«Ցաւը Ինչպէ՞ս Կրնաս Մոռնալ…»

Իւ­րա­քան­չիւր աշ­խա­տան­քա­յին ճամ­բոր­դու­թեան եւ ոչ հայ­կա­կան հան­դի­պում-ժո­ղով­նե­րուս եւ ե­լոյթնե­րուս ըն­թաց­քին միշտ ալ հե­տա­մուտ կ՚ըլ­լամ ներ­կա­յաց­նե­լու, գէթ հա­մա­ռօտ, իմ՝ հա­յուս պատ­մու­թիւ­նը: Պէտք չէ եր­բեք ակն­կա­լել, որ ամ­բողջ աշ­խարհ գիտ­նայ մեր պատ­մու­թիւ­նը: Ե­թէ կան շա­տեր, ո­րոնք լսած են մեր պատ­մու­թեան եւ ա­նոր ստեղ­ծած «ցա­ւին» մա­սին, բայց նաեւ կան ու­րիշ­ներ, ո­րոնց հա­մար այս մէ­կը նո­րու­թիւն է: Եւ յար­մար է, որ լսո­ղը նաեւ գիտ­նայ, թէ ո՛վ է զե­կու­ցո­ղը, ո­րուն պատ­մու­թեան ա­կան­ջա­լուր ըլ­լա­լով՝ շատ ա­ւե­լի լաւ պի­տի ըն­կա­լէ զե­կու­ցո­ղին ը­սա­ծը:

Մարտ 2017, Քէյփ Թաուն, Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէ: Կը խօ­սէի մեր Աս­տուա­ծաշն­չա­յին ըն­կե­րու­թեան գրա­սե­նեա­կի անձ­նա­կազ­մին՝ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան վեր­ջին ժա­մա­նակ­նե­րու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մա­սին: Ներ­կա­յա­ցու­ցի, թէ ինչ­պէ՛ս ես, որ հայ եմ, ծնած եմ ա­րա­բա­կան երկ­րի մը մէջ: Ո՛չ միայն խօ­սե­ցայ Ե­ղեռ­նի ար­հա­ւիր­քին, հա­յու­թեան տե­ղա­հա­նու­մին եւ աշ­խար­հով մէկ տա­րա­ծուե­լու մեր ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին, այլ նաեւ՝ այն ա­հա­ւոր «ցա­­ւին», որ հե­տե­ւանք է այդ մեծ հա­մա­մարդ­կա­յին ող­բեր­գու­թեան: «Ե­ղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած եր­րորդ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ եմ, բայց տա­կա­ւին իմ մէջս կը կրեմ այս ցա­ւը», ե­ղաւ իմ մատ­նան­շումս:

Սրա­հին ան­կիւ­նը նստած էր չա­փա­հաս տա­րի­քով սե­ւա­մորթ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նեայ մը: Անդ­րա­դար­ձայ, որ միակ սե­ւա­մորթն էր սրա­հին մէջ, իր մնա­ցեալ բո­լոր գոր­ծա­կից­նե­րը սպի­տա­կա­մորթ­ներ էին: Զե­կու­ցու­միս վեր­ջա­ւո­րու­թեան ուղ­ղեց իր հար­ցու­մը՝ ոչ թէ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի տագ­նա­պին ա­ռըն­չու­թեամբ, այլ ար­հա­ւիր­քի պատ­ճա­ռած իմ նե­րաշ­խար­հի «ցա­ւին» վրայ: «Ցա­ւը ինչ­պէ՞ս կրնաս մոռ­նալ», հար­ցուց ան:

Ին­ծի հա­մար զար­մա­նա­լի չթուե­ցաւ այդ հար­ցու­մը: Ակն­կա­լե­լի էր՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէն եր­կար տա­րի­ներ ապ­րած ու տագ­նա­պած է «ցե­ղա­պաշ­տա­կան» ի­րա­վի­ճա­կէն՝ իր ըն­կե­րա-քա­ղա­քա­կան ու պե­տա­կան կար­գա­վի­ճակ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն: Թէեւ այ­սօր պե­տա­կան ու կազ­մա­կերպ­չա­կան կա­ռոյց­նե­րը փո­խուած են, բայց չեմ գի­տեր՝ հո­գի­նե­րը ու մտա­ծո­ղու­թիւ­նը որ­քա՛ն: Հա­րա­ւա­յին Ափրի­կէն տա­կա­ւին կը տագ­նա­պի ցե­ղա­պաշ­տա­կան կար­գա­վի­ճա­կի դրու­թեան ստեղ­ծած խտրա­կա­նու­թեան ի­րա­կա­նու­թե­նէն եւ ա­նոր պատ­ճա­ռած ցա­ւէն: Ու սե­ւա­մորթ գոր­ծա­կի­ցիս հար­ցու­մը կու գար այդ նոյ­նինքն ցե­ղա­պաշ­տա­կան կեան­քին ստեղ­ծած ու ապ­րուած ցա­ւին փոր­ձա­ռու­թե­նէն: Եւ ե­րե­ւի ան ու­զեց տես­նել, բայց նաեւ՝ հա­մե­մա­տել, թէ ես ինչ­պէ՛ս կրցայ ելք գտնել, ինչ­պէս ես կրցայ դուրս գալ ցա­ւով ծան­րա­բեռ­նուած կեան­քին ու փոր­ձա­ռու­թեան մէ­ջէն՝ գտնե­լու հա­մար բար­ւոք հանգըս-տու­թիւն: Իսկ իր ցա­ւի պայ­քա­րը…

«Բար­կու­թիւն կայ մէջս». Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէի գոր­ծա­կից­նե­րէս Հեն­լի Ռու­սոն է, որ կ՚ըն­կե­րակ­ցէր ին­ծի՝ այ­ցե­լե­լու Ռո­պին կղզիի բան­տը: Հոն, ուր Նել­սըն Ման­տե­լան եւ ա­ւե­լի քան հա­զար սե­ւա­մորթ քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­ներ եր­կար տա­րի­ներ ի­րենց կեան­քե­րը ան­ցու­ցին՝  հա­ւա­սա­րու­թեան տես­լա­կա­նին հաս­նե­լու եւ ստեղ­ծե­լու նոյ­նը ի­րենց երկ­րին հա­մա­կար­գին հա­մար: Հեն­լին սպի­տա­կա­մորթ է:

«Անգ­լիա­ցիք ի­րենց գա­ղու­թա­տի­րու­թեան ժա­մա­նակ ա­մէն ան­մարդ­կա­յին հնարք­նե­րու ձեռ­նար­կե­ցին՝ կլա­նե­լու հա­մար մեր եր­կի­րը եւ հարս­տու­թիւ­նը: Անգ­լիա­կան գա­ղու­թա­տի­րու­թիւ­նը վեր­ջա­ցաւ, եւ մենք ը­րինք ճիշդ նոյ­նը մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ մեր մէջ…», ը­սաւ ան:

Հեն­լիին նե­րաշ­խար­հին մէջ ակ­նե­րեւ էին նաեւ ան­հանգս­տու­թիւնն ու ա­նո­րո­շու­թիւ­նը: Ե­թէ կը փոր­ձէ գտնել պատ­ճառ եւ հիմք՝ իր երկ­րի ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, բայց նաեւ՝ ելք: «Բայց ար­դեօք միայն մե՞նք ցե­ղա­պաշտ էինք», շա­րու­նա­կեց ան: «Հա­պա՞ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը, երբ այդ­քան դա­ժան վա­րուե­ցան բնիկ հնդիկ ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հետ»:

Հեն­լին կը փոր­ձէր գտնել բու­ժում… Բու­ժու­մը «ցա­ւին», որ իր եւ ամ­բողջ երկ­րին հա­մար ե­ղած էր մղձա­ւանջ, եւ որ մին­չեւ այ­սօր տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կուի տար­բեր ե­րե­ւոյթ­նե­րու մէ­ջէն:

«Հա­րա­ւա­յին Ափ­րի­կէն, ինչ­պէս՝ շատ մը ու­րիշ եր­կիր­ներ, կը տա­ռա­պի ցե­ղա­պաշ­տա­կան հի­ւան­դու­թե­նէ: Եւ պե­տու­թեան ժխտու­մը այս ի­րա­կա­նու­թեան՝ ո­րե­ւէ բան չի կրնար փո­խել կա­ցու­թե­նէն: Ե­թէ պի­տի բու­ժենք այս հի­ւան­դու­թիւ­նը, պէտք է ըն­դու­նինք, որ ան՝ցե­ղա­պաշ­տու­թիւ­նը, ի­րա­կան է» (Շա­նոն Էպ­րա­հիմ, Քէյփ Թայմզ, Մարտ 2017): Եւ այս «ի­րա­կան»ը ապ­րե­ցայ, երբ սկսայ շրջա­գա­յիլ կղզիի բան­տի խցիկ­նե­րուն մէջ:

Խոթ­ցօ Կիէն զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն ա­ռաջ­նորդն էր իմ այ­ցե­լու­թեանս օ­րը: Ան այս պաշ­տօ­նին նշա­նա­կուած էր՝ մեկ­նե­լով իր կեան­քի փոր­ձա­ռու­թե­նէն: Խոթ­ցոն եր­կար տա­րի­ներ ապ­րած էր Ռո­պին կղզիի բան­տին ար­հա­ւիր­քը որ­պէս քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ եւ ցե­ղա­պաշ­տա­կան խտրա­կան ի­րա­վի­ճա­կին հե­տե­ւանք: «Բո­լորս ալ սե­ւա­մորթ­ներ էինք բան­տին մէջ», իր պատ­մու­թիւ­նը սկսաւ ներ­կա­յաց­նել Խոթ­ցոն: Ան­ցած էր ա­մէն տե­սա­կի ֆի­զի­քա­կան բռնա­րարք­նե­րէ, հո­գե­բա­նա­կան ճնշու­մէ եւ ցա­ւէ: Տե­սած էր, թէ ինչ­պէ՛ս իր բա­րե­կամ­նե­րը մութ պայ­ման­նե­րու մէջ «ան­հե­տա­ցած» էին բան­տէն: Ապ­րած էր վա­խը: Զինք ամ­բաս­տա­նած էին որ­պէս յե­ղա­փո­խա­կա­նի եւ պե­տու­թեան դէմ դա­ւադ­րու­թիւն սար­քե­լու յան­ցա­գոր­ծու­թեամբ:

Խոթ­ցոն կը պատ­մէր իր «սրտէն»: Կը տես­նէի, թէ ինչ­պէ՛ս կը քրտնէր, երբ այդ ամ­բողջ ապ­րա­ծը դար­ձեալ կը վե­րապ­րէր՝պատ­մե­լով մե­զի: Կը փո­խադ­րէր մեզ այդ խցիկ­նե­րուն մէջ ապ­րած իւ­րա­քան­չիւր վայր­կեա­նը: Եւ թէ ինչ­պէ՛ս մարդ կրնար դառ­նալ, ըլ­լալ ան­մարդ­կա­յին նոյ­նինքն իր՝ մար­դուն նկատ­մամբ: Ար­տա­քին աշ­խար­հէն գրե­թէ խզուած պի­տի ապ­րէին այս կեան­քը՝ միշտ գի­տակ­ցե­լով այն հա­մո­զու­մին-ի­տէա­լին, թէ ի՛նչ բա­նի հա­մար եւ ին­չի՛ տես­լա­կանն էր, որ խթա­նած էր զի­րենք մտնե­լու այս մե­կու­սա­ցած կղզին:

Հար­ցու­ցի Խոթ­ցո­յին. «Ար­ժե՞ց կեանք մը տալ այդ նպա­տա­կին հա­մար»:

Խոթ­ցոն աչ­քե­րը ին­ծի սե­ւե­ռեց: Զգա­ցի, թէ պա­տաս­խա­նը պի­տի գար սրտէն: «Ին­ծի հա­մար սկիզ­բի տա­րի­նե­րուն շատ դժուար էր իմ այս պատ­մու­թիւնս պատ­մել մար­դոց: Բայց հի­մա կ՚ը­նեմ»:

Սկսայ տես­նել, թէ որ­քա՛ն հա­ւատք կայ Խոթ­ցո­յին կեան­քին մէջ: «Երբ նոր բանտ մտայ, շատ ա­տե­լու­թիւն կար սրտիս մէջ», ը­սաւ ան: Բան­տին մէջ սոր­վե­ցայ տես­նել ու­րի­շը, որ ինձ­մէ տար­բեր է,  եւ ա­տե­լու­թեան զգա­ցում­ներս փո­խուեցան, եւ ես հա­մո­զուե­ցայ, որ պէտք է բու­ժել մեր եր­կի­րը եւ նո­րը շի­նել»:

Խոթ­ցոն բան­տէն դուրս գա­լէն ետք բարձ­րա­ցած է լե­ռը եւ այն­տե­ղէն դար­ձեալ դի­տած է կղզին, բան­տը, որ խլեց իր­մէ կեան­քին մեծ բա­ժի­նը: «Եւ այն ժա­մա­նակ հոն՝ բան­տին նա­յե­լով, տե­սայ ա­զա­տու­թիւ­նը», ը­սաւ ան: «Ա­սի­կա իմ պատ­մու­թիւնս չէ, այլ՝ իմ երկ­րիս պատ­մու­թիւ­նը: Եւ տե­սայ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, թէ նո­րը պէտք է շի­նենք»:

Խոթ­ցոն այ­սօր կազ­մած է ըն­տա­նիք ու ըն­տա­նե­կան կեանք, եւ իր այս հա­մեստ աշ­խա­տան­քի մէ­ջէն ե­թէ մէկ կող­մէ կը ներ­կա­յաց­նէ իր ապ­րած ցա­ւը, բայց նաեւ՝ նո­րը շի­նե­լու ար­ժէ­քը: Եւ հրա­ժեշտ առ­նե­լէն ա­ռաջ ձեռքս ա­մուր սեղ­մեց եւ ը­սաւ. «Պէտք չէ յու­սա­հա­տիլ, նո­րը պէտք է շի­նել»:

Բայց տա­կա­ւին պէտք էր, որ պա­տաս­խա­նէի գոր­ծա­կի­ցիս հար­ցու­մին: «Ցա­ւը ինչ­պէ՞ս կրնաս մոռ­նալ»:

«Հա­յը իր ցա­ւը չմոռ­ցաւ», ը­սի գոր­ծա­կի­ցիս: Բայց այդ ցա­ւին մէ­ջէն հա­յը տքնե­ցաւ շի­նե­լու նո­րը՝ որ­պէս կեան­քի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւն: Բայց այս նո­րին մէջ, հա­յը իր ցա­ւը պա­հան­ջեց եւ մին­չեւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ՝ վկա­յե­լով ճշմար­տու­թիւ­նը եւ ար­դա­րու­թիւ­նը: Եւ նո­րը պէտք է հիմ­նել ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան գրա­ւա­կան­նե­րուն վրայ», ե­ղաւ իմ բա­ցատ­րու­թիւնս:

Խոթ­ցոն չմոռ­ցաւ իր ցա­ւը… Ե­թէ ցա­ւը կը պատ­մէ, այդ կ՚ը­նէ շի­նե­լու հա­մար նո­րը: Նո­րը, որ ար­դար է ու ճշմա­րիտ:

Հայն ալ իր ցա­ւը չմոռ­ցաւ: Եւ կ՚ապ­րի այ­սօր ար­դար ու ճշմա­րիտ նո­րը ստեղ­ծե­լու եւ նո­րին հաս­նե­լու տես­լա­կա­նով:

Բայց ար­դեօք ե՞րբ պի­տի գայ այդ օ­րը, երբ աշ­խար­հը պի­տի գի­տակ­ցի, որ ցա­ւը պէտք է վե­րա­նայ մարդ­կա­յին կեան­քին մէ­ջէն…

Մինչ այդ ե­րե­ւի ու­րիշ ելք ու ճար չկայ:

«Ցա­ւը ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է մոռ­նալ». յի­շե­լով եւ պա­հան­ջե­լով: Յի­շե­լով ցա­ւը եւ պա­հան­ջե­լով, ու տա­կա­ւին տքնե­լով՝ շի­նե­լու նո­րը՝ ար­դա­րու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան տես­լա­կա­նով:

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷ­ՊԷ­ՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Ապրիլ 17, 2017