ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԾՆՈՂԱՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

 Պէզ­ճեան Մայր վար­ժա­րա­նի ծնո­ղաց միու­թիւ­նը ե­րէկ Գում­գա­բուի մէջ կազ­մա­կեր­պեց կա­նանց հա­ւա­քոյթ մը։ Հա­մա­նուն սրա­հին մէջ ա­մառ­նա­մու­տի այս հա­ւա­քոյ­թը նա­խա­տե­սուած էր ի նպաստ դպրո­ցին։ Մայր վար­ժա­րա­նի հա­մա­կիր­նե­րը այս առ­թիւ հա­մախմ­բուե­ցան խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Ներ­կա­նե­րու շար­քին էին Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, Մայր վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Նա­յիր, նախ­կին տնօ­րէ­նու­հի Ե­ղի­սա­բէթ Չա­թա­նաս­լան եւ այլ հիւ­րեր։ Ծնո­ղաց միու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Ռին­տի­հան Էօք­սիւն եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին ձեռ­նար­կի բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։ Օ­րուան յայ­տա­գի­րը սկսաւ ա­տե­նա­պե­տու­հիի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Գոր­ծադ­րուե­ցաւ ե­րաժշ­տա­կան ծրա­գիր մը եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն։ Ռին­տի­հան Էօք­սիւ­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած կազ­մա­կեր­պիչ ծնո­ղաց միու­թեան կազ­մին մէջ էին հե­տե­ւեալ ա­նուն­նե­րը.

Մա­րիա Նա­լեան, Հիւ­լիա Շարք­լը, Ե­լիզ Մե­թին, Մա­րիամ Քափ, Վեր­ժին Պաղ, Կիւ­լէր Տո­լաշ, Այ­կիւլ Եըլ­տը­րըմ, Ժա­նէթ Ավ­ճու եւ Թա­լին Եու­լար­ճըօղ­լու։

    

Շաբաթ, Ապրիլ 29, 2017