Ժամանակի Կարօտ Եմ, Ո՞ւր Կը Վաճառուի

Անց­եալ տա­րի, անգ­լե­րէն լեզ­ուի գիր­քիս մէջ հան­դի­պած էի նա­խա­դա­սու­թեան մը: Հար­ցազ­րոյց մըն էր հան­րա­յայտ եր­գի­չի մը հետ, ո­րուն հա­ղոր­դա­վա­րը կը հարց­նէր. «Ի՞նչ է ա­մե­նա­մեծ հարցդ» եւ պա­տաս­խա­նը կ՚ըլ­լար «Օ­րը 24 ժամ է իսկ ես 36-ի պէտք ու­նիմ»: Սր­­տէս կը խօ­սէր: Մա­նա­ւանդ այս վեր­ջին ե­րեք-չորս տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, երբ ծան­րա­բեռն­ուած էի, ինչ­պէս ա­մէն հա­լէ­պա­հայ ե­րի­տա­սարդ, մէ­կէ ա­ւե­լի գործ տա­նե­լով թէ՛ միու­թե­նա­կան, թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ ըն­տա­նե­կան: Տաս­նամ­եակ մը ա­ռաջ, նա­խակր­թա­րա­նի գրա­սե­ղան­նե­րուն ե­տին, երբ ժա­մա­նա­կի մա­սին ա­րա­բե­րէն շա­րադ­րու­թիւն կը գրէ­ինք, դա­սա­րա­նին կէ­սէն ա­ւե­լին ան­տա­րա­կոյս կը գոր­ծա­ծէր «Ժա­մա­նա­կը սու­րի պէս է, ե­թէ զայն չկըտ-րե­ցիր՝ ինք քեզ կը կտ­­րէ» նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, բայց որ­քա­նո՞վ կր­­ցած ենք գործ­նա­կա­նի վե­րա­ծել այս մէ­կը:

Դի­մա­տետ­րիս է­ջին վրայ կը նա­ւար­կեմ: Լե­ցուն է ա­նի­մաստ, պա­րապ-սա­րապ նիւ­թե­րով: Կը մտա­ծեմ, թէ մար­դիկ ուր­կէ՛ այս­քան ժա­մա­նակ կը տրա­մադ­րեն ա­նոնց: Կամ ի՞նչ տե­սա­կի է ի­րենց «կա­խար­դա­կան» օ­րա­տետ­րը, որ կր­­ցած են դա­սա­ւո­րել ի­րենց ժա­մե­րը եւ ա­զատ ժամ ու­նին այս «Ճոխ» նիւ­թե­րը ար­ծար­ծե­լու հա­մար: «Ժա­մա­նակ չու­նի գլու­խը քե­րե­լու» կ՚ը­սեն յա­ճախ, իսկ ա­նոնց հա­մար ժա­մա­նա­կը այն­քան բա­ւա­րար է, որ կր­­նան ի­րենց ամ­բողջ մար­մի­նը քե­րել, մինչ­դեռ մենք՝ ժա­մա­նակ չու­նինք մեր ձեռ­քը մեր գլ­­խուն իսկ տա­նե­լու, որ քե­րել սկ­­սինք: Տե­սա­կա­ւոր են ա­նոնք.- անձ­նա­կան ապ­րում­ներ յայտ­նո­ղը, զզ­­ուե­լի ո­ճով շնոր­հա­ւո­րո­ղը, ա­նուղ­ղա­կի ձե­ւով ու­րի­շին խօսք հասկց­նո­ղը, եւ վեր­ջերս՝ հա­լէ­պա­հա­յու­թեան դէմ քա­րո­զար­շաւ կազ­մա­կեր­պո­ղը: Վեր­ջինս «հաւ­կի­թին մէ­ջէն մազ փնտ­­ռող» խմ­­բակն է, որ ա­ռիթ չի փախց­ներ դա­տե­լու հա­լէ­պա­հայ ա­մե­նապզ­տիկ թե­րին, ե­լա­կէտ ու­նե­նա­լով իր «իտ­է­ա­լա­կան» կեան­քը: Կը դա­տեն դէպ­քեր, ո­րոնք կար­ծես միայն հա­լէ­պա­հայ գա­ղու­թին մէջ է որ կը պա­տա­հի: Ա­մէն գոյ­նի ու ձե­ւի կը դի­մեն՝ պար­պե­լու հա­մար այս հա­զա­րամ­եայ պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող հայ­կա­կան գա­ղու­թը: Մեզ քշե­ցին Տէր Զօ­րի ա­նա­պատ­նե­րը, իսկ ա­նոնք հա­լէ­պա­հա­յը կը քշեն այն­պի­սի վայ­րեր, ուր ձու­լումն ու ու­ծա­ցու­մը տա­րած­ուած է: Վայ­րեր, ուր հա­յա­պահ­պա­նումն ու հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը գրե­թէ ո՛չ մէկ ար­ժէք ու­նին: Փի­ղը ի­րենց ե­տեւ, ի­րենք մր­­ջիւ­նին ե­տե­ւէն կ՚եր­թան: Բայց հար­ցու­մը կը մնայ նոյ­նը եւ կ՚ար­ձա­գան­գէ մտ­­քիս մէջ. ուր­կէ՞… եւ ինչ­պէ՞ս այս­քան ժա­մա­նակ: Ե­թէ մէ­կը լու­ծում ու­նի, ծու­լու­թե­նէն եւ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու ար­հա­մար­հան­քէն զատ, թող ը­սէ, ո­րով­հե­տեւ… հոս ե­րի­տա­սարդ մը կայ, որ ժա­մա­նա­կի կա­րօտ է եւ չի գի­տեր, թէ ան ո՛ւր կը վա­ճառ­ուի:

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈ­ՅԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017