Անօրէն գաղթականութիւնը եւ հետեւանքները

Վեր­ջերս մամ­լոյ եւ տե­ղե­կա­տուա­կան այ­լա­զան աղ­բիւր­նե­րէ կ՚ի­մա­նանք այն ին­չին տե­ղեակ չէինք ան­ցեալ տա­րի­նե­րուն: Օ­րի­նակ՝ եր­կու ա­նօ­րէն կե­ցու­թեամբ ամ­բաս­տա­նուած ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ մին տասնեօթ տա­րե­կան, միւ­սը՝ տասնութ, հա­րա­ւ-ա­մե­րի­կեան եր­կիր­նե­րու բնա­կիչ­ներ, ո­րոնք Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ կը գտնուին ու­սա­նո­ղա­կան պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ, կը բռնա­բա­րեն 14-ա­մեայ աղ­ջիկ մը Մե­րի­լենտ նա­հան­գի վար­ժա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Մի քա­նի շա­բաթ ա­ռաջ մէկ այլ ա­նօ­րէն գաղ­թա­կան մը, որ երկ­րէն վտա­րուած էր հինգ ան­գամ եւ յա­ջո­ղած կրկին մուտք գոր­ծել Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, սպան­նած էր իր ազ­գա­կա­նը եւ ոս­տի­կան մը, շարք մը այլ ան­ցեա­լին կա­տա­րած ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն կար­գին: Կան նաեւ այլ պա­տա­հար­ներ, ո­րոնք մինչեւ այ­սօր աղ­մուկ կը յա­րու­ցա­նեն հա­սա­րա­կու­թեան մէջ, դէմ ու թեր ցոյ­ցե­րով եւ ա­րարք­նե­րով:

Նա­խա­գահ Թրամ­փի ընտ­րու­թեան ա­ռա­ջին օ­րէն սկսեալ նման ա­րարք­ներ ե­րե­ւան կու գան լրա­տուա­կան աղ­բիւր­նե­րէ, հա­մա­րեա ա­մէն օր, Ա­մե­րի­կա­յի մէկ ան­կիւ­նէն կամ միւ­սէն: Պահ մը հարց կու տանք մենք զմեզ. ար­դեօք աս­կէ ա­ռաջ այս­պի­սի ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­ներ տե­ղի չէի՞ն ու­նե­նար, կամ ե­թէ կ՚ու­նե­նա­յին, ին­չո՞ւ տե­ղեակ չէր հան­րու­թիւ­նը:

Հար­ցը չի կա­յա­նար նա­խա­գահ­նե­րու նա­խընտ­րու­թեան վրայ:

Այլ՝ լրա­տուա­կան կայ­քե­րու եւ աղ­բիւր­նե­րու մտա­րուես­տա­կան հա­րա­զատ, ան­կեղծ եւ օ­րի­նա­կան տե­ղե­կա­տուու­թեանց եւ հա­ղոր­դում­նե­րուն վրայ: Այ­սօր, ակ­նե­րեւ են այս­պի­սի լրա­տուա­կան աղ­բիւր­նե­րու  ան­կեղ­ծու­թեան եւ հա­րա­զա­տու­թեան հա­ւաս­տիու­թիւն­նե­րը: Հե­ռուս­տա­տե­սի­լի, կայ­քէջ­ե­րու կամ մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րը մե­ծա­մաս­նու­թեամբ վե­րա­ծուած են ան­հա­տա­կան վեր­լու­ծում­նե­րու, ա­նի­մաստ, եր­կա­րատեւ շա­ղակ­րա­տու­թիւն­նե­րու, ընտ­րո­վի, ա­նի­մաստ եւ ան­տե­ղի հա­ղոր­դում­նե­րու, խե­ղա­թիւ­րում­նե­րու, քա­ղա­քա­կան նպա­տակ­նե­րու հե­տապնդ­ման կամ հե­տե­ւո­ղա­կան աղ­բիւր­նե­րու, ո­րոնք կ՚օ­րօ­րեն հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ան­ծայ­րա­ծիր մո­լո­րուա­ծու­թեան մէջ: Հա­պա ա­նոնց ստա­ցած երկ­նա­կա­մա­րա­յին սահ­մա­նա­մերձ աշ­խա­տա­վար­ձե՞­րը: Ո՞ւր մնաց հայ հա­մեստ լրագ­րո­ղին հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ա­նոնց հետ:

Բա­րե­կամ մը ու­նիմ, որ կը դա­սա­ւան­դէ լրագ­րա­կան մաս­նա­գի­տու­թիւն նա­հան­գիս հա­մալ­սա­րան­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Յա­ճախ կ՚այ­պա­նեմ զինք նման լրագ­րող­ներ վկա­յե­լուն հա­մար. չէ՞ որ լրագ­րո­ղը եւս եր­դում կու տար, բժիշ­կին նման, ըլ­լա­լու ան­կեղծ եւ ա­նա­չառ իր ա­րուես­տին մէջ: Բայց լսո­ղը ո՞վ:

Վե­րա­դառ­նա­լով Մե­րի­լեն­տի մեր դրուա­գին, զար­մա­նա­լիօ­րէն կը լսենք, թէ այդ նա­հան­գի խորհր­դա­րա­նը ո­րո­շում կը կա­յաց­նէ նա­հան­գը, կարգ մը այլ նա­հանգ­նե­րու նման, «ա­պաս­տա­նա­րան նա­հանգ»ի դրու­թեան ներքեւ դնել: (Բա­րե­բախ­տա­բար՝ նա­հան­գա­պե­տը ար­դէն ժխտո­ղա­կան ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է)։ Մէկ խօս­քով՝ պաշտ­պա­նու­թեան տակ առ­նել այդ եր­կու բռնա­բա­րող ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ա­նոնց ա­պա­ւէն շնոր­հե­լով նա­հան­գին մէջ: Զար­մա­նա­լի պա­տիժ:

Տա­րի­նե­րէ ի վեր կը բնա­կինք Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ եւ տա­կա­ւին մի քա­նի ա­մի­սէ ի վեր տե­ղեակ ենք սա (Սէնք­չուէ­րի սի­թի կամ Սէնք­չուէ­րի սթէյթ) (ա­պաս­տա­նա­րան քա­ղաք կամ նա­հանգ) կո­չուա­ծին մա­սին: Իսկ ա­ւե­լին՝ կ՚ի­մա­նանք նաեւ, թէ՝ այս «ա­պաս­տա­նա­րան­նե­րը» ոճ­րա­գոր­ծե­րու, փախս­տա­կան­նե­րու եւ ա­նօ­րէն­նե­րու հա­մար տրա­մադրուած հա­մա­լիր­ներ են, ուր կը պատսպարուին եւ օ­րէն­քէ կը պաշտ­պա­նուին եւ կը պա­հուին ա­նոնք... իսկ այդ բո­լո­րը՝ մեզ­մէ՝ ան­տե­ղեակ ժո­ղո­վուր­դէն խլուած  գու­մար­նե­րով: Ե՞րբ անն­կատ եւ ան­ձայն ի­րա­կա­նա­ցան այս բո­լո­րը: Խոր թմբի­րի մէ՞ջ էր ժո­ղո­վուր­դը, երբ իշ­խա­նու­թիւ­նը կը գոր­ծէր թա­քուն ու գաղ­տա­գո­ղի, հե­տա­մուտ՝ իր հե­ռան­կա­րի յա­ջո­ղու­թեամբ միայն:

Պահ մը ե­րե­ւա­կա­յել այդ սէնք­չուէ­րի սի­թի­նե­րու բնակ­չու­թեան վա­յելք­նե­րը, չյի­շե­լու հա­մար բան­տար­կեալ­նե­րուն շնոր­հուած ա­ռա­տա­ձեռն բնա­կա­րան­ներն ու վա­յելք­նե­րը, ո­րոնք կը զլա­ցուին հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դին, պար­զա­պէս՝ զա­նոնք հան­դար­տեց­նե­լու եւ գոհ պա­հե­լու սի­րոյն:  Բայց, ի սէր Աս­տու­ծոյ, ա­րար աշ­խարհ գի­տէ, թէ ո՛ւր պէտք է ըլ­լայ ոճ­րա­գոր­ծին տեղն ու վախ­ճա­նը:

Ա­նիշ­խա­նու­թիւ­նը ծայր կու տայ երկ­րի մը մէջ, երբ «ա­մէն մէկ գլու­խէն մէկ ձայն» կը լսուի: Հե­տաքրք­րա­կան է ի­մա­նալ, թէ նախ­կին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ի՞նչ նպա­տակ­ներ կը հե­տապն­դէին այս­պի­սի «ա­պաս­տա­նա­րան­ներ» շնոր­հե­լով ոճ­րա­գոր­ծե­րուն, քաջ ի­մա­նա­լով որ շան պո­չը շտկուե­լու չէ:

ՅԱ­ԿՈԲ ՄԱՐ­ՏԻ­ՐՈ­ՍԵԱՆ

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017