ԹԱՔՍԻՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տարեկան անուան տօնախմբութեան առթիւ տեղի ունեցան փայլուն արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Սերժ Մսըրի։
Հանդիսադիր Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան տուաւ օրուան պատգամը։ Ան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ նաեւ Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած առկայ տագնապին ու տեղեկացուց, որ այս օրերուն վերստին պիտի մեկնի Գերմանիա։
Կրօնական արարողութիւնները իրենց աւարտին հասան հոգեհանգստեան պաշտօնով։
Եկեղեցական արարողութիւններէն վերջ Էսաեան սանուց միութեան սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ աշխարհիկ հաւաքոյթը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները։