ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ երէկ շնորհաւորական ջերմ հանդիպումներ տեղի ունեցան Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Ինչպէս ծանօթ է, այս տարի Ս. Զատկի օրուան զուգադիպեցաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէն։ Այս պատճառով տօնական օրուան համայնքային աւանդական ընդունելութիւնը տեղի չունեցաւ ակամայ։ Ինչպէս Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հաղորդուած էր նախապէս, Գումգաբուի մէջ երէկ հիւրընկալուեցան քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներն ու քաղաքիս հայաբնակ շրջաններու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչները, որոնք փոխանցեցին իրենց շնորհաւորութիւնները։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրուան տեւողութեան հիւրընկալեց պաշտօնական այցելուները՝ իր կողքին ունենալով Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը եւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեանը։ Ներկայ էին նաեւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթինին, Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանին եւ այլ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորին Սրբազնութիւնը օրուան տեւողութեան ջերմ հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճանի, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւի, Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինէտարի, Կղզեաց քաղաքապետ Աթիլլա Այթաչի եւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլի հետ։ Բոլոր հիւրերը Ս. Զատկի առթիւ մեր համայնքին համար փոխանցեցին բարեմաղթութիւններ։
Միւս կողմէ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ Ս. Զատկի առթիւ փոխադարձ այցելութեան մը փութաց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարան, ուր հիւրընկալուեցաւ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին կողմէ։