ՇԷՅԽ ՕՄԱՐ ԱՊՏԻՒԼ ՌԱՀՄԱՆ ԿԱՄ ԵԳԻՊՏՈՍԻ «ԿՈՅՐ ԷՄԻՐ»Ը ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տասն տարի առաջ իր կնոջ ուղղած նամակին մէջ Օմար Ապտիւլ Ռահման կը բողոքէր, որ բանտապահները զինք մեկուսացուցած են եւ կտրած՝ արտաքին աշխարհի լուրերէն:
Այդ օրերուն էր նաեւ, որ ան «ներքին կարգ»ով կը հրապարակէր իր «յետմահու» կտակը, որուն գլխաւոր խնդրանք-կէտն էր մահանալէ ետք թաղուիլ իր հայրենիքին՝ Եգիպտոսի մէջ:
Ապտիւլ Ռահման իր կեանքի ողջ տեւողութեան պայքարի մէջ եղած է Եգիպտոսի իրերայաջորդ նախագահներ՝ Ճեմալ Ապտիւլ Նասըրի, Էնվէր Սետաթի եւ Մուհամմէտ Հիւսնիւ Միւպարէքի դէմ:
Երբ 1970 թուականին Եգիպտոսի նախագահ եւ այդ շրջանի «արաբականութեան ռահվիրայ» համարուող՝ Ճեմալ Ապտիւլ Նասըր կը փակէր իր աչքերը, Շէյխ Ապտիւլ Ռահման կը մերժէր աղօթք մը ընել անոր թաղման արարողութեան ընթացքին յայտարարելով, որ Ապտիւլ Նասըր նախագահ ըլլալէ աւելի երկրին համար «փարաւոն» մըն էր:
Այդ հանգրուանին էր, որ աչազուրկ կրօնաւորը, որ մինչ այդ տարբեր պաշտօններ վարած էր Եգիպտոսի «Ալ Ազհար» կրօնական հիմնարկի ենթակայութեան տակ գործող հաստատութիւններու մէջ, կ՚որոշէր շրջանի մը համար Սէուտական Արաբիա «գաղթել» եւ հոն զբաղիլ ուսուցչութեամբ:
«Արդիական իսլամ»ի մասին իր ըմբռնումները կ՚ամրագրուէին իսլամներու ակունքներուն մասին խորացուած ուսումնասիրութիւններով, որոնք աւելի ուշ պիտի դառնային Եգիպտոսի մէջ հիմնադրուած «Իսլամական համախմբում»ի ուսմունքի աղբիւրն ու ուղեցոյցը:
Ծնելէն տաս ամիսներ ետք իր տեսողութիւնը կորսնցուցած կրօնաւորին համար գլխաւոր թէզ էր Եգիպտոսը դնել «ճիշդ ուղի»ի մը վրայ եւ երկիրը կառավարել իսլամական հիմունքներով:
Սէուտական Արաբիայէն իր վերադարձին ան խստիւ կը քննադատէր Եգիպտոսին Իսրայէլի հետ կնքած «Քեմփ Տէյվիտ»ի համաձայնագիրը եւ «հաշտութեան դաշնագիր»ը կը համարէր պարտուողական:
Այդ շրջանին էր նաեւ, որ Ապտիւլ Ռահմանի շուրջ կը հաւաքուէին քաղաքական-իսլամի հանդէպ մեծ համակրանք եւ սէր ունեցող երիտասարդներու հոծ «բանակ» մը, որոնք աւելի ուշ պիտի դառնային ատաղձը «Իսլամական համախմբում» շարժումին:
Կրօնագաղափարական գետնի վրայ աճ արձանագրող եւ երկրին մէջ արմատ նետող քարոզչութիւնը երեւելի կը դառնար Եգիպտոսի նախագահ Էնվէր Սետաթի սպանութեամբ:
1981 թուականին իսլամական ըմբռնումներ կրող սպայ՝ Խալէտ Ալ Իսլամպուլի կրակ կը բանար Սետաթի վրայ եւ տեղն ու տեղը կը սպաննէր արաբական աշխարհի մէջ առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի հետ հաշտութեան համաձայնագիր ստորագրող նախագահը:
Սետաթը սպաննողն ու անոր գործակիցները կը ձերբակալուէին: Կը ձերբակալուէր նաեւ՝ Շէյխ Ապտիւլ Ռահման: Երկրի դատական մարմիններուն կողմէ կար մեղադրանք, որ իսլամ կրօնաւորը կը համարուի այդ ահաբեկչութիւնը կատարողներուն «հոգեւոր հայր»ը: Աւելի ուշ Ապտիւլ Ռահման եւս կը յայտնուէր բանտախուցի մէջ: Տեղի կ՚ունենար դատավարութիւն, որուն աւարտին ան դարձեալ կը յայտնուէր ազատութեան մէջ:
Այս դէպքերուն համընթաց հետզհետէ աճ կ՚արձանագրէր իսլամական գաղափարներու տէր «Իսլամական համախմբում»ը, որուն անդամները կու գային երկրի տարբեր համալսարաններէն: Այդ շարժումին համար հիմնական «թիրախ» կը դառնար Եգիպտոսի կրթական համակարգն ու հարիւրաւոր աքթիւիսթներ «կը նուիրուէին» իսլամութեան գաղափարներու տարածման:
Ապտիւլ Ռահման, որ շատ հաւանաբար հեռու էր կազմակերպչական աշխատանքներէ, կը դառնար այդ շարժումին «հոգեւոր հայր»ը: Անոր կարծիքով, հասած էր ժամանակը, որ լաիք հիմունքներով առաջնորդուող երկիրը անցնի իսլամական համակարգի մը, որուն հիմնական առաջադրանքը պիտի ըլլայ արդարութեան հաստատումը երկրի տարբեր ու զանազան ոլորտներուն մէջ:
Այս մօտեցումները անշուշտ որ դրական արձագանգ պիտի գտնէին երկրի չքաւոր դասակարգին մօտ, որ այդ օրերուն, ինչպէս եւ ցայսօր կը կազմէ Եգիպտոսի բնակչութեան մեծամասնութիւնը:
1981 թուականին իշխանութեան գլուխ կը հասնէր Հիւսնիւ Միւպարէք, որուն համար ամենէն առաջնային խնդիրն էր զսպել այդ շարժումը եւ փորձել լեզու գտնել իսլամամէտներուն հետ:
Ու այդ մօտեցման իբրեւ ազդանշան, Միւպարէքի ճիգերուն շնորհիւ երկրի իշխանութիւնները կը փորձէին «թուլացնել» մինչ այդ իսլամամէտներու դէմ «սեղմուած» օղակը:
«ԱԼ ՕՔՍՈՐ»Ի ՍՊԱՆԴԸ ԵՒ ԱՊՏԻՒԼ ՌԱՀՄԱՆԻ «ԻՆՔՆԱԿԱՄ ԱՔՍՈՐ»Ը
1997 թուականը առանցքային կը հանդիսանար «Իսլամական համախմբում»ին համար: Շարժումը, որ ունէր ներքին բաւական խոր տարակարծութիւններ, կ՚իրականացնէր իր ողջ պատմութեան ընթացքին ամենէն ծանր յանցագործութիւններէն մին:
1997 թուականի Նոյեմբերի 17-ին վեց իսլամամէտներ կը պաշարէին Ալ Օքսոր նահանգի «Տէյր պահրի» կոչուող շրջանէն անցնող եւ զբօսաշրջիկներ փոխադրող մարդատար կառքը ու կը սպաննէին յիսունութ անձեր:
Սպաննուողներուն մեծ մասը Զուիցերիոյ քաղաքացիներ էին: Դէպքը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէր նաեւ Եւրոպայի մէջ եւ Գահիրէ-Վիեննա յարաբերութիւնները կ՚ապրէին գերլարուած իրավիճակ մը: Դաշոյններով եւ հրացաններով զինուած զինեալները կը յաջողէին խոյս տալ դէպքի վայրէն: Աւելի ուշ ոստիկանութիւնը կը յաջողէր յայտնաբերել վեց զինեալներուն դիակները: Անոնք բաւական մութ պայմաններու տակ ինքնասպանութիւն գործելով մահացած էին շրջանի քարայրի մը մէջ:
Այս ծանր ահաբեկչութեան վերաբերեալ բաւական հակասական կարծիքներ կը հնչէին «Իսլամական համախմբման» երկու կարեւոր ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Մինչ շարժումի հիմնադիրներէն համարուող՝ Ռիֆահի Թահա կը յայտարարէր, որ դէպքը ծրագրուած ու իրականացուած է «Իսլամական համախմբում»ին կողմէ, անդին նոյն շարժումի այլ ղեկավար մը՝ Ուսամա Ռըշտի կը հերքէր Թահայի ըրած յայտարարութիւնները՝ ըսելով, որ «իրենք» ոչ մէկ կապ ունին դէպքին հետ:
Այս երկու ազդեցիկ ղեկավարներուն յայտարարութիւնները, բացայայտ կերպով ցոյց կու տային, թէ նոյն շարժումին մէջ արդէն իսկ գոյացած են տարբեր եւ շատ յաճախ հակոտնեայ տեսակէտներով զանազան մարմիններ:
Դէպքէն անմիջապէս ետք Եգիպտոսի ապահովական մարմինները կը շղթայազերծէին ձերբակալութիւններու մեծ ալիք մը, որուն հետեւանքով բանտերը կը նետուէին «Իսլամական համախմբում»ին հետ մօտէն կամ հեռուէն «որեւէ» կապ ունեցողներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
•շար. 1
Հարթակ
- 01/03/2025