ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱԼԵՔՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ ԵՒ ԼԻԱՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Վերջին օրերուն հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն Ալեքս Գալայճեան-Լիանա Գրիգորեան երիտասարդ ամոլը։ Շատ հաճելի զրոյց մը ունեցանք մեր հիւրերուն հետ, որոնք մեզի յայտնեցին, թէ համացանցի միջոցաւ անմիջականօրէն կը հետեւին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Ալեքս Գալայճեան ծնած է Հալէպի մէջ ապա անցած է Պէյրութ՝ ուսում ստանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճեմարանէն ներս։ Համալսարանական ուսումը Անգլիոյ մէջ կատարելագործելէ վերջ ան որոշած է հաստատուիլ Հայաստան։ Ներկայիս Երեւանի մէջ կը ծաւալէ բազմակողմանի գործունէութիւն։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան կաճառէն ներս ան գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Սփիւռքի հետազօտութիւններու բաժնէն ներս։ Միեւնոյն ժամանակ, որպէս սարկաւագ ծառայութիւն կը մատուցանէ Հայ Եկեղեցւոյ։ Ի լրումն այս բոլորին, միջազգային կազմակերպութեան մը մէջ ալ կ՚աշխատի Ալեքս Գալայճեան, որու կողակիցը՝ Լիանա Գրիգորեան եւս միջազգային կազմակերպութեան մը աշխատակիցն է։
Ալեքս Գալայճեան եւ Լիանա Գրիգորեան քաղաքս եկած էին մասնակցելու համար «Հրանդ Տինք» հիմնարկին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ծրագրի մը։ Անոնք մեզի յայտնեցին, որ իրենց կեցութեան օրերուն փափաքած էին ամպայման այցելել ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը եւ շնչել անոր մթնոլորտը։
Ջերմ զրոյցի տեւողութեան հիւրերը մանրամասնութիւններ քաղեցին թերթիս գործունէութեան շուրջ, ինչպէս նաեւ ծանօթացան մեր գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի դիտարկումներուն՝ համայնքային կեանքի զանազան երեսակներուն մասին։