ԼԻԲԱՆԱՆ. «14 ՄԱՐՏ»Ի ՆԱՒԸ Կ՚ԸՆԿՂՄԻ՞
Այդ թուականներէն անցած են տասը «երկար» տարիներ: Երկար, որովհետեւ տարբեր առումներով երկիրը գերին կը դառնար քաղաքական ուժերու տարակարծութիւններուն եւ մեծ հարուած կը հասցուէր Լիբանանի տնտեսական, ընկերային, կրթական եւ մշակութային ոլորտներուն:
Այսօրուան ընդհանուր պատկերին մէջ տեսանելի է, որ Լիբանան մտած է ներքին համաձայնութիւններու հանգրուան մը, որուն բարձրակէտը պէտք է համարել 31 Հոկտեմբեր 2016 թուականին տեղի ունեցած (շուրջ երեք տարի նախագահական աթոռը թափուր պահելէ ետք) նախագահական ընտրութիւնը: Նախագահ զօրավար Միշէլ Աուն, որուն հանդէպ 14 Մարտի ուժերը մեծ հարցականներ ունէին, այսօր հանրութեան կը ներկայանայ որպէս «բոլորին հայր»:
Նախագահի ընտրութենէն ետք սկիզբ առած քաղաքական ժամանակաշրջանը կ՚ամրագրուէր Սաատ Հարիրիի վարչապետ դառնալով ու կառավարութիւն կազմելով:
Հակառակ շրջանային տագնապներու առկայութեան, Լիբանան կը շարունակէ պահպանել իր ներքին անդորրը:
Տարբեր առիթներով գրած ենք, որ Լիբանանի ներքին անվտանգութիւնը միջազգային հանրութեան կողմէ հովանաւորուած դրութիւն մըն է: Երբ 2006 թուականին Իսրայէլ 33-օրեայ պատերազմ կը մղէր Լիբանանի դէմ, նպատակ ունէր վերացնել «Հիզպուլլահ»ը: Ու ատկէ ետք է նաեւ, որ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումով՝ կ՚ամրագրուէր Իսրայէլ-Լիբանան սահմանին ապահովութիւնը:
Այս մէկը «արտաքին» ճակատին վրայ, իսկ ինչ կը վերաբերի «ներքին» ճակատին։ (էտք է նշմարել, որ Լիբանանի մէջ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող երկու «հակառակորդ բեւեւռներ»ը՝ Ռիատն ու Թեհրանը վերջին տարիներուն ու հակառակ իրենց ունեցած տարակարծութիւններուն, կը շարունակեն ամէն գնով սատարել երկրի ներքին կայուն իրավիճակի պահպանման:
Նախագահական ընտրութիւնը ու ապա Սաատ Հարիրիի քաղաքական հրապարակ վերադարձը մեծագոյն ցուցանիշն է արտաքին ազդակներու ներգոյակցութեան: Ու այս պատկերին վրայ ներկայ դրութիւնը կոչուած է շարունակուելու եւ շատ հաւանական է, որ լիբանանեան ճակատին վրայ երեւցած փոխըմբռնումները նոյնպէս տարածուին ու «վարակիչ» դառնան ամբողջ շրջանին համար:
Ռաֆիք Հարիրիի սպանութենէն հինգ տարի վերջ 2010 թուականին, ոչ ոքի համար կանխատեսելի էր, որ մինչ այդ իրարու դէմ հակակրանքով լեցուն կողմերը կրնային միասին նոյն կառավարութիւնը «կիսել»: Այսօր այդ կողմերը՝ Հարիրիի հիմնադրած «Ալ Մուսթաքպալ»ը եւ նախագահ Աունի ղեկավարած «Ազգային ազատ հոսանք»ը միասին կը փորձեն երկիրը առաջնորդել:
Աունի ընկալումները եւ անոր արաբական կամ աւելի ճիշդը՝ սիւննի պատուհանէ մը հարցերուն նայելու առանձնայատկութիւնը թոյլ տուին, որ մեծ տարակարծութիւններ ունեցող կողմերը դառնան «միջանկեալ համախոհներ»: Միջանկալ կ՚ըսեմ, որովհետեւ Լիբանանի համար կենսական համարուող խորհրդարանական ընտրութիւնները կարեւոր դեր պիտի կատարեն քաղաքական համայնապատկերի բիւրեղացման առումով:
Լիբանանի քաղաքական կողմերուն համար առկայ տարակարծութիւնները «արտաքին» բնոյթ ունին եւ ինչպէս Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներու համար, նոյնպէս Լիբանանի համար մեծագոյն գործօն կը համարուի Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմն ու հոն «հրդեհուած» տագնապը, որուն աւարտը կամ հանգուցալուծումը կարեւոր ազդակ պիտի դառնայ երկրին համար:
Իր ամենէն «փայլուն օրեր»ուն 14 Մարտի քաղաքական ուժերուն համար հիմնական հակառակորդը Սուրիոյ իշխանութիւնն էր: Այսօր ալ այդ հակակրանքը կայ եւ այդ տարակարծութեան շերտերուն մէջ կայ նաեւ արաբական աշխարհին ընդհանուր հակառակութիւնը Սուրիոյ նախագահին դէմ: Արաբներու մեծամասնութեան համար Սուրիոյ նախագահը «անբաղձալի տարր» է: Այստեղ է նաեւ, որ 14 Մարտի քաղաքական ուժերը «իրենց սնունդ»ը կը ստանան սիւննի աշխարհէն:
Բայց այստեղ նշմարելի է, որ նոյն քաղաքական թեւին ծննդոցի օրերուն ընդհանուր իրադրութիւնը աւելի վերահսկելի էր, քան ինչ որ է այսօր: Ու հակառակ այդ հանգամանքին, Լիբանան կը շարունակէ դանդաղ, բայց հաստատ քայլերով թիավարել:
14 Մարտի քաղաքական ուժերը, որ այսօր կը գտնուին «մերձ ի մահ» վիճակի մը մէջ, կոչուած են վերատեսութեան ենթարկել իրենց ամբողջ արժեհամակարգը:
Այդ ուժերը տարբեր առիթներով արեան գին վճարեցին հաստատուն մնալու համար իրենց կեցուածքներուն մէջ: Սակայն այսօր տարբեր է: Քաղաքական կեանքի ընդհանուր դրուածքներուն մէջ ալ մշտական զոհի, կամ զոհ տուածի հոգեբանութիւնը կրնայ բախիլ «ռէէլ փոլիթիք»ի կանոններուն հետ:
Ու եթէ արագ համեմատական մը կատարենք մօտիկ անցեալի ընդհանուր դրութեան հետ, յստակօրէն կ՚ուրուագծուի, որ Միջին Արեւելքը յայտնուած է նոր անցման փուլի մը առջեւ:
Լիբանանցի հասարակութեան կարեւոր մասին համար այսօր ընդունելի չէ, որ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ը կը շարունակէ մասնակցիլ Սուրիոյ պատերազմին: Բացի այդ ալ կայ Թեհրանի դերին հանդէպ առկայ ընդհանուր հակակրանքը, որուն արմատները «ներլիբանանեան» չեն: Բայց այս բոլորէն անդին կայ Մոսկուայի դէպի Միջին Արեւելք «մեծ վերադարձ»ը: Վերադարձ մը, որ անպայման պէտք չէ դիտարկել որպէս Թեհրանի համար եղող միջամտութիւն կամ վերադարձ, այլ աւելի՛ն:
Այս ծիրին մէջ է նաեւ, որ Լիբանանի մարոնիթները, որոնք կը համարուին Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու շարժիչ ուժ, յառած են դէպի հեռաւոր Մոսկուա:
Վստահաբար բացուողը նոր փուլ մըն է, որուն մէջ զգալի պիտի դառնայ «արաբական գարուն»ը «կերտող» ուժերուն բացակայութիւնը:
Այդ բացակայութիւնը կրնայ համարուիլ ճարահատ պարտութիւն, բայց եւ այնպէս դեռ վաղ է այդ առումով եզրակացութիւններ կատարել:
Մէկ բան յստակ է, որ Լիբանանի գերիշխանութեան դրօշակով հրապարակ ելած ուժերը, որոնք բոլորուած էին 14 Մարտի անուան տակ, այսօր կ՚ապրին մեծ յուսաբեկումներու հանգրուան մը:
Անոնց մեծ նաւը՝ «արաբական գարնան» նաւը մտած է ընկղմելու փուլ ու այդ պատճառով է նաեւ, որ այդ քաղաքական թեւին հիմնական ուժերը բաւական ժամանակ առաջ խոյս տուած են «մեծ ալիքներու» զարնուած եւ ընկղմելու պատրաստ նաւէն:
Այսօր առկայ ընդհանուր իրավիճակի լոյսին տակ հասկնալի կը դառնայ, որ մինչ երէկ քաղաքական կեանքը յառաջ կը մղուէր երկու «հակասական» ուժերու՝ 8 եւ 14 Մարտի «բախումներով», այսօր արդէն կը կառավարուի բոլորովին տարբեր ձեւաչափերով: Յստակ է, որ երկրին մէջ նախկին լարուածութիւնը չկայ ու այսպէս ըսած՝ «արեւմտեան դրօշ» ծածանող «քաղաքական ճարտարապետներ»ուն դերը մտած է նոր փուլ:
Սիւննի թեւին համար Սուրիոյ իշխանութիւնները կը շարունակեն մնալ «անբաղձալի», բայց եւ այնպէս այդ մօտեցումը չի խանգարեր, որ երկրի վարչապետին՝ Սաատ Հարիրիին առաջնորդած՝ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքը «բանակցութիւններ»ու աւելի քան քառասուն նիստ կայացնէ «Հիզպուլլահ»ին հետ: Ու մինչ «արաբական գարնան» նախկին շեփորահարները հետզհետէ կը ստուերանան, յստակ է նաեւ, որ երկրի գլխաւոր ուժերը վճռած են ամէն գնով զայն ղեկավարել «խաղաղ պայմաններու» մէջ:
Այս բոլորին լոյսին տակ յստակ է նաեւ, որ մօտիկ անցեալին, որպէս 8 եւ 14 Մարտի գլխաւոր առաջնորդ համարուող գործիչները կը շարունակեն պահել իրենց «առաջնակարգ» դիրքերը:
Թերեւս անուանումները փոխուած են, ստեղծուած են նոր դաշինքներ եւ քաղաքական հրապարակի «կարկանդակ»ը «կիսուած է» հաւասարազօր բաժիններու:
Լիբանանը այսօր ալ ունի բաւական բարդ հարցեր, որոնց ամենէն էականը սուրիացի փախստականներուն հարցն է: Ասոր վրայ պէտք է գումարել երկրի տնտեսական տագնապը, անգործութիւնը ու աշխատաւոր խաւին ամսավճարներու յաւելման խնդիրը:
Այս ընդհանուր իրավիճակին մէջ չէ բացառուած նաեւ, որ Լիբանանի յառաջիկայ տագնապները բխին երկրի խորքէն ու աշխատաւորական խաւերուն շուրջ բոլորուող քաղաքացիական հասարակութիւնը դառնայ հիմնական ուժ երկրին մէջ նոր օրակարգ կազմելու համար:
Յիշեցման կարգով պէտք է նշել 2015 թուականի ամրան տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը, որոնք երկրիրը կրնային դնել բաւական սուր տագնապներու առջեւ:
Հոն բացակայողը քաղաքական «մեծ յորդոր»ներն էին ու ներկայ եղողը լիբանանցի պարզ քաղաքացիին մտահոգութիւններն ու խնդիրները, որոնք հիմնուած էին շատ արդար եւ իրաւացի պահանջներու վրայ:
Ի վերջոյ 14 Մարտի քաղաքական ուժերը կամ որեւէ քաղաքական ուժ այսօր ստիպուած է վերատեսութեան ենթարկել իր տեսութիւնները, որովհետեւ Լիբանանի ներքին ու կենցաղային հարցերը սկսած են շատ աւելի հնչեղութիւն ունեցող հարցեր դառնալ, քան իսրայէլա-արաբական հակամարտութիւնը, կամ Ռիատ-Թեհրան բազմաբնոյթ լարումները:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
•շար. 2 եւ վերջ
Հարթակ
- 01/03/2025