ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ ԱՅՑԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վերջին օրերուն այցելեց Հնդկաստան, ուր շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հնդկաստանի Նախագահ Փրանապ Մուխերճի Նոր Տելհիի մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ Էրտողանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ իր երկիրը։ Երկու նախագահներու տեսակցութեան եւ միւս բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները։
Նոր Տելհիի մէջ Հնդկաստանի Վարչապետ Մոտիի հետ եւս հանդիպում մը ունեցաւ Էրտողան։ Այս տեսակցութենէն վերջ սարքուեցաւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։
Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Հնդկաստանի վարչապետը Էրտողանին մանրամասնութիւններ փոխանցեց իր կառավարութեան կողմէ մշակուած բնակարանաշինութեան ծրագրերուն շուրջ եւ մտադրութիւն յայտնեց այդ աշխատանքներուն Թուրքիայէն շինարարներ ընդգրկելու ուղղութեամբ։