TÜTÜN DEPOSU-Ի ՄԷՋ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ «102 ՔԱՅԼ» ՀԱՄԵՐԳԸ

Թոփ­հա­նէի Tütün Deposu-ի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ «102 քայլ» խո­րագ­րեալ հա­մերգ մը, որ ձօ­նուած էր հա­յոց Մեծ ե­ղեռ­նի 102-րդ տա­րե­լի­ցին։ Ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին այս ձեռ­նար­կին նկատ­մամբ, որ կազ­մա­կեր­պուած էր Music of Armenia-ի եւ Anadolu Kültür-ի հա­մա­տեղ նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Հայ, թուրք, քիւրտ եւ ա­լե­ւի ե­րա­ժիշտ­ներ գոր­ծադ­րե­ցին այս ծրագ­րին յայ­տա­գի­րը։ Ե­րե­կոյ­թի հիմ­նա­կան մե­նա­կա­տարն էր Հա­յաս­տա­նէն Յաս­միկ Յա­րու­թիւ­նեան, որ տպա­ւո­րիչ ձե­ւով մեկ­նա­բա­նեց ժո­ղովր­դա­կան-ազ­գագ­րա­կան եր­գեր։ Յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին նաեւ Սու­նա Ա­լան (Անգ­լիա), Մի­րազ (Թուր­քիա) եւ Էօզ­ճան Կիւլ (Թուր­քիա)։­

Ե­րե­կոյ­թի սկիզ­բին ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Music of Armenia-ի ղե­կա­վար Յաս­միկ Մով­սի­սեան, ո­րու մա­կա­նին ներ­քեւ այդ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լէ բազ­մա­կող­մա­նի գոր­ծու­նէու­թիւն։ Ա­ւե­լի վերջ սկսաւ օ­րուան ծրա­գի­րը։ Սրա­հը ամ­բող­ջու­թեամբ լե­ցուած էր ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու կող­մէ։ Սրա­հի յա­տա­կին շա­րուած էին մո­մեր, ինչ որ ստեղ­ծեց խորհր­դա­ւոր մթնո­լորտ մը։ Իս­կա­պէս ե­զա­կի ձեռ­նարկ մըն էր այս մէ­կը, ո­րու մաս­նա­կից­նե­րը թէ՛ ու­նե­ցան ե­րաժշ­տա­կան մեծ վա­յելք եւ թէ ի­րենց խո­հե­րուն մէջ ամ­բող­ջա­ցան Ե­ղեռ­նի զո­հե­րուն հետ։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2017