Միացեալ Նահանգներու Ամենաքննարկուող Հայերէն Մէկը Եւ Տնական Գարեջրագործութեան Հայրը

Չար­լի Փա­փա­զեան գրե­թէ ա­մէն ինչ գի­տէ տնա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ գա­րե­ջուր պատ­րաս­տե­լու մա­սին: Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ սիրուած խմիչ­քին ա­մե­րի­կա­ցի գի­տա­կը այս գոր­ծին նուի­րած է իր ամ­բողջ կեան­քը:

Չար­լի Փա­փա­զեան, զոր յա­ճախ կ՚ա­նուա­նեն ա­մե­րի­կեան գա­րեջ­րա­գոր­ծու­թեան յե­ղա­փո­խա­կան, ծնած է 1949-ին Նիւ Ճըր­զի՝ հայ­կա­կան ըն­տա­նի­քի մէջ: Գա­րեջ­րա-­գոր­ծի նախ­նի­նե­րը Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ  տե­ղա­փո­խուած են պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նէն:

Չար­լին կրթու­թիւն  ստա­ցած է Վըր­ճի­նիա նա­հան­գի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ՝ հիւ­լէա­կան ու­ժի ճար­տա­րա­գէտ  մաս­նա­գի­տու­թեամբ, սա­կայն ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ կը զբա­ղի գա­րեջ­րա­գոր­ծու­թեամբ՝ դառ­նա­լով տնա­յին գա­րեջ­րա­գոր­ծու­թեան շարժ­ման հիմ­նա­դի­րը:

1979 թուա­կա­նին՝ Տեն­վը­րի մէջ, Փա­փա­զեան հիմ­նադ­րած է տնա­կան գա­րեջ­րա­գոր­ծու­թեան ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը, երբ մէկ տա­րի ա­ռաջ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գահ Ճի­մի Քար­թըր տնա­կան գա­րե­ջուր ար­տադ­րող­նե­րու հա­մար շու­կայ մուտք գոր­ծե­լու մա­սին օ­րէնք  մը ստո­րագ­րած էր: Իսկ ա­նոր «Տնա­կան գա­րեջ­րա­գոր­ծու­թեան լիա­կա­տար հա­ճոյ­քը» գիր­քը, որ հրա­տա­րա­կուած է 1984 թուա­կա­նին, ամ­բող­ջո­վին փո­խեց ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն վե­րա­բեր­մուն­քը  տնայ­նա­գործ գա­րե­ջու­րի նկատ­մամբ:

Կ՚ը­սեն, որ նոյն այդ հե­ղի­նա­կա­յին աշ­խա­տան­քը ո­գե­ւո­րած է Ա­մե­րի­կա­յի տնա­կան գա­րե­ջու­րի սի­րա­հար­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու ար­դիւ­նա­բե­րու­թիւ­նը  եւ դուրս գա­լու շու­կայ:

Փա­փա­զեա­նի ջան­քե­րով 1980-1990-ա­կան­նե­րուն տնայ­նա­գործ գա­րե­ջու­րի ար­տադ­րու­թիւ­նը դար­ձաւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու փոքր գոր­ծա­րա­րու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն ճիւ­ղե­րէն  մէ­կը:

2005-ին Չար­լի Փա­փա­զեա­նի ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը իր մէջ նե­րա­ռեց Ա­մե­րի­կեան գա­րեջ­րա­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը՝ դառ­նա­լով աշ­խար­հի մէջ խո­շո­րա­գուն կա­ռոյց­նե­րէն մէ­կը, որ մինչ օրս յա­ռաջ կը տա­նի ա­մե­րի­կա­ցի տնայ­նա­գործ գա­րե­ջուր ար­տադ­րող­նե­րուն շա­հե­րը:

Ա­մե­րի­կա­հայ Չար­լի Փա­փա­զեան կը հան­դի­սա­նայ հիմ­նա­դի­րը Տնա­կան գա­րեջ­րա­գոր­ծու­թեան հիմ­նար­կի եւ Ա­մե­րի­կեան գա­րե­ջու­րի մեծ փա­ռա­տօ­նի (GABF), որ ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­ւան­դա­բար կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի Քո­լո­րա­տօ նա­հան­գի Տեն­վըր քա­ղա­քին մէջ:

Այ­սօր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ աշ­խար­հի տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն ու­նի Չար­լի Փա­փա­զեա­նի հայ­կա­կան կայ­սե­րա­կան տնայ­նա­գործ գա­րե­ջու­րի բա­ղադ­րա­տոմ­սը: Գա­րե­ջու­րի բա­ղադ­րիչ­ներ կը հան­դի­սա­նան սա­թի մզուած­քը (էքստ­րակտ), սեւ մա­տու­տա­կը, տա­պա­կած գա­րին, հո­տա­ւէտ գայ­լու­կը եւ այլն:

Չար­լի Փա­փա­զեա­նին կը պատ­կա­նի  նաեւ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րուն կող­մէ յա­ճախ օգ­տա­գոր­ծուող հե­տե­ւեալ ար­տա­յայ­տու­թիւն՝ «Մի՛ մտա­հո­գուիր, թու­լա­ցի՛ր ու տնա­կան գա­րե­ջուր խմէ՛»:

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017