ՇԸՐՆԱՔԻ ՄԷՋ 3 ՆԱՀԱՏԱԿ

Շըր­նա­քի մէջ այս ա­ռա­ւօտ նա­հա­տա­կուե­ցան ե­րեք զի­նուոր­ներ։ NTV-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Կա­պար լե­րան մեր­ձա­կայ­քին անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ կ՚ի­րա­կա­նաց­նէին ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան դէմ։ Այս ըն­թաց­քին խու­զարկ­ման աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած զի­նուոր­նե­րը յար­ձակ­ման են­թար­կուե­ցան՝ հե­ռա­կայ դրու­թեամբ պայ­թե­ցուած ռում­բով մը։ Դէպ­քին հե­տե­ւան­քով ե­րեք զի­նուոր նա­հա­տա­կուե­ցաւ, հինգ զի­նուոր ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։ Վի­րա­ւո­րեալ զի­նուոր­նե­րը ան­մի­ջա­պէս դար­ման­ման տակ առ­նուե­ցան Շըր­նա­քի Պե­տա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, վե­րո­յի­շեալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծի­րին մէջ հինգ ա­հա­բե­կիչ ալ սպան­նուե­ցաւ։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017