ԶԻՋՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՄՔ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ հիմնարար սկզբունքները հիմնականին մէջ համաձայնեցուած են։ Ըստ իրեն, միջնորդներու աջակցութեան շնորհիւ Պաքու եւ Երեւան զգալիօրէն մօտեցուցած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ իրենց դիրքորոշումները եւ հիմնականին մէջ համաձայնեցուած են հիմնարար սկզբունքները։
Ատրպէյճանական մամուլէն թերթի մը մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ Սէրկէյ Լաւրով նշեց հետեւալը. «Անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք, որ խաղաղութիւնն ու անդորրը վերադառնան տարածքաշրջան՝ որպէսզի այնտեղ այլեւս մարդիկ չզոհուին, բացուին սահմանները, վերսկսին տնտեսական փոխանակումները։ Ասոր համար հնարաւոր ամէն բան կ՚ընենք։ Կ՚իրականացնենք մեր միջնորդական առաքելութիւնը՝ ինչպէս ինքնուրոյն, այնպէս ալ այլ երկիրներու՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներ Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսայի հետ։ Միջնորդներու աջակցութեան շնորհիւ կողմերը յաջողած են զգալիօրէն մօտեցնել շատ վիճելի նիւթերու շուրջ դիրքորոշումները։ Հիմնականին մէջ համաձայնեցուած են կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները»։
Յօդուածին մէջ Լաւրով շեշտած է, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան տարբեր ձեւով կը տեսնեն զանոնք կեանքի կոչելու յաջորդականութիւնը։ «Այդ առընչութեամբ մեր խնդիրն է, որ օգնենք կողմերուն՝ գտնել առկայ մշակումներու հիման վրայ հաւասարակշռուած որոշում մը», նշեց Լաւրով։ Բաց աստի, ռուս նախարարը յոյս յայտնեց, որ Պաքու եւ Երեւան պիտի կարենան փոխադարձ զիջումներու քաղաքական կամք ու պատրաստակամութիւն դրսեւորել։ «Սա անհրաժեշտ է, որպէսզի բանակցային գործընթացը ըլլայ արդիւնաւէտ։ Ի հարկէ, յառաջխաղացման կարեւոր պայմաններ կը մնան հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան ընդհանուր նուազեցումը եւ անոր լուծման ուժային փորձերէն հրաժարումը։ Իր հերթին, Ռուսաստան պատրաստ է աջակցիլ խնդրի լուծման տարբերակին, որ ընդունելի կ՚ըլլայ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն համար, իսկ պայմանաւորուածութեան ապահովման պարագային՝ միւս միջնորդներուն հետ ռուսական կողմը հանդէս կու գայ որպէս կարգաւորման երաշխաւոր», ընդգծեց ռուս նախարարը։
Բաց աստի, Սէրկէյ Լաւրով վերջին օրերուն «Նովոյէ Վրեմիա» թերթին յայտարարած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ մնացած են աւելի բարդ քանի մը հարցեր։ Ռուսաստան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ այս հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին։ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հետ ռուսական կողմը կը նպաստէ հասնիլ հակամարտութեան կայուն յաղթահարման։ «Շատ հարցերու շուրջ կարելի կ՚ըլլայ համաձայնութեան գալ։ Մնացած են քանի մը հարցեր, թէեւ աւելի բարդ հարցերը։ Սակայն ակնյայտ է, որ աշխատանքի արդիւնքը առաջին հերթին կախուած է կողմերու քաղաքական կամքէն, անոնց ճկունութիւն ցուցաբերելու պատրաստակամութենէն եւ փոխզիջումի որոշում առնելէն», ըսաւ ան։