ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՅՈՐԴՈՐԸ ԹԵԼ ԱՒԻՒԻՆ. «ՄԵՆՔ ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՉԵՆՔ ՈՒԶԵՐ»

Վեր­ջին օ­րե­րուն ըն­թաց­քին, ինչ որ տե­ղի կ՚ու­նե­նար Սու­րիոյ երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, նո­րու­թիւն մը չէր: Խօս­քը կը վե­րա­բե­րի իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին կող­մէ կա­տա­րուած քա­նի մը գրոհ­նե­րուն, ո­րոնք թի­րախ ընտ­րած էին Սու­րիոյ բա­նա­կի տար­բեր դիր­քեր:

Խոր­քին մէջ իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժին հա­րուած­նե­րուն թի­րա­խը ո՛չ թէ սու­րիա­կան բա­նա­կին դիր­քերն էին, այլ՝ դէ­պի Լի­բա­նան ուղ­ղուած զէնք փո­խադ­րող բեռ­նա­տար կառ­քե­րը, ո­րոնց նպա­տակն էր «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ին զէնք մա­տա­կա­րա­րել:

Թել Ա­ւի­ւի զի­նուո­րա­կան մա­կար­դա­կի ղե­կա­վա­րու­թեան հա­մար «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի դէմ պա­տե­րազ­մի նա­խաս­կիզբ քայ­լը՝ այդ կու­սակ­ցու­թեան ռազ­մա­կան ու­նա­կու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կելն է: Ու այս ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը սկիզբ ա­ռած էր յատ­կա­պէս 2006 թուա­կա­նին, Իս­րա­յէ­լի Լի­բա­նա­նի դէմ շղթա­յա­զեր­ծուած թէժ պա­տե­րազ­մի ա­ւար­տէն ան­մի­ջա­պէս ետք:

Այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ պարզ կը դառ­նար, թէ հա­կա­ռակ իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի օ­դու­ժին ու­նե­ցած յստակ ա­ռա­ւե­լու­թան, անհ­նար էր «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը ծուն­կի բե­րել:

Այ­սօր այդ պա­տե­րազ­մէն ան­ցած է տասն­մէկ տա­րի: Այս մի­ջո­ցին Իս­րա­յէլ մղած է չորս պա­տե­րազմ­ներ (ո­րոնց ա­մե­նէն թէ­ժը՝ 2014 թուա­կա­նին), նպա­տակ ու­նե­նա­լով չէ­զո­քաց­նել Կա­զզէի մէջ տի­րա­պե­տու­թիւն հաս­տա­տած «Հա­մա­ս» շար­ժու­մի զի­նուո­րա­կան բո­լոր թե­ւե­րուն կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը: Սա­կայն Թել Ա­ւի­ւի բո­լոր ճի­գե­րը մնա­ցած են ա­նօ­գուտ: Թել Ա­ւի­ւի ար­տա­քին գլխա­ւոր թշնա­մին «Հա­մա­ս­»ը չէ, այլ լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը: Այս խնդրին շուրջ ալ իս­րա­յէ­լա­ցի մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ բա­ցա­յայտ կեր­պով յայ­տա­րա­րած են, որ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը սո­վո­րա­կան հա­կա­ռա­կորդ մը չէ, այլ ան կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի ան­դա­մա­լու­ծե­լու Իս­րա­յէ­լի հիւ­սի­սա­յին ամ­բողջ սահ­մա­նա­գի­ծը:

Ու նկա­տի առ­նե­լով այս ընդ­հա­նուր դրու­թիւ­նը, Թել Ա­ւիւ սկսած էր հա­մոզուիլ, որ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի զի­նուո­րա­կան կա­րո­ղու­թեան «չէ­զո­քաց­մա­ն» ա­ռա­ջին փու­լը սկիզբ պէտք է առ­նէ Սու­րիա­յէն, հա­րուա­ծե­լով այն շա­րա­սիւ­նե­րը, ո­րոնք ի­րա­նեան ար­դիա­կան զէն­քեր կը փո­խադ­րեն դէ­պի Պէյ­րութ:

2012 թուա­կա­նին, երբ Սու­րիոյ տագ­նա­պը սկսաւ ա­րիւ­նա­լի պա­տե­րազ­մի կեր­պա­րանք ստա­նալ, իս­րա­յէ­լա­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ ու­զե­ցին հա­ւա­տալ, որ շրջա­նին մէջ տի­րող տագ­նա­պա­լի ի­րադ­րու­թեան հե­տե­ւան­քով, ի­րենք պի­տի կա­րո­ղա­նան «ա­ւե­լի ա­րա­գ» եւ «ա­ւե­լի շեշ­տա­կի» հա­րուած­ներ տալ «ի­րա­նեան շա­րա­սիւն­նե­րու­ն»: Եւ այդ­պէս ալ ը­րին: Փաստ է, որ Սու­րիոյ պա­տե­րազ­մին թէ­ժա­նա­լուն զու­գա­հեռ, Թել Ա­ւի­ւի կոր­ծա­նիչ­ներ տաս­նեակ գրոհ­ներ կա­տա­րե­ցին Սու­րիոյ մէջ, այդ­պէ­սով հա­մո­զուե­լով, որ պի­տի կա­րո­ղա­նան գէթ «սա­ռեց­նե­լ» «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի զի­նուո­րա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն «հա­մալ­րու­մ­»ը:

Այս ա­ռու­մով ալ դժուար է յստակ կեր­պով պա­տաս­խա­նել այն հար­ցին, թէ ար­դեօք Իս­րա­յէլ կա­րո­ղա­ցա՞ւ հաս­նիլ իր նպա­տա­կին եւ ձե­ւով մը «ան­դա­մա­լու­ծե­լ» շիի կու­սակ­ցու­թեան զի­նուո­րա­կան շար­ժում­նե­րը:

Այդ հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը կրնայ ե­րե­ւիլ միայն լայ­նա­ծա­ւալ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին, տրուած ըլ­լա­լով, որ «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի ա­ռաջ­նորդ Սէ­յիտ Հա­սան Նաս­րալ­լա իր պատ­կե­րասփ­ռուած տար­բեր ե­լոյթ­նե­րուն ըն­թաց­քին չի մոռ­նար իր ա­ռաջ­նոր­դած կու­սակ­ցու­թեան ու­նե­ցած զի­նուո­րա­կան ար­դիա­կան մե­թոտ­նե­րուն մա­սին նշում­ներ ը­նել:

Վե­րա­դառ­նա­լով ան­ցեալ շա­բաթ­նե­րուն Սու­րիոյ մէջ ար­ձա­նագ­րուած ա­պա­հո­վա­կան դէպ­քե­րուն, ը­սենք, որ գրոհնե­րը տե­ղի կ՚ու­նե­նա­յին 3 եւ 21 Մար­տին:

Այս­պէս, 3 Մար­տին իս­րա­յէ­լեան օ­դու­ժի կոր­ծա­նիչ­նե­րը կը հա­րուա­ծէին Սու­րիոյ բա­նա­կի  շարք մը դիր­քեր: Այս մա­սին կը տե­ղե­կաց­նէր «Ռէօյ­թըր­զ» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը՝ հա­ղոր­դե­լով նաեւ, որ Սու­րիոյ բա­նա­կը հա­կազ­դած է իս­րա­յէ­լեան կոր­ծա­նիչ­նե­րուն եւ հրթիռ­ներ ար­ձա­կած՝ ա­նոնց ուղ­ղու­թեամբ: Ըստ իս­րա­յէ­լեան աղ­բիւր­նե­րու՝ Իս­րա­յէ­լի բա­նա­կի կոր­ծա­նիչ­նե­րը թի­րա­խա­ւո­րած էին դէ­պի Լի­բա­նան հրթիռ­ներ փո­խադ­րող շա­րա­սիւն մը: Այս տե­ղե­կու­թեան վե­րա­բե­րեալ ա­րա­բա­կան ո­րե­ւէ աղ­բիւր չէր հա­կազ­դած: Ըստ «Ալ Մա­յա­տի­ն» կա­յա­նին, սու­րիա­կան հրթիռ­նե­րէն մէ­կը կ՚իյ­նար Յոր­դա­նան-Իս­րա­յէլ սահ­մա­նա­յին հա­տուա­ծին վրայ, ին­չ որ պատ­ճառ կը դառ­նար իս­րա­յէ­լեան քա­ղաք­նե­րու մէջ ա­հա­զան­գա­յին սու­լիչ­նե­րու  ար­ձակ­ման:

Իսկ 21 Մար­տին սու­րիա­կան բա­նա­կը վար կ՚առ­նէր իս­րա­յէ­լեան ա­նօ­դա­չու սարք մը: Դէպ­քը կը պա­տա­հէր «Ալ Քը­նայթ­րա» սահ­մա­նա­յին հա­տուա­ծին վե­րեւ: Ա­ւե­լի ուշ կը յստա­կա­նար, թէ ա­նօ­դա­չու սար­քը Sky Lark տի­պի է եւ ան կը կշռէ 7 քի­լօկ­րամ:

17 Մար­տին ալ լրա­տուա­կան տար­բեր գոր­ծա­կա­լու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցէին, որ իս­րա­յէ­լեան կոր­ծա­նիչ մը վար առ­նուած է սու­րիա­կան հո­ղե­րուն վրայ, սա­կայն այդ լու­րը ա­ւե­լի ուշ կը հեր­քուէր:

Իս­րա­յէ­լի Վար­չա­պետ Պե­նիա­մին Նե­թա­նի­յա­հու (17 Մար­տին) խօ­սե­լով Սու­րիոյ մէջ կա­տա­րուած գրոհ­նե­րուն մա­սին՝ կը յայ­տա­րա­րէր. «Մեր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը հե­տե­ւո­ղա­կան է. «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ի ժա­մա­նա­կա­կից զէն­քի փո­խանց­ման փոր­ձե­րը յայտ­նա­բե­րե­լու պա­րա­գա­յին, եւ ե­թէ ու­նինք հե­տա­խու­զա­կան տուեալ­ներ, ե­թէ ու­նինք  հնա­րա­ւո­րու­թիւն, մենք աշ­խա­տանք կը կա­տա­րենք ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու նման զար­գա­ցու­մը կան­խե­լու հա­մա­ր»:

Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րուն զու­գա­հեռ, ա­մե­նէն ու­շագ­րաւ «շար­ժու­մ» կը հա­մա­րուէր Մոս­կուա­յի մօտ Իս­րա­յէ­լի դես­պան Կա­րի Քո­րի­նի Ռու­սաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն կան­չուի­լը: Այդ մա­սին պաշ­տօ­նա­կան Մոս­կուան ա­ւե­լի ուշ բա­ցատ­րու­թիւն մը տա­լով կը յայ­տա­րա­րէր, թէ ի­րենք «շատ մտա­հո­գ» են Սու­րիոյ մէջ ար­ձա­նագ­րուած դէպ­քե­րով ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Իս­րա­յէ­լի կող­մէ կա­տա­րուած գրոհ­նե­րով:

Ի տար­բե­րու­թիւն մօ­տիկ ան­ցեա­լի ի­րադ­րու­թեան, Մոս­կուա ա­ռա­ջին ան­գամն էր, որ նման «վրան բա­ց» յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս կու գար:

Մոս­կուա ցոյց կու տար, թէ յե­տայ­սու կը դադ­րի «չէ­զո­ք» դեր ու­նե­ցո­ղի իր նախ­կին վի­ճա­կէն եւ կը յայ­տա­րա­րէ, որ ի­րեն հա­մար նոյն­քան կա­րե­ւոր ու կեն­սա­կան են սու­րիա­կան բա­նա­կի դիր­քե­րը:

Ե­ղած «դի­ւա­նա­գի­տա­կան աք­թ­»ը ա­ռիթ կը հան­դի­սա­նար տար­բեր տե­սա­կի մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու: Յատ­կա­պէս իս­րա­յէ­լեան կող­մին հա­մար Մոս­կուա «պա­պէն ա­ւե­լի պա­պա­կա­ն» կե­ցուածք ըն­դու­նե­լով «դե­ղին քար­տ» ցոյց կու տար Թել Ա­ւի­ւի կա­ռա­վա­րու­թեան ու կը բա­ցատ­րէր, որ «խա­ղին կա­նոն­նե­րը փո­խուած ե­ն»: Իս­րա­յէ­լեան մա­մու­լի կա­րե­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն «Մաա­րի­վ­»ը այս նիւ­թին անդ­րա­դառ­նա­լով կը գրէր. «Ե­թէ Իս­րա­յէլ փոր­ձէ ան­գամ մը եւս հա­րուա­ծել սու­րիա­կան բա­նա­կի դիր­քե­րը, կամ դէ­պի Լի­բա­նան ուղ­ղուող եւ զի­նամ­թերք փո­խադ­րող շա­րա­սիւն­նե­րը, ա­պա շատ հա­ւա­նա­կան է, որ մեր բա­նա­կի կոր­ծա­նիչ­նե­րը դառ­նան ռու­սաս­տա­նեան օ­դա­յին անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գի իս­կա­կան թի­րա­խը»: «Մաա­րի­վ» ա­ռան­ձին չէր այս մօ­տե­ցու­մին մէջ: Իս­րա­յէ­լեան բա­նա­կի «վեր­լու­ծո­ղա­կան մտքի» կա­րե­ւոր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ նոյն­պէս հա­մո­զուած էին, որ ռու­սաս­տա­նեան ու­ժե­րու Սու­րիոյ մէջ ներ­կա­յու­թիւ­նը շատ բան փո­խած է ընդ­հա­նուր պատ­կե­րէն:

Ռու­սաս­տան-Իս­րա­յէլ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ընդ­հա­նուր շրջա­գի­ծին մէջ ու­շագ­րաւ է, որ Մոս­կուա այ­ցե­լած Իս­րա­յէ­լի վար­չա­պե­տը (9 Մարտ) մէկ տա­րուան ըն­թաց­քին Ռու­սաս­տան կ՚այ­ցե­լէր չոր­րորդ անգ­ամ ըլ­լա­լով: Ռու­սաս­տա­նեան կող­մին հա­մար ալ զար­մանք կը պատ­ճա­ռէր Նե­թա­նի­յա­հու­ի Մոս­կուա­յի մէջ կա­տա­րած «բա­րե­խիղ­ճ» յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ոչ մէկ ա­ղերս կ­­՚ու­նե­նա­յին ի­րա­կա­նու­թեան հետ: Ու այս բո­լո­րը պատ­ճառ կը դառ­նա­յին, որ Մոս­կուա ա­ւե­լի «ծանր լե­զու» մը գոր­ծա­ծէ Թել Ա­ւի­ւի հետ:

Ու այս բո­լո­րին լոյ­սին տակ շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Իս­րա­յէլ վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կէ Սու­րիոյ մէջ զի­նուո­րա­կան բա­ցա­յայտ հա­րուած­ներ կա­տա­րե­լու իր ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը:

Վար­չա­պետ Նե­թա­նի­յա­հու ան­հան­գիստ է այ­սօր ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կէն ու չէ բա­ցա­ռուած, որ ան ա­մէն գնով մտա­ծէ նոր ել­քե­րու մա­սին, ո­րոնց հիմ­նա­կան ա­ռա­ջադ­րան­քը պի­տի ըլ­լայ «ան­դա­մա­լու­ծե­լ» լի­բա­նա­նեան «Հիզ­պուլ­լա­հ­»ը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2017