ՀԱՄԻՏ ԱՆՍԱՐ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Հնդկաստանի փոխ-նախագահ Համիտ Անսար կը պատրաստուի այցելել Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան կը պատրաստուի ձեռնարկել դէպի Հայաստան եւ Լեհաստան շրջագայութեան մը, որուն առաջին փուլը պիտի հադիսանայ Երեւան։ Հնգօրեայ այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Համիտ Անսար Ապրիլի 24-ին պիտի գտնուի Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։
Ըստ նախատեսուած ծրագրին, Անսար հանդիպումներ պիտի ունենայ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ։ Ան պիտի տեսակցի նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն հետ։
Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ այցելութեան նպատակը երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններու հետագայ խորացումն է, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու լայն շրջանակի քննարկումն ու համագործակցութեան եւ գործընկերութեան հետագայ զարգացումը։