ՀԱՊԿ-ԷՆ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ Հա­ւա­քա­կան անվ­տան­գու­թեան պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՀԱՊԿ) եր­կիր­նե­րու քայ­լե­րը անհ­րա­ժեշ­տօ­րէն պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցուին կա­րե­ւոր հար­ցե­րու մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ռու­սա­կան շարք մը լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Վի­գէն Սարգ­սեան բա­ցատ­րեց, որ ՀԱՊԿ Հա­յաս­տա­նի անվ­տան­գու­թեան տե­սա­կէ­տէ շատ կա­րե­ւոր հա­մա­կարգ մըն է։ Այս հան­գա­ման­քը ամ­րագ­րուած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ռազ­մա­վա­րու­թեան ու երկ­րի ռազ­մա­կան վար­դա­պե­տու­թեան մէջ։ «Մենք կը հա­մա­րուինք այդ կազ­մա­կեր­պու­թեան հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն մին եւ բնա­կա­նա­բար շատ կը գնա­հա­տենք այդ կա­ռոյ­ցին նե­րու­ժը», ը­սաւ Վի­գէն Սարգ­սեան։ Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ նա­խա­րա­րը ընդգ­ծեց, որ տա­կա­ւին կան բազ­մա­թիւ հար­ցեր՝ կա­պուած ՀԱՊԿ-ի շրջա­նակ­նե­րէն ներս ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան կա­րե­ւոր հար­ցե­րու մէջ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խա­նեց­ման հետ։ «Այս ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի ջան­քե­րով ի­րա­կա­նա­ցուած են ո­րոշ քայ­լեր։ Ի հար­կէ, կա­րե­ւոր է հասկ­նալ, որ ոչ միայն ՀԱՊԿ-ի, այլ նաեւ մի­ջազ­գա­յին այլ կա­ռոյց­նե­րու՝ նե­րա­ռեալ ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան դա­շինք­նե­րը, շատ լաւ ծա­նօթ են ի­րա­վի­ճակ­նե­րու, երբ նոյն կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ գոր­ծըն­կեր եր­կիր­նե­րը կրնան ու­նե­նալ ոչ միայն տար­բեր, այլ նաեւ եր­բեմն հա­կա­սա­կան դիր­քո­րո­շում­ներ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու մէջ։ Մենք կը կար­ծենք, որ սա կը թու­լաց­նէ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը, յատ­կա­պէս, երբ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րը շատ չեն։ Այս պատ­ճա­ռով ես կը կար­ծեմ, որ մենք տա­կա­ւին աշ­խա­տե­լու տեղ ու­նինք այս ուղ­ղու­թեամբ», ը­սաւ Վի­գէն Սարգ­սեան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան՝ Վի­գէն Սարգ­սեան ընդգ­ծեց, որ սա ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի հա­մար պայ­քա­րի օ­րի­նակ մըն է։ «Խօս­քը ժո­ղո­վուր­դի մը մա­սին է, որ ստի­պուած էր այդ ի­րա­ւուն­քը հաս­տա­տել զէն­քով, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր պա­տե­րազմ պար­տադ­րուած էր», ը­սաւ Վի­գէն Սարգ­սեան եւ ընդգծեց, որ հայ­կա­կան կող­մը միշտ բաց է հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն։ «Մենք աշ­խու­ժօ­րէն կը մաս­նակ­ցինք բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն, բայց կը հա­մա­րենք, որ լուծ­ման ճա­նա­պարհ գտնե­լու ո­րո­նում­նե­րը ու­ղիղ կապ ու­նին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի ճա­նաչ­ման եւ ա­նոր նկատ­մամբ յար­գան­քին հետ։ Բո­լոր մնա­ցեալ հար­ցե­րը, ո­րոնք գո­յու­թիւն ու­նին այս հա­մա­տես­քին մէջ, ա­ծան­ցուած են հիմ­նա­կան խնդրին։ Ա­նոնք պէտք է կար­գա­ւո­րուին՝ հա­շուի առ­նե­լով Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դի ան-վը­տան­գու­թիւ­նը եւ ա­զատ զար­գաց­ման ի­րա­ւուն­քը», ը­սաւ Պաշտպանութեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան։

Իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ Վի­գէն Սարգ­սեան ցա­ւով նկա­տեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի գոր­ծադ­րած ջան­քե­րը եր­բեմն կը ձա­խո­ղին Ատր­պէյ­ճա­նի պատ­ճա­ռով։ Ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճան մի­տուած չէ հա­կա­մար­տու­թեան լուծ­ման ո­րո­նում­նե­րուն։

«Ատր­պէյ­ճան մշտա­պէս կը ձգձգէ հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծու­մը՝ ա­ւելց­նե­լով սպա­ռա­զի­նու­թիւ­նը, տա­րա­ծե­լով հռե­տո­րա­բա­նու­թիւն բո­լոր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Ա­տե­լու­թեան այդ­պի­սի մա­կար­դա­կով, ի հար­կէ, ղա­րա­բա­ղեան հար­ցի մէջ սե­փա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը փոխ­զի­ջու­մա­յին լուծ­ման պատ­րաս­տել ուղ­ղա­կի անհ­նար է։ Մենք շատ լաւ կը հասկ­նանք, որ շատ դժուար է հա­մադ­րել բա­ցար­ձա­կա­պէս ի­րար­մէ տար­բեր հա­մա­կար­գե­րը, ո­րոնք գո­յու­թիւն ու­նին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ», եզ­րա­փա­կեց Վի­գէն Սարգ­սեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017