ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հայ մարմ­նա­մար­զա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀՄԸՄ) կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Գառ­նիկ Մկրտի­չեա­նը եւ իր ըն­կե­րա­կից­նե­րը։ Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց հա­մա­հայ­կա­կան այս կա­րե­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թեան ազ­գան­պաստ, ազ­գա­նուէր դա­րա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի մէջ՝ 20-29 Յու­լի­սին նա­խա­տե­սուած մար­զա­խա­ղե­րուն, ո­րոնց պի­տի մաս­նակ­ցին ա­ւե­լի քան 900 մար­զիկ­ներ աշ­խար­հի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հիւ­րե­րուն հետ զրու­ցեց իր գլխա­ւո­րած նա­խա­րա­րու­թեան եւ ՀՄԸՄ-ի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման ու զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր, ինչ­պէս նաեւ նա­խա­րա­րու­թեան ծրագ­րե­րուն այս կա­ռոյ­ցի ան­դամ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ 2018 թուա­կա­նին պի­տի նշուի ՀՄԸՄ-ի 100-ա­մեա­կը՝ զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ ու­նե­ցան նաեւ յո­բե­լեա­նի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017