ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՇՈՒՔՈՎ
Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ տարեկան անուան տօնախմբութիւն։ Աւանդական շուքով նշուեցաւ եկեղեցւոյ անուան տօնը, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Ժիլպէռ Սրկ. Քարափեքմէզ եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Վառվառեան Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ Եդուարդ Պետոյեանի ղեկավարութեամբ եւ Սիրուն Սիրունեանի երգեհոնի ընկերակցութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը, որ տուաւ օրուան պատգամը, Ս. Պատարագի ընթացքին ուրար կրելու իրաւունք շնորհեց Սէրտար Դպիր Չաքանին։ Հոգեհանգստեան պաշտօնով կրօնական արարողութիւնները հասան իրենց աւարտին։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին հայր սուրբերը։ Ներկայ էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հիւրեր։ Ատենապետ Վարուժան Թավրայի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Վարուժան Թավրա, որ անդրադարձաւ Պօղոսեան-Վառվառեան երբեմնի վարժարանի շէնքի արժեւորման հարցին։ Ծանօթ է, որ այդ շէնքը որոշուած էր յատկացնել «Հրանդ Տինք» վարժարանին։ Վարձակալի մը ստեղծած խնդրին հետեւանքով կարելի չէ եղած դատարկել շէնքը։ Վարուժան Թավրա նշեց, որ Գումգաբուի Դրսի թաղային խորհուրդը այս հարցին շուրջ կ՚ենթարկուի անիրաւ քննադատութիւններու։ Իրենք պատրաստ են դպրոցը հիւրընկալելու այս պահուն արդէն ազատ տարածքներով։ Ատենապետ Թավրա մատնանշեց, որ ներկայիս այս նիւթին շուրջ աշխատանքները կը շարունակուին։
Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հուսք բանքով եւ աղօթքով։