ԵՐԵՒԱՆԻ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՎԵՐԷՆ
Քանի մը օր ետք գարունը Հայաստանի մէջ իր լիիրաւ իրաւունքներուն կը տիրապետէ: Արդէն առաւօտուն քաղաքին մէջ քեզ առաջին ողջունողները կ՚ըլլան ծաղկած ծառերը, որոնք ճերմակ ծաղիկներով կ՚աւետեն գարնան գալուստը, իսկ անոնցմով հիացողները եւ առատ բերքին սպասողները կ՚աղօթեն, որ խիստ ցրտահարութիւն մը չըլլայ եւ գարնան բերքն ու բարիքը առատ ըլլան ամրան ամիսներուն:
Բացուած են նաեւ բացօթեայ սրճարանները եւ սրճարաններուն մէջ յայտնուած են գեղեցիկ ու վառ գոյներ կրող այցելուներ. ի դէպ նաեւ՝ մեծաթիւ զբօսաշրջիկներ: Բացօթեայ սրճարանը տրամադրութիւն կը բարձրացնէ փողոցին մէջ, բայց Երեւանի սրճարանային կեանքին մէջ նոր բացայայտում մը ըրինք, պեղելով եւ գտնելով այն սրճարանները, որոնք տեղակայուած են տանիքի մը վրայ կամ շէնքի մը վերի յարկերուն մէջ (rooftop): Յիրաւի, Երեւանը վերէն աւելի գեղեցիկ է: Վերնատուներուն, տանիքներուն եւ մէջտեղի յարկերուն մէջ տեղադրուած սրճարաններու այցելուները հիմնականօրէն անոնք են, որոնց համար խոհանոցէն, ուտելիքէն աւելի կարեւոր է տեսարանը եւ անոնք նմանատիպ վայրեր կը նախընտրեն վայելելու համար համայնապատկերը: Այդպէս է նաեւ աշխարհի այլ քաղաքներու մէջ. տեսարանին արժէքը գիտցողները մանաւանդ այնպիսի վայրեր կը փնտռեն, ուրկէ քաղաքը առաւել տեսանելի եւ գեղեցիկ է: Բայց վերին սրճարանները սովորաբար ունին նաեւ հրաշալի խոհանոց, որ աւելի խորհրդաւոր կը դարձնէ վայրը, տեսարանին կ՚աւելնայ համեղ ուտելիքն ու տարաշխարհիկ սնունդը:
Այդպէս է նաեւ Երեւանի մէջ. բարձր վայրերու մէջ տեղադրուած բոլոր սրճարանները ունին ինքնատիպ ուտելիք եւ ըմպելիքներ եւ այսպէսով անոնք չեն մնար զուտ քաղաքային համայնապատկեր դիտելու վայրեր:
Երեւանի ամանէն բարձր վայրին մէջ տեղակայուած բացօթեայ սրճարանը կը գտնուի Ազատութեան պողոտային վրայ։ Արենի լիճին եւ Յաղթանակի զբօսայգիին յարակից տարածքին վրայ կը գտնուի Երեւանի նորակառոյց հիւրանոցներէն մին՝ Radisson Blue պանդոկը, որուն տանիքին՝ եօթներորդ յարկին վրայ բացուած է AdAstra Restaurant&Bar-ը, ուրկէ ոչ միայն հիասքանչ տեսարան մը կը բացուի դէպի քաղաք, այլ նաեւ վայր մըն է՝ քաղաքի աղմուկէն կտրուելու եւ բնութեան մէջ հանգիստը վայելելու համար:
Radisson Blue պանդոկը Carlson Rezidor ամերիկեան խոշոր կազմակերպութեան նախագիծերէն մէկն է, որ իր անունը Երեւանի մէջ դրոշմած է 2016 թուականին։ Երեւանեան այս պանդոկը համալրուած է ողջ աշխարհի տարածքին գործող այդ անուան 990 պանդոկներուն շարքը: Կան երկիրներ կան, Radisson Blue-ի անունով քանի մը պանդոկ կը գործէ: Պանդոկային շուկային մէջ գործող չափանիշային սանդղակին մէջ Blue-ն համարժէք է հինգ աստղին եւ կը նկատուի ամենէն բարձր վարկանիշը: Ամենէն խստապահանջ հիւրերը բաւարարող այս պանդոկին չափանիշները նոյնքան խիստ են նաեւ Երեւանի մէջ, իսկ պանդոկի տանիքին գործող սրճարանը՝ AdAstra-ն, կը լրացնէ այդ չափանիշը: Ճաշարանի անունը լատիներէնէն թարգմանաբար կը նշանակէ դէպի աստղեր եւ մանաւանդ երեկոյեան ժամերուն անունը համահունչ է այն զգացողութեան, ինչ որ այցելուն կը զգայ Երեւանի բարձունքներէն մէկուն վրայ: Սրճարանի պատուհանէն կը բացուի նաեւ Արարատ լերան համայնապատկերը, իսկ ներսը միշտ կը հնչէ կենդանի երաժշտութիւն:
Ինչպէս քաղաքի բազմաթիւ վայրեր, AlAstra-ն նոյնպէս զատկուան երեկոյ ունի եւ Կիրակի իր այցելուներուն կ՚առաջարկէ զատկուան ճաշ եւ տօնական միջավայր:
Ուրիշ գողտրիկ վայրի մը՝ մայրաքաղաքին սիրտը նկատուող Կասկադ համալիրին մէջ, Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանին քով արդէն իր դռները բացած է Cascade Royal Restaurant and Lounge Bar համալիրը: Այս ճաշարանի հիմնական առաւելութիւնը համայնապատկերն է, որ օրուան իւրաքանչիւր ժամուն ա՛յլ տեսք կ՚ունենայ եւ երբեք նոյնը չ՚ըլլար: Առտու այստեղէն Երեւանը տարբեր հմայք կ՚ունենայ, կէսօրին եւս, իսկ երեկոյեան ճիշդ այս վայրէն կարելի է վայելել համայն հայութեան մայրաքաղաքի ողջ գոյները:
Երկյարկանի Cascade Royal-ը ունի չորս սրահ եւ պատշգամային հատուած, ծխողներու եւ չծխողներու սրահներ, ուրիշ դահլիճ մը սիկառի սիրահարներուն համար, իսկ առաջին յարկին վրայ կը գործէ մանկական սրահը, ուր երախաները կը հսկեն յատուկ աշխատողներ եւ կը զբաղին անոնց հետ:
Խոհանոցը այստեղ եւս բազմազան է հայկական ու եւրոպական ճաշատեսակներով: Cascade Royal տանիքային սրճարանը այսօր կը նկատուի բարձրաշխարհիկ խաւի եւ սփիւռքահայութեան սիրելի այցեվայրերէն, ուրկէ նոյնպէս Արարատ լեռը կ՚երեւի իր ողջ հմայքով: Մանաւանդ շաբաթավերջին այս տանիքին վրայ դժուար է ազատ տեղ գտնել եւ պէտք է օրեր առաջ ամրագրել: Երեւանի բարձրադիր այս սրճարանին մէջ նոյնպէս կը հնչէ կենդանի երաժշտութիւն:
Մօտ երկու տարի առաջ Երեւանի Աբովեան փողոցի շէնքերէն մէկուն չորրորդ յարկին վրայ բացուեցաւ Paparazzi ակումբը, որ նոր շունչ բերաւ երեւանեան ակումբային կեանքին: Ան ոչ միայն նկուղային վայրի մէջ չէ, ինչպէս բոլոր ակումբները, այլեւ հրաշալի տեսարան կ՚առաջարկէ իր բարձրադիր պատուհաններէն: Ակումբին տէրերը որոշած են յառաջանալ նաեւ ճաշարանային գործին մէջ եւ այսօր նաեւ անիկա լաւագոյն ճաշարաններէն մին է, որ բարձր տարածքի վրայ կը գործէ: Paparazzi Cafe-ին մէջ կան զանազան հատուածներ, ինչպէս օրինակ՝ բացօթեայ հատուածը, ուրկէ գեղեցիկ տեսարան մը կը բացուի դէպի Մոսկուա շարժանկարային սրահ. կայ նաեւ աշխատանքային հատուած մը, ուր կարելի է առանձնանալ եւ փողոցի անցուդարձը դիտելով աշխատիլ: Paparazzi Cafe-ին մէջ, նկատեցինք, որ լուսանկարչական շարքեր ընելու եւ քաղաքի համայնապատկերին վրայ յիշատակելի լուսանկարներ ստանալու համար կ՚այցելեն նորապսակ զոյգեր եւ իրենց հարսանեկան նկարներէն քանի մը հատը նաեւ այս վայրին մէջ կը լուսանկարուին:
Paparazzi Cafe-ին ճիշդ դիմացը՝ Մոսկուա շարժանկարային սրահին երրորդ յարկին վրայ կը գործէ Monroe Cafe&Lounge-ը, որ կրկին Երեւանի գլխաւոր փողոցներէն մէկուն՝ Աբովեան փողոցի անցուդարձը վերէն դիտելու հնարաւորութիւն կու տայ: Աբովեան փողոցը առատ է տանիքային սրճարաններով. թերեւս անոր համար, որ շատերուն սիրելի փողոցներէն մին է եւ այստեղ գրեթէ կեդրոնացած է քաղաքային կեանքին մեծ մասը: Աբովեան 3 հասցէի տանիքին գործող BLACKBERRY սրճարանը, ինչպէս նախորդ երկու տարիներուն, այս տարի եւս կը յաւակնի ամենէն պահանջուած ու մարդաշատ բացօթեայ սրճարաններէն մէկը ըլլալ, ուր ինչպէս կլկլակ կը ծխեն, այնպէս ալ՝ այլ զուարճանքի եւ հանգիստի միջոցներէն կ՚օգտուին։
Խօսելով Rooftop-երու մասին, նշենք, որ Երեւանի մէջ այդ մշակոյթի ներմուծողներէն եղած է El Sky Bar-ը, ուր ամէն օր կը հնչէ կենդանի ու ճաշակաւոր երաժշտութիւն: Ան կը գտնուի Գրիգոր Լուսաւորիչ 9 հասցէին վրայ գործող «Երեւան փլազա պիզնըս» կեդրոնի տանիքին: Այստեղ նոյնպէս նշանաւոր մարդոց ներկայութեամբ հետաքրքրական ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, ան մանաւանդ շոու-պիզնըսի նշանաւոր անուններուն նախընտրած վայրերէն մին է:
Բաղրամեան փողոցին վրայ, Գրողներու միութեան ճիշդ ետեւը, վերջին տարիներուն բացուած Opera Suite պանդոկի 13-րդ յարկին վրայ կը գործէ Forty-Four Sky Bar-ը: Ան տասներեք յարկի բարձրութենէն Երեւանը դիտելու բացառիկ հնարաւորութիւն կու տայ այցելուներուն, նախընտրելի վայր մը՝ բարձրաշխարհիկ հիւրերու, դիւանագէտներու համար: Իսկ երիտասարդները այս վայրը կ՚այցելեն պարելու, ինչպէս նաեւ՝ այդքան բարձրութեան վրայ լուսանկարուելու համար: Նշանաւոր են 13-րդ յարկի այդ տանիք-սրճարանէն կատարուող ինքնիկները:
Ամիրեան փողոցին վրայ գտնուող «Փարիզ» պանդոկի տանիքին կը գործէ Montmartre Restaurant-Cocktail-Bar-ը, ուր միջազգային ընկերութիւնները յաճախակիօրէն կը կազմակերպեն իրենց հաւաքոյթները:
Քիչ մը անդին՝ Մովսէս Խորենացի փողոցին վրայ գտնուող «Էլիտ փլազա պիզնըս» կեդրոնի վերջին երկու յարկերը կը զբաղեցնէ Mozaic Sky Restaurant&Sky Bar-ը, որ կը գործէ մինչեւ կէսգիշեր, եւ ուրկէ նոյնպէս ամբողջական տեսարան մը կը բացուի դէպի Երեւան:
Անշուշտ, որքան գեղեցիկ է քաղաքը տանիքէն, նոյնքան հրապուրիչ է վարէն, երբ ուղղակի աղմուկի, անցուդարձի մէջ ես եւ այդպէս կը վայելես սիրելի փողոցները, մարդոց ներկայութիւնը: Երեւանի մէջ օր օրի նոր վայրեր կը բացուին եւ նկատելի է, որ միտումները, այդ վայրերը զարդարելու, ձեւաւորելու, կ՚երթան դէպի հնագոյն ոճ: Հանգիստի վայրեր բացողները կ՚աշխատին խաղալ մարդոց յիշողութիւններուն հետ եւ անցեալէն յուշերով ու պատառիկներով կը ձեւաւորեն նորագոյն վայրերը: Շատցած են այն սրճարանները, ուր հին իրերը նոր շունչ կ՚առնեն եւ այցելուները ծանօթ գոյներ եւ յիշողութիւններ փնտռելու ակնկալիքով կը նստին այդպիսի տեղերու մէջ: Շատցած են նաեւ հայկական աւանդական ոճով ձեւաւորուած սրճարաններն ու ճաշարանները, ինչպէս նաեւ՝ անպակաս է խիստ ժամանակակից ոճը, որ նոյնպէս գերիշխող է երեւանեան հանգիստի վայրերուն մէջ: Իր բազմազանութեամբ Երեւանը միշտ կը մնայ սիրելի՝ թէ՛ տեղացիներուն, թէ՛ հիւրերուն համար:
Երեւանի գրեթէ բոլոր սրճարանները, կեդրոնները իրենց առաջարկները պատրաստած են Կիրակի օրուան Զատկուան տօնին առթիւ: Ձեւաւորուած է համապատասխան միջավայր՝ կանաչ, դեղին, կարմիր, գարնանային թարմ գոյներով, իսկ ճաշացանկին մէջ աւելցուած է զատկուան ձուկը, փիլաւը, կուլիչը եւ այլ անուշեղէններ:
Մանաւանդ Երեւանի մէջ հաստատաուած սփիւռքահայերը եւ անոնց այս օրերուն դուրսէն միացած բարեկամներ սովորութիւն ունին Զատիկը դուրսը, բարեկամներու, ընկերներու հետ նշելու եւ այս օրերուն կը փնտռեն յարմար միջավայր՝ գեղեցիկ ընտանեկան այդ տօնը յիշարժան դարձնելու համար:
Աշխարհի շուրջ
Վերջին տարիներուն Երեւանի մէջ նոյնպէս, ինչպէս շատ մը եւրոպական մայրաքաղաքներու մէջ, Սուրբ Յարութեան տօնէն առաջ կը զարդարուին սրճարանները, անուշեղէններու խանութները եւ զարդարանքի մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն զատկուան հաւկիթները՝ գունաւոր եւ զարդարուած: Տուրմէ հաւկիթներն ու նապաստակները այն հիմնական զարդարանքներն են, որոնք կան գրեթէ բոլոր երկիրներու մէջ, բայց ահաւասիկ, զանազան երկիրներու մէջ Զատիկ տօնելու տարբեր սովորոյթներ կան։ Իսկ երկիրներ ալ կան, որ նապաստակին այլ կենդանիներ կը փոխարինեն:
Եւրոպական երկիրներու մեծամասնութեան մէջ եկեղեցիի զանգակները, որոնք Զատիկի իսկական խորհրդանիշն են, հնչելէ կը դադրին Աւագ Ուրբաթէն մինչեւ Զատիկի Կիրակին, որովհետեւ, ըստ աւանդութեան, անոնք Հռոմ կ՚երթան հաւկիթներով բեռնաւորուած վերադառնալու համար: Վերադարձին անոնք կ՚անցնին պարտէզներուն մէջէն, ուր կը նետեն իրենց հաւկիթները:
Սակայն եւրոպական այլ երկիրներու մէջ զատկուան լուրը բերողները զանգակները չեն. Թիրոլի շրջանին մէջ հաւն է, Զուիցերիոյ մէջ՝ գուգուն է, Գերմանիոյ մէջ՝ ճերմակ նապաստակ մը, իսկ անգլիախօս երկիրներուն մէջ՝ վայրի նապաստակ մը:
Իտալիոյ մէջ վարդապետը կ՚օրհնէ Զատիկի հաւկիթները: Զատկուան Կիրակիի ճաշին ընթացքին տանտիկինը այդ հաւկիթները կը դնէ սեղանին կեդրոնը, որուն շուրջ կը հաւաքուի ամբողջ ընտանիքը, որմէ ետք կը սկսի խրախճանքը:
Աւստրալիոյ մէջ ալ զատկուան օրը նապաստակն է, որ կը բերէ հաւկիթները եւ զանոնք կը պահէ պարտէզին մէջ: Մանուկները շատ հաճելի ժամանակ կ՚անցընեն այդ պահուած հաւկիթները փնտռելով:
13-րդ դարէն ի վեր է, որ ներկուած հաւկիթները իսկապէս յայտնուած են: Անոնք կը փոխանակուէին Մեծ պահքի վերջաւորութեան առիթով՝ այս ձեւով խորհրդանշելով ձմրան զրկանքներու շրջանին աւարտը:
Զատկուան այս հաւկիթները տուրմէ են: Այս սովորութիւնը համեմատաբար նոր է: Տարբեր կաղապարներով ձեւաւորուած տուրմերը յայտնաբերուած են 19-րդ դարու սկիզբը: Մարդիկ հաւկիթներ կը ներկեն եւ կը զարդարեն աշխարհի չորս կողմերը: Կարգ մը երկիրներու մէջ ասիկա իսկական արուեստ կը համարուի:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024