«ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԻՒՆ» ՊԱՐԻ ՄՐՑՈՅԹԸ
Էսաեան սանուց միութեան եւ իր հովանիին ներքեւ գործող «Մարալ» համոյթին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Յաւերժութիւն» մրցոյթին աւարտականը երէկ տեղի ունեցաւ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Այս տարի երկրորդ անգամ կը կազմակերպուի միջվարժարանային այս պարի մրցոյթը։ Նկատի ունենալով, որ Էսաեան սանուց միութիւնը ներկայիս կը նշէ իր եօթանասունամեակը՝ «Յաւերժութիւն» մրցոյթը այս տարի ձօնուեցաւ սոյն յոբելեանին։
Ժպիտ Գալայճըի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ օրուան յայտագիրը, որու բացման «Մարալ» համոյթի թէ՛ բուն եւ թէ փոքրերու կազմերը հանդէս եկան ելոյթներով։ Մրցոյթի առաջին փուլին դատակազմին կողմէ պարտադիր համարուած «Պիթլիս» պարը աւարտական փուլին անգամ մը եւս ներկայացնելու իրաւունք շահած էին՝ Մէրամէթճեան, Արամեան-Ունճեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարաններու խումբերը։ Անոնց կողմէ «Պիթլիս» պարի վերջին ներկայացումներէն վերջ, մրցոյթի մասնակից միւս վարժարաններու ներկայացուցիչ խումբերը հանդէս եկան ազատ պարերով։ Դատակազմը աւելի վերջ ձեռնարկեց արժեւորման աշխատանքին։ Կարպիս Չափքան, Արամ Կոստանեան, Լեւոն Թապերեան, Սարեմ Շէշէթեան եւ Պանու Քուրտօղլու արժեւորեցին աշակերտներու պարերը։ Արդիւնքին, «Պիթլիս» պարտադիր պարը լաւագոյնս ներկայացուցած խումբերը համարուեցան՝ Սահակեան-Նունեան, Արամեան-Ունճեան եւ Մէրամէթճեան։ Ազատ պարերու մէջ ալ յաջողագոյնները հանդիսացան Գալֆաեան, Լեւոն-Վարդուհեան եւ Թարգմանչաց։
Պարգեւատրման արարողութիւնով ձեռնարկը հասաւ աւարտին, մինչ կազմակերպիչները Շիշլիի քաղաքապետութեան շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ սրահի տրամադրման բերումով։