ԵՐԱԽՏԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ
Երեւանի Պետական համալսարանի (ԵՊՀ) Հայկական բանասիրութեան ֆաքիւլթէէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ «Երեւանի Պետական համալսարան (95-ամեակ). երախտաւոր դասախօսներ (դիմաքանդակային հպումներ)» խորագրեալ գրքին շնորհանդէսը։ Հարկ է նշել, որ այս գիրքին հեղինակն է լիբանանահայ հրապարակագիր ու գրականագէտ Պարոյր Աղպաշեան։ Շնորհանդէսը կազմակերպուած էր ԵՊՀ-ի եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ԵՊՀ-ի Հայ բանասիրութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Արծրուն Աւագեան, «Ազգ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, գրականագէտ Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, ուսանողներ, դասախօսներ, գրականագէտներ, ինչպէս նաեւ հեղինակը՝ Պարոյր Աղպաշեան։
Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հրանոյշ Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ ԵՊՀ անջնջելի հետք մը կը թողու իր իւրաքանչիւր սանին վրայ, կը վառէ ջահ մը, որ ժամանակի ընթացքին կը մնայ անմար։ Ան այս բոլորի վառ ապացոյցը նկատեց Պարոյր Աղպաշեանը, որ մեծ գործ մը կատարած է՝ գրքի մը մէջ ներկայացնելով ԵՊՀ-ի երախտապարտ դասախօսներու կերպարներէն, այն մեծամեծները, որոնք հայ գրի ու գրականութեան, հայոց լեզուի տիտաններ եղան, կանգուն պահեցին համալսարանը, կրթեցին ու դաստիարակեցին սերունդներ եւ իրենց պատգամը փոխանցեցին անոնց։ Նախարարը յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց գրքի հեղինակին՝ Լիբանանի մէջ հայապահպանութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրա-պընդման ուղղութեամբ տարած աշխատանքին համար։
Արծրուն Աւագեանն ալ հաւաքոյթի ընթացքին ըսաւ. «Այս գիրքը մեր նուիրեալ ուսուցիչներու մասին է. ուսուցիչներ, որոնք մեծ մտաւորական ըլլալով հանդերձ, նաեւ մեր հոգիի եւ մտքի ընկերներն էին։ Մկրտիչ Մկըրեան, Եդուարդ Աղայեան, Գէորգ Ջուլհակեան, Հրանդ Թամրազեան, Լեւոն Ներսիսեան, այս շարքը կարելի է երկար շարունակել եւ Պարոյր Աղպաշեան աշակերտելով անոնց, գիտակցած է՝ որ այդ մեծերը ժամանակի շունչն ու ոգին էին եւ այդ շունչը այսօր առկայ է նաեւ այս գրքին մէջ»։
Գինեձօնի տեւողութեան ելոյթներ ունեցան Յակոբ Աւետիքեան, Երուանդ Տէր-Խաչատրեան, բանասէր Սամուէլ Մուրատեան եւ այլք։ Այս բոլորէն վերջ Պարոյր Աղպաշեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը, որու ընթացքին մասնաւորապէս նշեց. «1970 թուականէն ի վեր կառչած եմ համալսարանէն, յիշողութեանս մէջ որպէս հերոսներ ունենալով իմ դասախօսներս՝ հաւատարիմ մնացած եմ անոնց թողած ժառանգութեան։ Արդէն լրացած ԵՊՀ-ի 95-ամեակը եւ շուտով պիտի բոլորուի անոր գործունէութեան հարիւր տարին։ Ես նպատակն ունէի այս գիրքով նաեւ ամփոփ ներկայացնել այն ուղին՝ շեշտադրելով նաեւ Հայ բանասիրութեան ֆաքիւլթէի առաքելութիւնն ու անոր երախտապարտ դասախօսներու դերը համալսարանական կեանքի մէջ։ Եւ այդ իմաստով այս գրքի հրատարակութիւնը երկար տարիներու երազանք մըն էր ինծի համար»։