ԱՆՀԱՂՈՐԴ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ Մար­սէյ­լէն վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս եւ այս օ­րե­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րէ Ա­ւագ շաբ­թուան եւ Ս. Զատ­կի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Այս ա­ռա­ւօտ ան Ընթ­րեաց Ս. Պա­տա­րագ մա­տոյց Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, քա­ղաքս վե­րա­դառ­նա­լէ ա­ռաջ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան պոլ­սա­հայ մամ­լոյ եւ հա­սա­րա­կու­թեան ու­շադ­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցած էր նա­մակ մը, ո­րուն ա­ծան­ցուած ձե­ւով հրա­պա­րա­կած էր նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ ի­րեն ներ­կա­յա­ցուած հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խագ­ծին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այդ նա­մա­կի բո­վան­դա­կու­թեան մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ վերջ­նա­կա­նօ­րէն կը մեր­ժէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ա­ռա­ջար­կած հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խա­գի­ծը։

Այս կա­պակ­ցու­թեամբ կար­ծի­քը շօ­շա­փե­ցինք Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, որ այս ա­ռա­ւօտ Ընթ­րեաց Ս. Պա­տա­րա­գը մա­տոյց Պա­քըր­գիւ­ղի Ծն. Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ցաւ յայտ­նեց, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պի յաղ­թա­հար­ման տե­սա­կէ­տէ ա­ռիթ մը մսխուած էր։ Անդ­րա­դառ­նա­լով Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի նա­մա­կի բո­վան­դա­կու­թեան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն՝ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը յայտ­նեց, որ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ժա­մադ­րուե­լու ա­տեն ինք բա­ցա­յայ­տօ­րէն նշած էր, թէ գրա­ւոր ա­ռա­ջար­կի մը տես­քով հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խա­գիծ մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին։ Դժբախ­տա­բար, ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը կը նա­խընտ­րէ այս հան­գա­ման­քը ան­տե­սել իր վեր­ջին յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։

Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի այն դի­տար­կու­մը, թէ ինք կը փոր­ձէ օ­րի­նա­կա­նաց­նել պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դի պաշ­տօ­նէն չհրա­ժա­րե­լու յա­մա­ռու­թիւ­նը։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քե­րով, ցա­ւա­լի է՝ որ այդ­պի­սի անձ­նա­կան յա­մա­ռու­թիւն­նե­րու տես­քով մեր ժո­ղո­վուր­դին կը մա­տու­ցուի առ­կայ փա­կու­ղին, ինչ որ բնա­կա­նա­բար կը դժուա­րաց­նէ ա­նոր յաղ­թա­հա­րու­մը։ «Մենք կը փոր­ձենք հաս­նիլ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան ի­րա­ւուն­քի եւ պե­տու­թեան սպա­սում­նե­րու հա­մադ­րու­թեան։ Այս նոյն նպա­տա­կով պատ­րաս­տած էինք այն հա­մա­ձայ­նու­թեան նա­խա­գի­ծը, որ մեր­ժուե­ցաւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի կող­մէ։ Այդ հա­մա­ձայ­նու­թեան նպա­տակ­նե­րէն մին էր նաեւ մեր Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի հե­ղի­նա­կու­թեան բարձր պա­հուի­լը։ Ե­թէ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան հա­մա­ձայ­նէր ըն­դա­ռաջ եր­թալ այդ նա­խագ­ծին, ա­պա մենք մեր մի­ջեւ գո­յա­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան հի­ման վրայ նոր քայ­լեր առ­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւնն ալ կրնա­յինք ու­նե­նալ։ Այդ­պի­սի հա­մա­ձայ­նու­թեան մը նո­րու­թեան վրայ, շօ­շա­փե­լի լուծ­ման ար­դիւն­քը տե­ղե­կաց­նե­լու հա­մար պի­տի փոր­ձէինք հեր­թա­կան ան­գամ միաս­նա­բար ներ­կա­յա­նալ Իս­թան­պու­լի Կու­սա­կա­լու­թեան։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուն ալ պի­տի ա­ջակ­ցէր մե­զի։ Այս­պէ­սով ես պի­տի կա­րե­նա­յի ան­ձամբ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը, ինչ որ ե­րաշ­խիք մը պի­տի ըլ­լար իր գոր­ծու­նէու­թեան հե­ռան­կա­րին եւ պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րու կող­մէ ա­պա­գայ ըն­կալ­ման տե­սա­կէ­տէ։ Այս բո­լոր նրբու­թիւն­նե­րը ար­դէն բա­ցատ­րած ենք, սա­կայն դժբախ­տա­բար չկրցանք ու­նե­նալ դրա­կան ար­դիւնք մը։ Հե­տե­ւա­բար, պաշ­տօ­նէ չհրա­ժա­րե­լու հար­ցին շուրջ ին­ծի վե­րագ­րուած յա­մա­ռու­թիւնն ու այս հան­գա­ման­քին ան­վերջ կրկնու­թիւ­նը՝ առ­կայ դժուա­րին ի­րա­վի­ճա­կին մէջ մեր մօտ կը ստեղ­ծէ լրջու­թեան պա­կա­սի տպա­ւո­րու­թիւն», ը­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 13, 2017