հետ։

Ե­րէ­կուան քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ ՖԵ­ԹԷՕ-ի պա­րագ­լուխ Ֆեթ­հուլ­լահ Կիւ­լէ­նի Թուր­քիա ար­տա­յանձն­ման խնդի­րը։ Ան­գա­րա­յի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը հեր­թա­կան ան­գամ մատ­նան­շե­ցին ի­րենց սպա­սում­նե­րը։

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ռեքս Թի­լըր­սըն յար­գան­քի այց մըն ալ տուաւ Մեծն Ա­թա­թիւր­քի յու­շա­դամ­բա­նը։ Ան մատ­նան­շեց, որ կող­մե­րը պէտք է հա­մա­գոր­ծակ­ցին՝ կան­խե­լու հա­մար Ի­րա­նի կող­մէ տա­րած­քաշր­ջա­նին տրուե­լիք հա­ւա­նա­կան վնաս­նե­րը։ Իր խօս­քե­րով, ԵՓԿ եւ Ռաք­քա­յի պա­րա­գա­յին նա­խա­տես-ւած գոր­ծո­ղու­թեան շուրջ քննար­կում­նե­րը կազ­մե­ցին Ան­գա­րա­յի ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռանց­քը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լը կը գրէ, որ հիւր պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը յստակ խոս­տում­ներ չէ տուած քննար­կուած հրա­տապ խըն-դիր­նե­րուն շուրջ։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017