ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴԻՆ ԱՉՔՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
Ամերիկացի գրող ու ճանապարհորդ Պրիւս Նորթըմ արկածասէրներուն առաջարկած է ինն երկիր, ուր կարելի է ապրիլ ամսական 1000 տոլարէն քիչ գումարով:
Անոր խօսքով՝ նման երկիրներէն մէկն ալ Հայաստանն է: Նկարագրելով Հայաստանը՝ հեղինակը կը յայտնէ, որ համալսարան աւարտած հայերը «անգլերէն թերեւս ձեզմէ ա՛լ լաւ կը խօսին ու կը սիրեն ճատրակ»: Ճանապարհորդը կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ շատ աժան են օրկանական մթերքները:
Այդ փոքր քրիստոնէական երկրին մէջ, անոր խօսքով, հազարաւոր եկեղեցիներ կան: Իբրեւ մատչելի ուղեւորութիւն՝ Նորթըմ կ՚առաջարկէ այցելել Նորավանքը: Բացի ատկէ Հայաստանի մէջ տարեկան 300 արեւոտ օրերը՝ լեռնային բնութեան հետ միասին, այդ տեղերը կը դարձնեն օդապարիկներով թռչելու լաւագոյն վայրերէն մէկը աշխարհի մէջ:
Խօսելով գիներու մասին՝ հեղինակը կը նշէ, որ մէկ ննջասենեակով բնակարան վարձելը կ՚արժէ ամսական 140-էն 230 տոլար: Իսկ համաշխարհային մակարդակի օփերայի տոմսը կ՚արժէ ընդամէնը 6 տոլար:
Ճանապարհորդի ցանկին մէջ Հայաստանէն բացի ընդգրկուած են Պոլիվիան, Լաոսը, Նեփալը, Նիքարակուան, Զիմպապուէն, Մոնթենեկրոն, Կրանատան ու Ֆիճին: