ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեանի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Տիանա Գամբարոսեանն ու Քէյ Քէսթէկը։ Գալֆաեանը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 150-ամեակը եւ այս յոբելեանը նշելու համար կազմուած է կարգադիր յանձնախումբ մը։ Խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեան եւ Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Քէյ Քէսթէկ երէկ մեզի բացատրութիւններ տուին նախատեսուած յոբելենական ծրագրի ընդհանուր գիծերուն շուրջ։
Առաջին ձեռնարկները արդէն նախատեսուած են այս շաբաթավերջին։ Կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն ընդհանրապէս մեր համայնքի շրջանակներէն իգական սեռէ դէմքեր, որոնք ջանք ու եռանդ կը գործադրեն՝ մեր այս կարեւոր կրթա-դաստիարակչական օճախի յոբելեանի արժեւորման համար։