ՓՈԽԱԴՐԱՄԻՋԱՆՑՔԻ ԾՐԱԳԻՐ

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը մտա­դիր է փո­խադ­րա­մի­ջանցք մը ստեղ­ծել Պար­սից ծո­ցի եւ Սեւ ծո­վու մի­ջեւ։

Ճե­ւատ Զա­րիֆ, որ եր­կօ­րեայ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Թիֆ­լիզ, Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ հիւ­րը­նա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Մի­խա­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի հետ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րե­լու ա­ռըն­թեր, Զա­րիֆ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի եւ այլ նա­խա­րար­նե­րու հետ։ Թիֆ­լի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ Վրաս­տան-Ի­րան գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղով մը։ Զա­րի­ֆի խօս­քե­րով, Պար­սից ծո­ցի եւ Սեւ ծո­վու մի­ջեւ փո­խադ­րա­մի­ջանցք մը ստեղ­ծե­լու վե­րա­բե­րեալ Թեհ­րա­նի մտադ­րու­թիւ­նը պի­տի նպաս­տէ մար­դոց ա՛լ ա­ւե­լի մեր­ձեց­ման։

«Մենք քննար­կե­ցինք շարք մը հար­ցեր, նե­րա­ռեալ մեր եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ու­ժա­նիւ­թի, տա­րան­ցիկ փո­խադ­րում­նե­րու, տնտե­սու­թեան եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ», յայտ­նեց իր կար­գին Ճա­նե­լի­ծէ եւ ա­ւել­ցուց, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին Քվի­րի­քաշ­վի­լի պի­տի այ­ցե­լէ Թեհ­րան։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017