ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թավ­րան եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Մա­ղա­քիա Ա­բե­ղայ Պես­քի­սի­զեան եւս ներ­կայ գտնուե­ցաւ հան­դիպ­ման։ Ապ­րի­լի 23-ին նա­խա­տե­սուած է այս ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ Թա­ղա­կան­նե­րը խնդրե­ցին, որ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը նա­խա­գա­հէ օ­րուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Ա­նոնք միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­ցին թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ըն­թա­ցիկ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ, մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից եր­բեմ­նի վար­ժա­րա­նի շէն­քի ար­ժե­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­նագ­րուած զար­գա­ցում­նե­րուն վրայ։ 

Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը սի­րով ըն­դա­ռա­ջեց թա­ղա­կան­նե­րու խնդրան­քին, գնա­հա­տեց Գում­գա­բուի Դրսի ե­կե­ղե­ցիէն ներս տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ փո­խան­ցեց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներն ու օրհ­նու­թիւն­նե­րը։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017