ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու Ե­րե­ւա­նի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դես­պան­նե­րուն հետ։ Տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­քին էին Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան, Նա­խա­գա­հա­կան աշ­խա­տա­կազ­մի ղե­կա­վար Ար­մէն Գէոր­գեան, Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Ա­շոտ Յո­վա­կի­մեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Թէ­յա­սե­ղա­նի շուրջ տե­ղի ու­նե­ցած այս հան­դիպ­ման սկիզ­բին Սերժ Սարգ­սեան ող­ջու­նեց դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը։ Ան մատ­նան­շեց, որ նման ձե­ւա­չա­փով այս հան­դի­պում­նե­րը ար­դէն դար­ձած են ա­ւան­դա­կան։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, զրոյ­ցի բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ու­նէր ծա­ւա­լուն վեր­լու­ծու­թեան մը բնոյ­թը։ Ար­դա­րեւ, Սերժ Սարգ­սեան օ­տար դես­պան­նե­րուն հետ զրու­ցեց զա­նա­զան նիւ­թե­րու շուրջ՝ սկսե­լով Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն, մին­չեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Սարգ­սեան պա­տաս­խա­նեց նաեւ դես­պան­նե­րուն կող­մէ ի­րեն ուղ­ղուած բո­լոր հար­ցում­նե­րուն։ Անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան վստա­հու­թիւն յայտ­նեց, որ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րուն հետ Հա­յաս­տա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ եւ լաւ ա­ւան­դու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծէ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս, ինչ որ ուղ­ղա­կի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է տա­րած­քաշր­ջա­նին հա­մար։ «Մենք պի­տի շա­րու­նա­կենք լիար­ժէ­քօ­րէն կա­տա­րել մեր մի­ջազ­գա­յին պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ ան­շուշտ ա­պա­ւի­նե­լով նաեւ ձեր եր­կիր­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեան», ը­սաւ Սերժ Սարգ­սեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017