ԲԱՑ ՆԱՄԱԿ ԳԵՐՇ. Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՊԵՔՃԵԱՆԻՆ (Հոգեւոր Առաջնորդ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի)
Նախկին պոլսահայ լրագրող Գէորգ Պիւյիւքյակոբեան, որ ներկայիս բնակչութիւն հաստատած է Լոս Անճելըսի մէջ, Պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ առկայ փակուղիին շուրջ գրութիւն մը ուղարկած է խմբագրութեանս։ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին ուղղեալ բաց նամակ մըն է այս մէկը, որու բովանդակութիւնը կը ցոլացնէ հեղինակի անձնական հայեացքը։ Նկատի ունենալով, որ արտասահմանի նախկին պոլսահայերը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ներկայ տագնապալի կացութեան եւ հրատապ իրադարձութիւններուն՝ Գէորգ Պիւյիւքյակոբեանի այս գրութիւնը կը հրատարակենք ցոլացնելու համար այդ մթնոլորտը եւ նպաստելու համար ընդհանուր պատկերացումի մը ձեւաւորման՝ յիշեալ հարթակներուն վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած կարծիքներուն շուրջ։ Այս նամակին բովանդակած բոլոր մօտեցումները համահունչ չեն խմբագրութեանս վերաբերմունքին՝ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին մասին։ Ստորեւ, առանց մեկնաբանութեան ու նոյնութեամբ տեղ կու տանք սոյն գրութեան՝ հաշուի առնելով նաեւ, որ հեղինակը նախկին պոլսահայ պաշտօնակից մըն է։
Սիրելի Սրբազան Հայր,
Ես Ձեզ ճանչցայ ճիշդ 53 տարի առաջ, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ վերաշինութեան յաջորդող օծման եւ Ս. Պատարագին առթիւ։ Այդ օր հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք հանդերձեալ էր Ս. Պատարագը մատուցանելու եւ դուք իբրեւ Տիգրան Սրկ. Պեքճեան կը կատարէիք սարկաւագի բաժինը կրտսեր եւ երէց եղբայրներու հետ միասին։
Յետոյ տարի մը վերջ տեղեակ դարձանք, թէ ուրախութեան մեծ ալիք մը ստեղծուած էր մանաւանդ Սկիւտարի մեր զոյգ եկեղեցիներուն մէջ։ Հետաքրքրուեցանք եւ ուզեցինք ներկայ գտնուիլ ու ելանք գացինք Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցին, ուր հնարը չկար նոյնիսկ եկեղեցիէն ներս մտնելու, հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեան պատճառաւ։ Բայց երիտասարդութեան մեզի տուած համարձակութեամբ կրցանք հասնիլ մինչեւ դասի մօտերը։ Դուք՝ Տիգրան, Երուանդ ու Ստեփան սարկաւագներ, խորան բարձրացած, սքանչելի ու իմաստալից ներդաշնակ արարողութիւններու հետեւողութեամբ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաք, Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։ Ձեզի տրուեցաւ նախ փիլոն, շուրջառ, պատարագաւորի հանդերձանք եւ սաղաւարտ։ Երգեցողութիւններէն յայտնի կÿըլլար, թէ շարքը հասած էր քահանայական օծման արարողութեան։ Այդ շրջանին ժողովուրդին մէջ լռութիւն մը տիրեց, պահը եկած էր անուանակոչութեան, բոլորս անհամբերութեամբ կը սպասէինք։ Հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք նախ մօտեցաւ Ձեզի ու Ձեր ճակատը օծեց Ս. Միւռոնով ու Ձեզ անուանեց՝ Տէր Գարեգին, որ պիտի ներկայացնէիք հոգելոյս Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանը։ Յաջորդ օծակիցն անուանեց՝ Տէր Խաչատուր, յիշեցնելու համար Ս. Խաչ դպրեվանքը ու երրորդը՝ Տէր Պսակ, որ պիտի յիշեցնէր այս ժողովուրդին փափաքներուն եւ իղձերուն պսակումը։ Յանկարծ փոքրիկ դպիրներ սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին եկեղեցւոյ մէջ։ Աղաւնիներէն մին եկեղեցւոյ կամարներուն տակ շրջելէ վերջ եկաւ թառեցաւ Ձեր գլխուն վերեւ։ Անբացատրելի տեսարան մըն էր, հաւատացեալներու աչքերէն արցունք կը հոսէր, կÿըսէին, թէ Քրիստոսի հոգին աղաւնիի կերպարանքով իջած էր Ձեր վրայ։
Այո՛ Սրբազան Հայր, մենք Ձեզի հետ միասին ապրեցանք այդ օրերը։ Չեմ գիտեր մեզի հետ միասին այս պահերը ապրող քանի՞ հոգի պիտի վերյիշէ այս բոլոր մանրամասնութիւնները ու մասնաւորաբար այդ երանելի օրերու անբացատրելի երջանկութիւնը։ Այդ օրերէն սկսեալ Ձեր լուրերուն հետեւեցանք մեր մամուլին միջոցաւ։ Որովհետեւ Դուք Ձեր ուսումը շարունակելու համար արտասահման մեկնած էիք։ Աւելի վերջ եպիսկոպոս օծուեցած ու դարձաք Գերմանիոյ Հայոց Թեմի հոգեւոր առաջնորդը։
Այս պաշտօնը բծախնդրօրէն կը վարէք երկար տարիներէ ի վեր, ատեն ատեն անշուշտ այցելելով Ձեր ծննդավայրը՝ Պոլիս։ Այս օրերուն եւս կը տեսնենք Ձեզ այս պատմական քաղաքին մէջ, Ձեր սիրելիներուն հետ համախմբուած։
Այո՛, Դուք այս օրերուն կը գտնուիք Պոլիս, բացառիկ պատեհութեամբ մը, որ Ձեր արդար իրաւունքն է դառնալ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Աթոռի թեկնածու։ Քանի որ վերջին տարիներուն Մեսրոպ Պատրիարքի անհանգստութեան պատճառաւ Պոլսոյ Պատրիարքութեան Աթոռը կÿապրէր խառնակ օրեր։
Մեսրոպ Պատրիարքի հիւանդանոց փոխադրուած օրերէն ասդին կարելի է ըսել, թէ բաւականաչափ սխալ կարգադրութիւններ կատարուեցան ո՛չ միայն հոգեւորականներու, այլ նաեւ աշխարհական պատասխանատուներու կողմէ ու այս դժուարութիւնները բազմապատկուելով վերածուեցան թնճուկի։ Թէեւ Դուք այս թնճուկի սկզբնական շրջանին մաս չէիք կազմած ու դեր մը չունեցաք, բայց դէպքերու յաջորդականութեան եթէ նայինք, նոյնիսկ անզգալաբար անգամ ըլլայ, Դուք ալ հետագային մաս կազմեցիք այս թնճուկին։
Ձեր կրտսեր եղբայրը իր հոգեկան խառնուածքին ու թերեւս կուսակրօնութեան հոգեկան դժուարութիւններուն իբրեւ արդիւնք, անտեղի ու անիմաստ պոռթկում մը ունեցաւ իր երէց եղբօրը նկատմամբ ու յառաջ բերաւ անարդար աղմուկ մը, որ անվայել ընթացք մըն էր բարձրաստիճան հոգեւորականի մը համար։ Դուք ալ այս աղմուկին մաս կազմելով փոխանակ իբրեւ երէց իշխանաւոր, Ձեր միջեւ հասարակաց եզր մը գտնելու եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատիւը բարձր պահելու, այս մասին օգնութիւնը խնդրեցիք Վեհափառ Հայրապետին։ Վեհափառ Հայրապետը Ձեզ իր քով հրաւիրելով անզգալաբար իր յորդորները հաղորդեց, բնաւ նկատի չառնելով Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընտրութեան նախընթացները ու նաեւ Պետութեան հետ համայնքին ու Պատրիարքարանին փոխադարձ փափուկ յարաբերութիւնները։
Աւելի պարզ ձեւով մը ըսել կÿուզեմ, թէ 1960-ին Պետութիւնը մինչեւ այս թուականը մասամբ գործադրելի Ազգային Սահմանադրութիւնը ամբողջութեամբ ջնջեց։ Ազգային Սահմանադրութիւնը միակողմանի ջնջուած ըլլալով հանդերձ այսօր եւս կը գործածենք «մեր եկեղեցական աւանդութիւն եւ սովորութիւնները» բացատրութիւնը. Örf ve adet թրքերէն ասութեամբ։ Այդ թուականէն վերջ կատարեցինք երեք պատրիարքական ընտրութիւններ։ Շնորհք Պատրիարքի (1961), Գարեգին Պատրիարքի (1990) եւ Մեսրոպ Պատրիարքի (1998) ընտրութիւնները։ Այս երեք պատրիարքական ընտրութիւններն ալ ուզեցինք կատարել մեր ջնջուած «եկեղեցական աւանդութիւն եւ սովորութիւններու» համաձայն։
Այդ երեք ընտրութիւններու ընթացքին ալ Պետութիւնը բարեացակամ գտնուեցաւ եւ կամ կրնանք ըսել, թէ նկատի առնելով, որ որչափ որ ալ նոր կանոնագիր մը չէ պատրաստուած, Նախարարաց խորհուրդի որոշումով ու «մէկ անգամուան համար» ասութեամբ յաջորդաբար արտօնութիւն տուաւ։ Այս պայմաններու տակ կատարուած եղան երեք պատրիարքներու ընտրութիւնները։ Աւելցնենք, թէ այս երեք պատրիարքներու շրջանին ալ տեղապահ ընտրելու անհրաժեշտութիւն մը խնդրոյ առարկայ չեղաւ, քանի որ միշտ ունեցած էինք պատրիարքական փոխանորդ մը։
Եթէ նայինք վերջին տարիներու ու նաեւ մանաւանդ այսօրուան կացութեան, պատրիարքական ընտրութիւնը մտած է փակուղիի մը մէջ։
Ինչպէ՛ս։ Քանի որ Պետութեան կողմէ վաւերացուած փոխանորդ մը ունէինք, ինչո՞ւ տեղապահ մը ընտրելու որոշում առնուեցաւ։ Այս որոշումն ալ նախորդ սխալ որոշումներու շարանին մաս կազմած եղաւ։ Անպատասխանատու կամ անփորձ անձեր յայտարարեցին, թէ Պետութիւնը մեր ընտրութիւններուն խառ-նըւելու իրաւունք չունի։ Այստեղ կար ըմբռնումի պակաս մը, որ նկատելի էր եւ կը կարօտէր Ըսենք, թէ պատգամաւորներու ընտրութենէն վերջ, պատգամաւորները ազատ են իրենց քուէները կեդրոնացնելու պատրիարքական ոեւէ թեկնածուի մը, այս կէտին մէջ Պետութիւնը խառնուելու որեւէ իրաւունք չունի, համաձայն ենք։ Բայց, Պետութիւնը իրաւունք ունի պատգամաւորներու ընտրութեան առթիւ ընտրութեան կանոնագրի բոլոր յօդուածներուն անթերի գործադրութիւնը ապահովելու։ Ընտրութեան հսկելու, ապահովելու, որ ժողովուրդը խաղաղ մթնոլորտի մէջ գործածէ իր քուէները։ Պարտականութիւն ունի անիրաւութիւն եւ խարդախութիւններու առաջքը առնելու եւ ընտրողներու բոլոր իրաւունքները հաւասարապէս պաշտպանելու եւ վերջապէս ընտրութիւններուն ժողովրդավար սկզբունքներու հիման վրայ կատարումը իրագործելու։ Այս բոլորը ապահովելու համար է, որ դիմում կը կատարուի պետութեան, որպէսզի ընթացք տայ ու պաշտօնի կոչէ ապահովութեան համակարգը եւ գործադրուի կանոնագրի անթերի գործադրութիւնը, որպէսզի պաշտօնականութիւն ստանան ընտրուողները։
Քիչ առաջ ըսի, թէ անհրաժեշտութիւն մը չէր տեղապահի մը ընտրութիւնը։ Այո, հոգեւորականները իրենց քուէները Ձեզի կեդրոնացուցին, բայց ի՞նչ իմաստ ունէին այդ քուէները, որոնք պիտի չարժանանային վաւերացումի։ Այս կը նշանակէ, թէ իրաւականօրէն ընտրութիւնը չեղեալ նկատուեցաւ Պետութեան կողմէ։ Այս պարագային Ձեզի հրաժարելու հրաւիրելն ալ անիմաստ է։ Եթէ մէկու մը պաշտօնը վաւերականութեան չարժանանար, ինչպէ՞ս կարելի է իրեն ըսել, թէ «հրաժարէ»։ Յետոյ Պետութեան աչքին առջեւ ինչ իմաստ ունէին «փոխանորդ» կամ «տեղապահ» անունները. երկուքին ալ պաշտօնը նոյնը պիտի ըլլար։ Այդ էր դիմում մը կատարել Կուսակալութեան, որպէսզի արտօնուի ձեռնարկել պատրիարքական ընտրութեան։ Այսքան։ Եթէ Դուք պետութեան կողմէ վաւերացուած չէք, ինչպէ՞ս կրնաք նամակ կամ պաշտօնական դիմում մը կատարել Պետութեան եւ սպասել, թէ Ձեզ խօսակից ընդունի եւ պատասխանէ։ Այնպէս որ Ձեր անուան առջեւ «տեղապահ» բառի գործածութիւնն անգամ անիմաստ է։
Հարկաւ որ Պետութիւնը ունէր շատ աւելի կարեւոր հարցեր, պիտի չուզէր զբաղիլ այսպիսի քաշքշուքներով, կամ բառական անուանումներով, որովհետեւ Պետութեան համակարգը մանաւանդ այս օրերուն առաւել ճիգ կը թափէ յաղթական դուրս գալու համար Սահմանադրութեան փոփոխութեան հանրաքուէէն։ Երկրի նախագահը արդէն յայտնած էր Պետութեան տրամադրութիւնը, պէտք չէ՞ր որ քանի ինն տարի սպասեր ենք, սպասէինք քանի մը ամիս եւս։
Այս բոլորէն վերջ, իբրեւ Ձեր կրտսեր եղբայրը, որդիաբար Ձեզի կը թելադրեմ, որ վերադառնաք Ձեր առաջնորդութեան պաշտօնին ու սպասէք մինչեւ որ յայտնի դառնայ պատրիարքական ընտրութեան թուականը ու կարգադրութիւնները։ Ապա վերադարձէք Պոլիս եւ Ձեր թեկնածութիւնը պահեցէք, ինչ որ ձեր արդար իրաւունքն է։
Երկրորդ՝ ըսեմ, թէ բնաւ մի՛ տարուիք ու մի՛ մտնէք Ձեր կրտսեր եղբօրը ի ներքուստ սակարկութիւններուն ու ծուղակին մէջ, Դուք ունիք տիպար հոգեւորականի մը անունն ու կեցուածքը։ Ձեր ետին ունիք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասարկութեան յիսուն երկար տարիներու անցեալը։ Այդ ծառայութեան բերած պատիւն ու սէրը ու յարգանքի պարտադրութիւնը Ձեր շուրջիններուն։
Որդիական ակնածանօք՝
ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ