ՆՈՐ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԸ…

Որ­քան որ ար­հես­տա­գիու­թեան մի­ջոց­նե­րը մեզ կը հե­ռաց­նեն շատ սի­րե­լի ժան­րէ մը՝ նա­մա­կա­նիէն, այն­քան հա­րա­զատ ու փայ­փա­յուած կը դառ­նայ գրա­կան այդ ժան­րը, որ դա­րեր շա­րու­նակ ե­ղած է կեն­սու­նակ. մե­ծե­րուն եւ պարզ մար­դոց նա­մակ­նե­րուն մի­ջո­ցաւ մենք կրցած ենք տես­նել ա­նոնց ապ­րած ժա­մա­նա­կը: Որ­քան յոյ­զեր, ապ­րում­ներ, սպա­սում եւ խորհր­դա­ւո­րու­թիւն կայ թուղ­թին վրայ գրուած, պա­հա­րա­նին մէջ դրուած եւ թղթա­տա­րու­թեամբ ա­ռա­քուած նա­մակ­նե­րուն մէջ: Նա­մակ­նե­րը, մա­նա­ւա՛նդ գրո­ղի մը ժա­ռան­գու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մա­սը կը կազ­մեն եւ յա­ճախ կը նե­րա­ռուին ա­նոր հա­տոր­նե­րուն մէջ:

Ա­հա­ւա­սիկ, օ­րերս Ե­րե­ւա­նի մէջ նման հա­տո­րի մը շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ ե­ղանք: Լոյս տե­սած է հայ­րե­նի գրող՝ «Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը» խո­րագ­րով գիր­քը, որ կազ­մած է լրագ­րող, հրա­պա­րա­կա­խօս՝ Լի­լիթ Ա­ւա­գեան: Գիր­քը լոյս տե­սած է «Գա­լուստ Կիւլ­պէն­կեա­ն» հիմ­նադ­րա­մի ա­ջակ­ցու­թեամբ, իսկ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը:

Լի­լիթ Ա­ւա­գեա­նի կա­պը այս ար­ժէ­քա­ւոր հա­տո­րին հետ հե­տե­ւեալն է. Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը կազ­մած եւ խմբագ­րած է Լի­լիթ Ա­ւա­գեա­նի մեծ­մայ­րը՝ գրա­կա­նա­գէտ Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեա­ն (1912-1991), որ ե­ղած է Չա­րեն­ցի ա­նուան Գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի հիմ­նար­կին եր­կա­րա­մեայ աշ­խա­տա­կի­ցը: Ան մե­նագ­րու­թիւն­նե­րու, յօ­դուած­նե­րու հե­ղի­նակ է, իսկ կեան­քի վեր­ջին տա­րի­նե­րը՝ Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեան նուի­րած է Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը հա­ւա­քե­լու, կազ­մե­լու ու խմբագ­րե­լու աշ­խա­տան­քին, զոր կա­տա­րած է խնամ­քով եւ ջա­նա­սի­րա­բար:

1991 թուա­կա­նին գիր­քը ար­դէն տպա­րան հա­սած էր, պատ­րաստ էր տպագ­րու­թեան, սա­կայն Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեան կը հե­ռա­նայ կեան­քէն եւ այդ տա­րի­նե­րուն վրայ կը հաս­նին նիւ­թա­կան ու այլ դժուա­րու­թիւն­ներ, երկ­րին վի­ճա­կը այն­պի­սին կը դառ­նայ, որ պե­տու­թիւ­նը ի վի­ճա­կի չ­­՚ըլ­լար նպաս­տե­լու այս գիր­քի տպագ­րու­թեան եւ ձե­ռա­գի­րը տպա­րա­նէն կը վե­րա­դարձ­նեն Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեա­նի հա­րա­զատ­նե­րուն:

Ինչ­պէս կը պատ­մէ Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեա­նի թոռ­նու­հին՝ Լի­լիթ Ա­ւա­գեան, ո­րոշ ժա­մա­նակ անց, Չա­րեն­ցի ա­նուան Գրա­կա­նու­թեան ու ա­րուես­տի թան­գա­րա­նէն կը պա­հան­ջեն թան­գա­րան վե­րա­դարձ­նել ձե­ռա­գիր­նե­րը, հիմ­նա­ւո­րե­լով, որ ա­նի­կա ի­րենց աշ­խա­տա­կի­ցին նա­խա­տե­սած աշ­խա­տանքն է: Ձե­ռա­գի­րը կը վե­րա­դար­ձուի թան­գա­րան, սա­կայն այս ան­գամ նոյն­պէս չի տպագ­րուիր, ա­ւե­լին՝ կ­­՚ան­հե­տա­նայ թան­գա­րա­նէն: Հա­րա­զատ­նե­րուն փնտռտու­քը՝ զայն գտնե­լու, ոչ մէկ ար­դիւն­քի կը յան­գի: Լի­լիթ Ա­ւա­գեան կը պատ­մէ. «Ան­ցաւ ո­րոշ ժա­մա­նակ մը եւ Գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի փոխ-տ­­նօ­րէն­նե­րէն մին յայտ­նեց, որ գիր­քին ձե­ռա­գի­րը իր քովն է եւ ա­ռա­ջար­կեց ա­ջակ­ցիլ գիր­քի տպագ­րու­թեան, պայ­մա­նաւ, որ ինք ըլ­լայ հա­մա­հե­ղի­նա­կը: Այդ մէ­կը Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեա­նի հա­րա­զատ­նե­րուն հա­մար ա­նըն­դու­նե­լի տար­բե­րակ էր: Ո­րոշ ժա­մա­նակ անց այդ փոխ-տ­­նօ­րէ­նը մա­հա­ցաւ: Ա­նու­նը նպա­տա­կա­յար­մար չեմ գտներ հրա­պա­րա­կե­լ, մա­նա­ւանդ, որ հե­ռա­ցած է կեան­քէն: Բայց ձե­ռա­գի­րը կրկին ան­հե­տա­ցաւ: Նո­րէն սկսան փնտռտուք­նե­րը, ո­րոնք ոչ մէկ ար­դիւնք տուին: Կեան­քէն հե­ռա­ցած փոխ-տ­­նօ­րէ­նին հա­րա­զատ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ զայն յանձ­նած են թան­գա­րան, սա­կայն հոն ալ չգտնուե­ցաւ եւ մին­չեւ օրս յայտ­նի չէ, թէ ո՞ւր է»:

Բա­րե­բախ­տու­թիւն մը մէջ­տեղ ե­կաւ. հա­րա­զատ­նե­րը Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեա­նի բա­զում թղթա­պա­նակ­նե­րուն մէջ գտան երկ­րորդ օ­րի­նա­կը, սա­կայն ո՛չ հա­մա­կար­գուած եւ ոչ ամ­բող­ջա­կան: Այս ան­գամ Լի­լիթ Ա­ւա­գեա­նին մայ­րը՝ ազ­գագ­րա­գէտ Իոն­նա Ա­ւա­գեան ջա­նաց զայն ա­ւար­տուն տես­քի բե­րել, ինչ­պէս իր մայ­րը ը­րած էր, սա­կայն ան նոյն­պէս չհաս­ցուց… հե­ռա­ցաւ կեան­քէն: Իոն­նա Ա­ւա­գեա­նի մա­հէն ետք ողջ թղթա­պա­նակ­նե­րը տե­ղա­փո­խուե­ցան Լի­լիթ Ա­ւա­գեա­նի տու­նը եւ ան ձեռ­նա­մուխ ե­ղաւ իր մեծ­մօր եւ մօր գոր­ծը ա­ւար­տե­լուն, ա­հա­ւա­սիկ ա­նի­կա ար­դէն գիր­քի տես­քով կը գտնուի մեր սե­ղա­նին վրայ:

Ժո­ղո­վա­ծոն կ­­՚ընդգր­կէ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի, որ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ ծա­նօթ է Վար­պետ ա­նու­նով, 1895-1957 թուա­կան­նե­րուն գրած նա­մակ­նե­րը՝ 267 նա­մակ, հաս­ցէագ­րուած հայ նշա­նա­ւոր գրող­նե­րուն եւ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րուն՝ պե­տա­կան, հա­սա­րա­կա­կան, կու­սակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն, խմբա­գիր­նե­րուն, Վե­նե­տի­կի եւ Վիեն­նա­յի յայտ­նի հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն, իր տիկ­նոջ: Բո­լոր նա­մակ­նե­րը կ­­՚ար­տա­ցո­լաց­նեն այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին, հա­սա­րա­կա­կան, մշա­կու­թա­յին, գրա­կան կեան­քի շատ կա­րե­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ եւ վեր կը հա­նեն զա­նա­զան խնդիր­ներ, ո­րոնք այ­սօր կ­­՚ար­ժէ այլ լոյ­սի ներ­քոյ դի­տել: Նա­մակ­նե­րուն մէջ կան նաեւ ար­ժէ­քա­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ Վար­պե­տին գիր­քե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան գոր­ծըն­թա­ցին վե­րա­բե­րեալ՝ «Ուս­տա Կա­րօ» ա­նա­ւարտ վէ­պին, «Սաս­մայ Մհե­ր» պոէ­մին մա­սին, բո­լոր ա­րե­ւե­լեան զրոյց­նե­րուն մա­սին, նաեւ տար­բեր հան­դէս­նե­րու խմբա­գիր­նե­րուն հետ իր նա­մա­կագ­րու­թիւ­նը, որ կը բա­ցա­յայ­տէ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ծնուն­դէն մին­չեւ մշա­կում ին­կած ողջ գոր­ծըն­թա­ցը: Հե­տաքրք­րա­կան բա­ցա­յայ­տում­ներ կան նաեւ գրող­նե­րու եւ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու մա­սին՝ Չօ­պա­նեան, Օ­հան­ճա­նեան, Քա­ջազ­նու­նի, Միաս­նի­կեան, Ա­ղա­սի Խան­ճեան, նաեւ գրո­ղա­կան մի­ջա­վայ­րի, Սփիւռ­քի ու Հա­յաս­տա­նի հա­յու­թեան կա­պե­րուն մա­սին:

Ի­սա­հա­կեա­նի ե­րի­տա­սարդ տա­րի­նե­րուն գրուած նա­մակ­նե­րէն շատ քի­չե­րը պահ­պա­նուած են, ուս­տի Լի­լիթ Ա­ւա­գեան այդ ա­ռու­մով կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տայ Ի­սա­հա­կեա­նի տպագ­րուած ժո­ղո­վա­ծո­յին մէջ զե­տե­ղուած վաղ շրջա­նի նա­մակ­նե­րուն:

Շա­րու­նա­կած ըլ­լա­լով իր մեծ­մօր եւ մօր կի­սա­ւարտ գոր­ծը՝ Լի­լիթ Ա­ւա­գեան այս գիր­քին հրա­տա­րակ­ման առ­թիւ կը յի­շէ նաեւ իր հայ­րը՝ նշա­նա­ւոր հայ լե­զուա­բան, դա­սա­գիր­քե­րու հե­ղի­նակ՝ Վի­գէն Ա­ւա­գեա­նը. «Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մա­կա­նին ի մի բե­րե­լու, խմբագ­րե­լու եւ սրբագ­րե­լու գոր­ծին մէջ ան­փո­խա­րի­նե­լի ե­ղած է իմ հօրս՝ լե­զուա­գէտ Վի­գէն Ա­ւա­գեա­նի ին­ծի եւ իր հա­զա­րա­ւոր ու­սա­նող­նե­րուն փո­խան­ցած գի­տե­լի­քը եւ պա­տուի­րա­նը՝ ու­սում­նա­սի­րել, սի­րել ու գնա­հա­տել հա­յոց լե­զու­ն»:

Լի­լիթ Ա­ւա­գեան ա­ւար­տուն չի նկա­տեր Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը խո­րագ­րով այս ժո­ղո­վա­ծոն, նշե­լով, որ Ի­սա­հա­կեա­նի ան­տիպ նա­մակ­նե­րը, ան­շուշտ միայն այս­քա­նը չեն։ «Ա­նոնք բազ­մա­թիւ են, շատ մը ան­հատ­նե­րու անձ­նա­կան պա­հոց­նե­րուն մէջ, Սփիւռ­քի զա­նա­զան խմբագ­րա­տու­նե­րուն, պար­բե­րա­կան­նե­րուն մէջ, ո­րոնք ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ի յայտ կու գան եւ կ­­՚ամ­փո­փուին այլ հա­տոր­նե­րու մէ­ջ», կ­­՚ը­սէ Լի­լիթ Ա­ւա­գեան:

Գիր­քի շնոր­հան­դէ­սին ներ­կայ էին Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի թո­ռը՝ գրա­կա­նա­գէտ Ա­ւիկ Ի­սա­հա­կեա­ն, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Գրա­կա­նու­թեան հիմ­նար­կի տնօ­րէն՝ Վար­դան Տեւ­րի­կեա­ն, Մա­տե­նա­դա­րա­նի գլխա­ւոր ա­ւան­դա­պահ՝ Գէորգ Տէր-Վար­դա­նեա­ն, այլ հիւ­րեր, ո­րոնք խօ­սե­ցան գիր­քի ար­ժա­նիք­նե­րուն եւ այն նո­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին, որ կազ­մո­ղը, այս գիր­քի ծնուն­դով բե­րած է մեր գրա­կա­նու­թեան:

Գիր­քը ար­ժէ­քա­ւոր ու ե­զա­կի է թէ՛ իր բո­վան­դա­կու­թեամբ, թէ՛ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը նկա­րագ­րե­լու իր ա­ռա­քե­լու­թեամբ, թէ՛ ալ բարձ­րա­ճա­շակ ձե­ւա­ւոր­մամբ: Գիր­քին մէջ տեղ գտած են նաեւ լու­սան­կար­ներ, ո­րոնց մէջ մենք կը տես­նենք Ի­սա­հա­կեա­նի ծնող­նե­րը, կի­նը, որ­դին, հար­սը, ժա­մա­նա­կա­կից մե­ծե­րու հետ ու­նե­ցած իր լու­սան­կարնե­րը: Իսկ գիր­քի վեր­ջա­ւո­րու­թեան զե­տե­ղուած ա­նուա­նա­ցան­կը կը ստեղ­ծէ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մար­դոց կեն­սագ­րա­կան փայ­լուն բա­ռա­րան մը, որ կազ­մո­ղին կող­մէն կա­տա­րուած ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րուն հետ կը դառ­նայ ժո­ղո­վա­ծո­յին ան­բա­ժա­նե­լի մա­սը:

Տա­կա­ւին 1991 թուա­կա­նին, երբ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մա­կա­նին գիր­քի տես­քով տպա­րան տա­րուած էր եւ կը սպա­սէր տպագ­րու­թեան, այդ ժա­մա­նակ կազ­մո­ղը՝ Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեան յա­ռա­ջա­բան մը գրած է գիր­քին հա­մար, որ նոյն­պէս տեղ գտած է այ­սօր հրա­տա­րա­կուած գիր­քին մէջ: Ան յի­շե­ցու­ցած է, որ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան իր գի­տակ­ցա­կան կեան­քին զգա­լի մէկ մա­սը ապ­րած է հայ­րե­նի­քէն հե­ռու՝ տա­րագ­րու­թեան մէջ: Ի­սա­հա­կեան տար­բեր ժա­մա­նա­կաշր­ջան­նե­րու ըն­թաց­քին ապ­րած է Պո­լիս, Ցիւ­րիխ, Վիեն­նա, Պեր­լին, Լայպ­ցիք, Փա­րիզ… Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեան նշած է, որ Ի­սա­հա­կեա­նի կեն­դա­նու­թեան նա­մակ­նե­րը լոյս չեն տե­սած, միայն մա­հէն յե­տոյ, Պէյ­րու­թի մէջ հրա­տա­րա­կուե­ցաւ Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը խո­րագ­րով ժո­ղո­վա­ծոյ մը 1959 թուա­կա­նին:

«Հայ ազ­գա­յին գոր­ծիչ­նե­րուն ուղ­ղուած այդ նա­մակ­նե­րուն «փուն­ջը» չմտաւ գի­տա­կան շրջա­նա­ռու­թեան մէջ, մնաց գրա­դա­րան­նե­րու փակ դա­րակ­նե­րուն մէջ, «լճաց­մա­ն» շրջան էր: Քսան տա­րի անց, 1979 թուա­կա­նին Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ Մա­նուկ Ա­բե­ղեա­նի ա­նուան գրա­կա­նու­թեան հիմ­նար­կը տպագ­րեց Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը: Եր­կե­րուն վե­ցե­րորդ հա­տո­րին մէջ մտաւ Ե­ղի­շէ Չա­րեն­ցի ա­նուան գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի գրա­կան պա­հոց­նե­րուն մէջ պա­հուող նա­մակ­նե­րուն մեծ մա­սը՝ 333 նա­մակ:

«Չորս տա­րի ետք՝ 1983 թուա­կա­նին, «Բա­գի­ն» հան­դէ­սին մէջ Մար­տի­րոս Սա­րեան հրա­տա­րա­կեց Վիեն­նա­յի Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան ան­դամ՝ Ներ­սէս Ա­կի­նեա­նին, Վե­նե­տի­կի Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան ան­դամ, Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն՝ Փառ­նա­փաս Պի­լե­զիկ­ճեա­նին, «Ա­րեգ» ամ­սագ­րի խմբա­գիր, գրա­կա­նա­գէտ՝ Սի­մոն Յա­կո­բեա­նին հաս­ցէագ­րուած Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­նե­րը: Այդ ըն­թաց­քին եւ հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն թէ՛ մեր քով, թէ՛ Սփիւռ­քի մէջ տպագ­րուե­ցան Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մակ­ներն ու ե­լոյթ­նե­րը: Զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով հնչե­ցու­ցած խօս­քը՝ ուղ­ղուած սփիւռ­քա­հա­յու­թեան, «Պատ­մա­բա­նա­սի­րա­կան Հան­դէ­ս», «Գրա­կան Թեր­թ», «Խորհր­դա­յին Գրա­կա­նու­թիւ­ն», «Հայ­րե­նի­քի Ձայ­ն» պար­բե­րա­կան­նե­րուն մէջ տպագ­րուե­ցան Կա­րէն Մի­քա­յէ­լեա­նին, Կամ­սար Գրի­գո­րեա­նին, Ե­րուանդ Քո­չա­րին, նկա­րիչ ա­մու­սին­ներ՝ Սար­գիս եւ Վաւա (Վար­­դու­հի) Խա­չատ­րեան­նե­րուն, Վիեն­նա­յի Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան ան­դամ­նե­րուն հաս­ցէագ­րուած բազ­մա­թիւ նա­մակ­ներ, ո­րոնք կա­րիք ու­նէին մէկ ժո­ղո­վա­ծո­յի մէջ հա­ւաք­ման, ի մի բեր­ման: Այդ ար­ժէ­քա­ւոր նա­մակ­նե­րը կո­րուս­տէն փրկե­լու, ժո­ղո­վուր­դին սե­փա­կա­նու­թիւ­նը դարձ­նե­լու ցան­կու­թեամբ՝ ձեռ­նա­մուխ ե­ղանք հա­ւա­քե­լու ինչ­պէ՛ս մա­մու­լի մէջ տպագ­րուած, այն­պէս ալ՝ Գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի գրա­կան պա­հոց­նե­րուն մէջ պահ­պա­նուող, տա­կա­ւին ան­տիպ նա­մակ­նե­րը: Հա­ւա­քա­ծոն հարս­տա­ցաւ Ռու­բէն Զա­րեա­նի, Յով­հան­նէս Ղա­նա­լա­նեա­նի, բա­նաս­տեղծ՝ Մար­տին Քա­րա­մեա­նի, Անդ­րա­նիկ Յով­սէ­փեա­նի, Հմա­յակ Սի­րա­սի անձ­նա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ պահ­պա­նուող ան­տիպ նա­մակ­նե­րով: Հա­ւա­քուե­ցաւ 235 նա­մակ: Մենք «Ան­տիպ եւ չհա­ւա­քուած նա­մակ­նե­ր» ա­նուա­նե­ցինք ժո­ղո­վա­ծոն», կը գրէ Ար­փիկ Ա­ւե­տի­սեան:

Հայ գրող՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի հա­կա­սա­կան կար­ծիք­նե­րը միշտ ի յայտ ե­կած են: Ժո­ղո­վա­ծոն կազ­մո­ղը՝ Լի­լիթ Ա­ւա­գեան, կ՚ը­սէ. «Ժո­ղո­վա­ծո­յի ստեղծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րե­լու ժա­մա­նակ նոր Ի­սա­հա­կեան մը բա­ցա­յայ­տե­ցի. տե­սայ պանդխ­տու­թեան մէջ ապ­րող, ա­նօ­թի, խան­դա­վա­ռուած, յու­սա­հատ Ի­սա­հա­կեա­նը:

«Նա­մակ­նե­րը ոչ միայն գրա­կա­նու­թեան կամ գրա­կա­նա­գի­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը պա­րու­նա­կեն, այ­լեւ՝ պատ­մու­թեան: 1895-1957 թուա­կան­նե­րուն թէ՛ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին, թէ՛ ողջ աշ­խար­հի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը՝ Ե­ղեռն, Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մարտ, Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւն, ԽՍՀՄ եւ այլն, այս բո­լո­րը ար­ծար­ծուած են Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մա­կա­նիին մէջ, հայ­կա­կան հար­ցին մա­սին կան բա­ւա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ: Ծա­նօ­թա­նա­լով Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մա­կագ­րու­թեան, աշ­խա­տան­քի բե­րու­մով այդ նա­մակ­նե­րը գրե­թէ գոց սոր­վե­լէ ետք իմ եզ­րա­կա­ցու­թիւնս եր­բեք մաս­նա­գի­տա­կան հար­թու­թեան վրայ չէ. նա­մակ­նե­րու գրա­կա­նա­գի­տա­կան ար­ժէ­քը թե­րեւս գրա­կա­նա­գէտ­նե­րը ներ­կա­յաց­նեն: Ին­ծի հա­մար շատ հե­տաքրք­րա­կան էր հե­տե­ւիլ մար­դու մը կեան­քին՝ 20 տա­րե­կա­նէն մին­չեւ 82 տա­րե­կան: Այդ կեան­քի ըն­թաց­քին ան վե­րապ­րե­ցաւ 1896 թուա­կա­նի հայ­կա­կան ջար­դե­րը, մաս­նակ­ցե­ցաւ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին, ան­դա­մագ­րուե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան, ապ­րե­ցաւ 1914 թուա­կա­նի Ա­ռա­ջին աշ­խար­հա­մար­տը, Ե­ղեռ­նը, 1917 թուա­կա­նի Ռու­սա­կան Յե­ղա­փո­խու­թիւ­նը, 1918-1920 թուա­կան­նե­րու Ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, ա­նոր տա­պա­լումն ու պոլ­շե­ւի­կեան, Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ստեղ­ծու­մը, ստա­լի­նեան բռնա-ճըն­շում­նե­րու շրջա­նը, ա­պա Երկ­րորդ աշ­խար­հա­մար­տը՝ 1941 թուա­կա­նին, ձիւն­հալ­քի տա­րի­նե­րը… Շատ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րով ո­գե­ւո­րուե­ցաւ ու սար­սա­փե­լի հիաս­թա­փու­թիւն­ներ ապ­րե­ցաւ: Նա­մա­կի մը մէջ կ­­՚օրհ­նէ ռու­սե­րը, ու­րիշ նա­մա­կի մը մէջ կը նզո­վէ զա­նոնք. տեղ մը կ՚ո­գե­ւո­րուի Դաշ­նակ­ցու­թեամբ, ու­րիշ տեղ մը կը հա­մա­րէ զայն ինք­զինք սպա­ռած կու­սակ­ցու­թիւն: Նա­մա­կի մը մէջ կը հիա­նայ Վուտ­րօ Վիլ­սո­նով, միւ­սին մէջ զայն կ­­՚ա­նուա­նէ խա­բե­բայ…

«Իր նա­մակ­նե­րէն մէ­կուն մէջ ան ինք­զինք կը զգար աշ­խար­հի բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն մաս­նա­կի­ցը, մտո­րում­նե­րուն ա­ռար­կան որ­քան օ­րուան հացն էր, նոյն­քան ալ՝ տիե­զեր­քը, ի­մաս­տա­սի­րու­թիւ­նը, հա­մայն մարդ­կու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը: Բայց կեան­քի մայ­րա­մու­տին ա­նոր նա­մա­կագ­րու­թեան նիւ­թը շատ յստակ էր՝ մար­դը ին­քը: Տիե­զե­րա­կան խնդիր­նե­րը, հա­մայն հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը զինք կը հե­տաքրք­րէր ստոյգ մար­դու ճա­կա­տագ­րի տե­սան­կիւ­նէն դի­տուած: Վկան՝ Գրա­կա­նու­թեան եւ ա­րուես­տի թան­գա­րա­նի ար­խի­ւին մէջ պա­հուող բազ­մա­թիւ խնդրանք-դի­մում­ներն են պե­տա­կան պաշ­տօ­նեա­նե­րուն, դա­տա­խազ­նե­րուն՝ լու­ծել ստոյգ մար­դոց խնդիր­նե­րը, չվնա­սել մար­դը»:

Ան կը նշէ, որ նա­մակ­նե­րուն մէջ կան նաեւ Ի­սա­հա­կեա­նի ման­րա­մասն հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը ՀՅԴ­-էն հիաս­թա­փու­թեան վե­րա­բե­րեալ, կու­սակ­ցու­թեան շար­քե­րը լքե­լը եւ դաշ­նակ­ցա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն հետ ա­նոնց մա­սին քննար­կում­նե­րը:

«Այս նա­մակ­նե­րուն մէջ պահ­պա­նուած են նաեւ Ի­սա­հա­կեա­նի՝ գրա­կա­նա­գի­տա­կան տե­սու­թիւն­նե­րուն նուի­րուած նա­մակ­նե­րը, ուր Վար­պե­տը կ­­՚ար­ծար­ծէ այն միտ­քը, որ եր­բեք պէտք չէ վերց­նել այլ ազ­գե­րուն կամ մշա­կոյթ­նե­րուն ո­ճե­րը, պէտք է ու­նե­նալ սե­փա­կա­նը, եւ հե­տաքրք­րա­կան դի­տար­կում­նե­րով կը հաս­տա­տէ, թէ ին­չո՞ւ ազ­գա­յի­նի գո­յու­թիւ­նը այդ­քան կա­րե­ւոր է գրա­կա­նու­թեան մէ­ջ», կ­­՚ը­սէ Լի­լիթ Ա­ւա­գեան:

Հա­տուած­ներ՝ Աւետիք Ի­սա­հա­կեա­նի նա­մա­կա­նիէն

«Ես հայ թեր­թե­րը կը կար­դամ՝ վրդո­վե­լու, հայ­հո­յե­լու հա­մար… Տես­նել հայ­կա­կան ա­ղէտն ու ա­ռողջ մնալ, ան­կա­րե­լի է… դաշ­նակ­ցա­կան թեր­թե­րը կը կար­դամ՝ դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րուն կը հայ­հո­յեմ, հա­մայ­նա­վա­րա­կան թեր­թե­րը կը կար­դամ՝ ի­րենց կը հայ­հո­յեմ, իսկ ռամ­կա­վար-հնչակ թեր­թե­րը ան­պա­տիւ կը նկա­տեմ կար­դալ­…»:

*

«Ժա­մա­նա­կը վատ է, մար­դիկ դար­ձած են ան­գութ, կեղ­ծա­ւոր, ե­սա­մոլ: Ա՜խ, գլուխս ձգէի Շի­րակ, փռուէի հայ­րե­նի հո­ղին վրայ եւ լա­յի, լա­յի: Այն­պէս ջղայ­նա­ցած եմ, ար­դար զայ­րոյ­թով լե­ցուն:

«Գլուխս կտրէ, ե­թէ ա­նար­դա­րու­թիւն կը գոր­ծեմ կամ կ­­՚ը­սեմ. ե­թէ սրբու­թիւն մը կայ, ո­րուն հա­մար կ­­՚ապ­րիմ, ա­տի­կա հայ որբն է, հայ չար­քաշ ժո­ղո­վուր­դը, հայ ինք­նա­գոհ բա­նա­կը, թքած եմ բո­լոր միւս­նե­րուն վրայ՝ ըլ­լայ ըն­կեր, գոր­ծիչ, դի­ւա­նա­գէտ: Ձախ ոտ­քիս այ­լա­սե­րած ճկոյ­թը իր գի­տակ­ցու­թեամբ ա­նոնց­մէ բարձր է: Քե­զի հա­ճե­լի չեն այս հայ­հո­յանք­նե­րը, նե­րէ, կը խնդրեմ, բայց ըն­դու­նէ, որ ճիշդ ե­ն»:

*

«Ժնե­ւի մէջ ին­ծի հա­մար այ­լեւս ան­կա­րե­լի է ապ­րիլ, ոչ մէկ տե­ղէ փող կու գայ: Ա­մե­րի­կա կը գրեմ, ո՛չ դրամ կ­­՚ու­ղար­կեն, ո՛չ կը պա­տաս­խա­նեն: Ըն­կեր­ներ ե­կան-գա­ցին, կե­րան, լա­փե­ցին, ազ­գա­յին գու­մար­նե­րով ի­րենք զի­րենք ու ի­րենց կնիկ­նե­րը զար­դա­րե­ցին, եւ ոչ ոք չմտա­ծեց ին­ծի, նոյ­նիսկ նուէր չտուին ե­րա­խա­յիս: Վեր­ջա­պէս, այդ մար­դի­կը ես կ­­՚ար­հա­մար­հեմ, կը հա­մա­րեմ ա­ւա­զակ­ներ, խա­չա­գող­ներ եւ այլ ա­ծա­կան­նե­րով կը դի­մեմ, ո­րոնց ար­ժա­նի են՝ չու­նե­նա­լով ո՛չ խելք, ո՛չ զար­գա­ցում, ո՛չ հե­ռա­տե­սու­թիւ­ն»:

*

«Ինչ­պէ՞ս չեր­թամ [հայ­րե­նիք]: Տասն­հինգ տա­րի է՝ հե­ռա­ցած եմ, կա­րօ­տը կը խեղ­դէ զիս, ոչ մէկ եր­կիր կը քա­շէ զիս՝ ո՛չ Փա­րի­զը, ո՛չ Պեր­լի­նը, ո՛չ Գա­հի­րէն, կը հասկ­նա՞ս այս: Ո՛չ մէկ ե­րաժշ­տու­թիւն, ո՛չ պա­լէտ, միայն թա­ռը, շուին, զուռ­նան, մեր աղ­ջիկ­նե­րուն պա­րե­րը… Մեր խո­րո­վա­ծը, քիւֆ­թէն, մեր թար­խու­նը, լա­ւաշ հա­ցը: Դուն այդ մէ­կը լաւ կը հասկ­նաս, եւ գի­տեմ, պի­տի նա­խան­ձիս: Այս ալ գիտ­ցիր՝ իմ բո­լոր ըն­կեր­ներս այն­տեղ ե­ն»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 11, 2017