«ԱՐԱ ԵՒ ՇԱՄԻՐԱՄ»Ի ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ՝ ՇԻՇԼԻԻ «ՔԵՆԹ» ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ
«Մարալ» երգի-պարի միութիւնը երէկ երեկոյեան հերթական անգամ ներկայացուց «Արա եւ Շամիրամ»ը։ Շիշլիի քաղաքապետութեան առընթեր «Քենթ» մշակոյթի միութեան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որ կազմակերպուած էր Հայ մշակոյթի եւ զօրակցութեան միութեան համագործակցութեամբ։ Գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին ձեռնարկին նկատմամբ։ «Արա եւ Շամիրամ»ը հերթական անգամ ներկայացուեցաւ՝ յայտնի արուեստագիտուհի Անի Իփեքքայայի մականին ներքեւ։ Պարախումբը ջերմ ծափողջոյններով առարկայ դարձաւ հանդիսատեսներու գնահատանքին ու համակրանքին։
Երեկոյթի հանդիսավարներն էին՝ Սարին Աքպաշ եւ Արեւ Կարեան։ Յանձնուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ Անի Իփեքքայային ուղարկուած գնահատագիրը։ Նախաձեռնարկ միութեան ատենապետը՝ Բիւզանդ Աքպաշ յուշանուէր մը յանձնեց Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարընին։ Թէ՛ Իփեքքայա եւ թէ Պարըն արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Ի յիշատակ այս ձեռնարկին՝ Լորին Տեմիրճի յուշանուէրներ յանձնեց Անի Իփեքքայային, Լեռնա Փափազեանին, Դալար Քէօսէօղլուին, Ալիտա Տիվանեանին, Շահան Սարըօղլուին եւ Արժեն Պրուսկին, որոնք առանցքային դեր ստանձնած էին ծրագրին մէջ։
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024