ՈՒՐՈՅՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հի եր­դի­քին տակ բա­ցուե­ցաւ շա­հե­կան ցու­ցա­հան­դէս մը։ «Լվո­վի հայ­կա­կան տա­ճա­րի վե­րած­նուն­դը» խո­րագ­րեալ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը ձօ­նուած էր Լե­հաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի 650-ա­մեա­կին։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ցու­ցա­հան­դէ­սը ե­րէկ բա­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր հա­ւա­քոյ­թով մը։ Նիւ­թը գե­ղա­րուես­տա­կան բարձր ո­րա­կով կը մա­տու­ցուի այս ցու­ցա­հան­դէ­սի ամ­բող­ջին մէջ՝ որ­պէս ու­րոյն վկա­յու­թիւն։ Հարկ է նշել, որ եր­կու տա­րի ա­ռաջ ա­ւար­տած էին Լվո­վի հայ­կա­կան տա­ճա­րի գլխա­մա­սի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը։ Եօթ տա­րուան այս շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը գան­ձատ­րուած էին Լե­հաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ։

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հի տնօ­րէն Ար­ման Ծա­տու­րեան ը­սաւ հե­տե­ւա­լը. «Լվո­վի հայ­կա­կան տա­ճա­րը, բա­րե­բախ­տա­բար, Բ. աշ­խար­հա­մար­տէն վերջ լաւ պահ­պա­նուած է։ Այ­սօր ե­կե­ղե­ցին ար­դէն կրկին ստա­ցած է իր պաշ­տա­մուն­քի վայ­րի նշա­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս ալ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծուած է սկսե­լու վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Այժմ տա­ճա­րը կը գտնուի ՈՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի պաշտ­պա­նու­թեան ներ­քեւ»։

­Ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ նաեւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Լե­հաս­տա­նի դես­պան Եէ­ժի Մա­րէք Նո­վա­քովս­կի։

Քրա­քո­վի մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նին կող­մէ պատ­րաս­տուած այս ցու­ցադ­րու­թիւ­նը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Մա­յի­սի 27-ը։  

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 26, 2017