ԱՐԱԳԱՑՄԱՆ ՊԱՀԱՆՋ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ հետապնդել Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքը վերադարձնելու ուղղեալ դատը, որու վերաբերեալ իրադարձութիւնները միշտ կը համարուին այժմէական։ Ծանօթ է, որ Անթիլիաս ներկայիս այս խնդիրը տեղափոխած է Եւրոպայի Մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։ Անթիլիասի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ այս թղթածրարի քննարկման համար արագացման պահանջ մը ներկայացուած է ԵՄԻԱ-ին։ Այսպէս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին անունով Անթիլիասի պատկան իրաւական յանձնախումբը նամակ մը ուղարկած է Եւրոպական դատարան։
Այս նամակին մէջ, ըստ էութեան, նշուած են երկու հիմնական կէտեր։ 7 Դեկտեմբեր 2016-ին Անթիլիաս այս գործին թղթածրարը ներկայացուցած էր ԵՄԻԱ։ Ներկայիս Անթիլիաս կը պահանջէ, որ Եւրոպական ատեանը այդ դատական թղթածրարը չյղէ Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն։ Այս պահանջին որպէս հիմնաւորում Անթիլիաս ԵՄԻԱ-ն հրաւիրած է նկատի ունենալ՝ «Թուրքիայէ ներս ստեղծուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներու խախտումը, ապօրէն վերաբերմունքը դատաւորներու եւ փաստաբաններու դէմ եւ ընդհանրապէս տիրող բռնատիրական կացութիւնը»։ Այսպէս, Անթիլիաս կացութիւնը համարած է մտահոգիչ եւ յիշեցուցած է, որ Եւրոխորհուրդի Մարդու իրաւանց յանձնաժողովի եւ Վենետիկի յանձնաժողովի ներկայացուցիչներուն կողմէ Փետրուարի 15-ին եւ Մարտի 13-ին արտայայտուած են մտահոգութիւններ, բազմաթիւ այլ երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու շարքին։
Երկրորդ կէտով Անթիլիաս առաջարկած է արագացնել այս դատավարութեան ընթացքը՝ ԵՄԻԱ-ի կանոնադրութեան 61-րդ յօդուածի տրամադրութիւններուն հիման վրայ։ Այս պահանջին պատճառաբանութիւնն ալ այն է, որ Թուրքիոյ կողմէ դատը մերժուած է եւ այս դատը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին համար։
Անթիլիասի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ Անթիլիասի իրաւական յանձնախումբը մօտէն կը հետեւի Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփական իրաւունքի հարցին շուրջ բացուած դատին։