ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ՄԱՍԻՆ ՕՓԵՐԱՅ

Գա­նա­տա­ցի ե­րաժշ­տա­հան Ռոն Հան­նահ օ­փե­րայ գրած է Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի մա­սին։

Բե­մադ­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նաց­նե­լու նպա­տա­կով, Մշա­կու­թա­յին կրթու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, հե­ղի­նակ­նե­րը եւ խմբա­վար Յա­րու­թիւն Ար­զու­մա­նեան լսում­ներ ի­րա­կա­նա­ցու­ցած են Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րու եւ Ե­րե­ւա­նի ե­րաժշ­տա­կան, ա­րուես­տի դպրոց­նե­րու եւ այլ ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ: Իբ­րեւ ար­դիւնք ընտրուած են քա­մե­րա­յին նուա­գա­խում­բի ե­րա­ժիշտ­ներ, դե­րա­կա­տար­նե­րու եր­կու կազմ, ինչ­պէս նաեւ պա­րա­խումբ՝ կազմուած Ե­րե­ւա­նի Պա­րա­րուես­տի պե­տա­կան ա­կա­դե­միոյ սա­նե­րէն եւ երգ­չա­խումբ՝ կազ­մուած Ե­րե­ւա­նի Սպեն­դիա­րեա­նի ա­նուան ե­րաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի սա­նե­րէն:

«Լու­սա­ւո­րիչ» օ­փե­րա­յի ա­ռաջ­նա­խա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Յա­կոբ Պա­րո­նեա­նի ա­նուան ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­կեր­գու­թեան պե­տա­կան թատ­րո­նին մէջ: Օ­փե­րան նուի­րուած է Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չին եւ կ՚անդ­րա­դառ­նայ Խոր Վի­րա­պի մէջ ա­նոր ան­ցու­ցած տա­րի­նե­րուն:

Օ­փե­րա­յին բե­մա­կա­նա­ցու­մը կը նուի­րուի Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Աւստ­րիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան, Հա­յաս­տա­նի եւ Գա­նա­տա­յի մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հաս­տատ­ման 25-ա­մեակ­նե­րուն: «Լու­սա­ւո­րիչ» օ­փե­րան Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ «Ա­ջակ­ցու­թիւն մշա­կու­թա­յին կրթու­թեան» հիմ­նադ­րա­մին հա­մա­տեղ նա­խա­գիծն է:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017