ՄԱՐԴԱՍԷՐ ՄԻԼԻԱՌԱՏԷՐ ՄԱՐԴԻԿ
Ամերիկացի մարդասէր Անտրիւ Քարնէկի առիթով մը ըսած է. « Ոչ ոք ինքնիրեն կրնայ հարստանալ, առանց ուրիշները հարստացնելու: Հարուստ մահացող անձը անպատիւ կը մեռնի»:
Բազմաթիւ յաջող առեւտրականներ, գործարարներ իրենց կեանքի որոշ հանգրուանի մը մտածած են բաժնեկցելու եւ իրենց հանրութեան վերադարձնելու, մարդասիրական գործունէութեան մասնակցելու մասին: Ոմանք կ՚ըսեն ատիկա վեհանձնութենէ, առատաձեռնութենէ կը բխի, ուրիշներ կը պնդեն, որ տուրքերէ խուսափելու համար է:
Այսպէս թէ այնպէս բարեսիրական նպատակներու համար ծախսուող դրամին կարիքը կայ, եւ անիկա որեւէ ձեւով մէկու մը կեանքին վրայ կրնայ ազդեցութիւն ունենալ:
Ներկայացուող գործարարները կը հաւատան, որ դրամը բաժնեկցիլը հոգատարութիւն է:
ՏԻԹՄԱՐ ՀՈՓ
Գերմանացի գործարար Տիթմար Հոփ հիմնադիրն է համակարգիչի ծրագրաւորման ՍԱՓ ընկերութեան: Իր հիմնադրամը շուրջ 1 միլիառ տոլար նուիրած է կրթական, մարմնամարզի եւ առողջապահական ծառայութիւններու, իր ծննդավայրին մէջ: Տիթմար Հոփի հարստութիւնը կը գնահատուի 6.3 միլիառ տոլար:
ՓԻԷՌ ՕՄԻՏԻԱՐ
Ֆրանս-իրանեան-ամերիկացի գործարարը, որ ֆրանս-իրանեան ծագում ունի, հիմնադիրներէն եւ այժմու տնօրէնն է իՊէյ-ի: 1998-ին իր կնոջ հետ հիմնեց Օմետիար հիմնարկը, որ նուիրատուութիւններ կը կատարէ մարդասիրական հաստատութիւններու, սննդամթերքի, ճարտարագիտութեան եւ ուժանիւթի նախաձեռնութիւններու: 2015 թուականին Օմետիար 270 միլիոն տոլար արժող իՊէյ-ի բաժնեթուղթերը նուիրեց չբացայայտուած բարեսիրութեան: Ցարդ ան նուիրած է 1 միլիառ տոլար:
ՄԻՔԱՅԷԼ ՏԵԼԼ
Համակարգչային ՏԵԼԼ գործարանի նախագահը կը սիրէ աջակցիլ կրթական, ընկերային, մարդկային ծառայութիւններու, արուեստներու, մշակոյթի եւ հասարակութեան բարգաւաճման աշխատանքներու, որոնց համար ան նուիրած է 1.1 միլիառ տոլար: Անոր հիմնարկը խոստացած է 25 միլիոն տոլար նուիրել Թեքսասի մէջ 211 անկողիններով հիւանդանոցի մը կառուցման:
ՃԷՅՄՍ ՍԱՅՄԸՆԶ
Ճէյմս Սայմընզ նախագահն է Ռընէսանզ Թէքնոլոճիզի, որ 65 միլիառ տոլար արժող կալուածներ ունի: Իր կնոջ հետ հիմնած է Սայմընզ հիմնադրամը, որ գլխաւորաբար գումարներ կը յատկացնէ կրթական նպատակներու համար: Անոնք նոյնպէս հիմնած են երկու այլ կազմակերպութիւններ՝ ի յիշատակ իրենց երկու զաւակներուն, որոնք մահացած են 1996 եւ 2003 թուականներուն:
ԹԵՏ ԹԸՐՆԸՐ
Ամերիկեան տեղեկատուուական ցանցի հիմնադիր Թետ Թըրնըր 1997 թուականին 1 միլիառ տոլար նուիրած է ՄԱԿ-ի՝ կիներու, մանուկներու, բնապահպանութեան, համաշխարհային խաղաղութեան եւ անվը-տանգութեան հարցերու օգնելու նպատակով: Անոր նուիրատուութիւններու գումարը կը հասնի 1.2 միլիառ տոլարի:
ՃՈՆ ՀԱՆՑՄԱՆ
Միացեալ Նահանգներու մէջ փոլիսթիրենի ամենէն խոշոր արտադրիչ Հանցման Քիմիական ընկերութեան հիմնադիրը նոյնպէս մարդասիրական մեծ գործունէութիւն կը ծաւալէ: Քաղցկեղի ուսումնասիրութեան աշխատանքներուն համար անոր յատկացուցած գումարները կը հասնին 1.2 միլիառ տոլարի: Հանցման ստորագրած է «Նուիրելու խոստում»ը արշաւ մը, որուն նպատակն է քաջալերել մեծահարուստները, որպէսզի յանձնառու ըլլան իրենց հա-րըստութեան մեծ մասը յատկացնելու մարդասիրական նպատակներու: Այս արշաւին նախաձեռնած են Ուորըն Պաֆեթ եւ Պիլ Կէյց:
ԼԻ ՔԱ-ՇԻՆԿ
Ասիոյ ամենէն հարուստ անձերէն Լի Քա-Շինկ Հոնք Քոնկի գործարարներէն, ներդրողներէն եւ մարդասէրներէն մէկն է: Անոր հաստատած հիմնադրամը կ՚օժանդակէ կրթական, առողջապահական, մշակութային եւ ընկերային ծառայութիւններու: Լի կը նկատուի Ասիոյ ամենէն առատաձեռն մարդասէրներէն մէկը: Անոր նը-ւիրատուութիւններուն գումարը կը հասնի 1.2 միլիառ տոլարի:
ՓՈԼ ԱԼԸՆ
Մայքրոսոֆթի համահիմնադիր (Պիլ Կէյցի հետ) Փոլ Ալըն այժմ նախագահն է սեփական ներդրումային Վուլքան ընկերութեան: Անոր հաստատած ընտանեկան հիմ-նադրամը միլիոնաւոր տոլարներ յատկացուցած է համաշխարհային առողջապահական հարցերու: Ցարդ ան 2 միլիառ տոլար նուիրած է բարեսիրական ծառայութիւններու:
ՃՈՐՃ ՔԱՅԶԸՐ
ՊՈՔ ելեւմտական ընկերակցութեան նախագահին հաստատած ընտանեկան հիմնադրամը նուիրատուութիւններ կը կատարէ կրթական, կրօնական, ընկերային ծառայութեանց կեդրոններու: 2010 թուականին ան եւս միացած է «Նուիրելու խոստում» շարժումին: Ցարդ ան նուիրած է 3.3 միլիառ տոլար:
ՄԻՔԱՅԷԼ ՊԼՈՒՄՊԵՐԿ
Պլումպերկ լրատուամիջոցի հիմնադիր եւ այժմու նախագահը, Նիւ Եորքի նախկին կառավարիչն էր: Անոր հիմնադրամը յատկացումներ կատարած է հեղինակաւոր համալսարաններու, Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան, դպրոցներու, հանրային բժշկական կեդրոններու: Ան ցարդ նուիրած է 3 միլիառ տոլար:
ԷԼԻ ՊՐՈՏ
Զանազան ճարտարարուեստներու մէջ հինգ հարիւր յաջող ընկերութիւններ կառուցած միակ գործարարը՝ Էլի Պրոտ երկու հիմնադրամներ հաստատած է. Էլի եւ Էտի Պրոտ հիմնադրամ եւ Պրոտ Արուեստի հիմնադրամ: Անոնց նուիրատուութիւններու գումարը կը հասնի 3.3 միլիառ տոլարի:
ՔԱՐԼՈՍ ՍԼԻՄ ՀԵԼՈՒ
Քարլոս ինքնաշխատութեամբ աշխարհի ամենէն հարուստ միլիառատէրներէն է: Ան աշխարհի ամենէն հարուստ երեք անձերէն մէկն է: Զանազան հիմնադրամներու միջոցով Քարլոս Սլիմ Հելու 4 միլիառ տոլար նուիրած է բարեսիրական նպատակներու:
ԿՈՐՏԸՆ ՄՈՒՐ
Ինթելի համահիմնադիր Կորտըն Մուր 2006 թուականին հանգստեան կոչուած է վարչական գործերէ եւ այս օրերուն իր կնոջ հետ կը զբաղի մարդասիրական աշխատանքով: Միասնաբար անոնք կը ղեկավարեն Կորտըն եւ Պեթի Մուր հիմնադրամը, որ արդէն իսկ 5 միլիառ տոլար նուիրած է բնապահպանութեան, առողջապահութեան եւ գիտութեան ասպարէզներուն:
ՍՈՒԼԷՅՄԱՆ ՊԸՆ ԱՊՏԷԼ ԱԶԻԶ ՌԱԺՀԻ
Սուլէյման իր երեք եղբայրներուն հետ 1957 թուականին հիմնած է Ալ Ռաժհի դրամատունը, որ այժմ իսլամական աշխարհի ամենէն խոշոր դրամանատուներէն է: Ռաժհի ընտանիքը Սէուտական Արաբիոյ ոչ արքայական ամենէն հարուստ ընտանիքներէն է: 2011 թուականին Սուլէյման պըն Ապտէլ Ազիզ Ռաժհի յայտարարեց, որ իր 7.7 միլիառ տոլար գնահատուող հարստութեան մեծամասնութիւնը որոշած է նուիրել բարեգործական նպատակներու: Ցարդ Սուլէյման նուիրած է 6 միլիառ տոլար:
ՄԱՐՔ ԶՈՒՔԵՐՊԵՐԿ
Աշխարհի ամենէն երիտասարդ միլիառատէրներէն մէկը, որ իր սեփական աշխատանքով հասած է ատոր: Ֆէյսպուքի հիմնադիր Զուքերպերկ եւս ստորագրած է «Նուիրելու խոստում»ը: Ան խոստացած է ամբողջ կեանքին ընթացքին հարստութեան առնուազն կէսը բաժնեկցիլ: Ան արդէն իսկ մարդասիրական նպատակներու համար նուիրած է 1.6 միլիառ տոլար: Մարք Զուքերպերկ եւ իր կինը անցեալ տարի 25 միլիոն տոլար յատկացուցին Էպոլայի դէմ պայքարին համար:
ՇԱՐԼ ՖՐԱՆՍԻՍ ՖԻՆՆԻ
«Մարդասիրութեան Ճէյմս պոնտը» անուանուած Ֆրանսիս Ֆիննի համահիմնադիրներէն է «Տուրքէ զերծ գնումներ խմբաւորման»: Որոշելով իր ամբողջ հարստութիւնը յատկացնել մարդասիրական նպատակներու, Ֆիննի ցարդ նուիրած է 6.7 միլիառ տոլար: Ֆրանսիս Ֆիննի հիմնադրամը կ՚աջակցի կրթական, գիտական, բժշկական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու ասպարէզներուն, աշխարհի զանազան երկիրներու, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու, Վիեթնամի եւ Պերմուտայի մէջ:
ԱԶԻՄ ՓՐԵՄԺԻ
Մարդասէր, առետրական Հնդկաստանի գործարար Ազիմ Փրեմժի նախագահն է Վիփրօ խորհրդատուական ընկերութեան: Ան առաջին հնդիկն է, որ ստորագրած է «Նուիրելու խոստում»ը։ «Ես հաստատ կը հաւատամ, որ մեզմէ անոնք, որոնք առանձնաշնորհուած են հարստութիւն ունենալու, պէտք է նշանակալից աջակցութիւն ցուցաբերեն փորձելով ստեղծել աւելի լաւ աշխարհ մը բոլոր անոնց համար, որոնք նուազ առանձնաշնորհեալ են», ըսած է ան առիթով մը: Ցարդ ան նուիրած է 8 միլիառ տոլար:
ՃՈՐՃ ՍՈՐՈՍ
Հունգարացի գործարար, հեղինակ եւ մարդասէր Ճորճ Սորոս նախագահն է Սորոս հիմնադրամին: Զայն կ՚անուանեն՝ «Մար-դը, որ սնանկացուց Անգլիոյ դրամատունը», որովհետեւ ան վաճառեց 10 միլիառ արժողութեամբ բրիտանական սթերլինկ, ապահովելով 1 միլիառ տոլարի շահ մը: Ատիկա տեղի ունեցաւ 1992 թուականներուն՝ Սեւ Չորեքշաբթի Բրիտանիոյ արժոյթի տագնապին ընթացքին: Ան 8 միլիառ տոլար նուիրած է համայնքային բարգաւաճման, ընկերային ծառայութիւններու, առողջապահութեան եւ կրթական ասպարէզներուն:
ՈՒՈՐԸՆ ՊԱՖԵԹ
Պիրքշայր Հաթաուայի նախագահը աշխարհի ամենէն հարուստ առատաձեռն անձնաւորութիւններէն է: Ցարդ ան նուիրած է 21.5 միլիառ տոլար: 2006 թուականին Պաֆեթ խոստացաւ իր հարստութեան 85 առ հարիւրը նուիրել Պիլ եւ Մելինտա Կէյթս հիմնադրամին եւ այլ հիմնադրամներու, որոնք հաստատած են ընտանիքի անդամները:
ՊԻԼ ԿԷՅԹՍ
Ամբողջ կեանքին ընթացքին Պիլ Կէյթս 27 միլիառ տոլար արժողութեամբ նուիրատուութիւններ ըրած է: Ժամանակին մեծ մասը կ՚անցընէ ղեկավարելով մարդասիրական ծրագիրներ Պիլ եւ Մելինտա Կէյթսի հիմնադրամի հովանաւորութեամբ: Կէյթս զոյգը հիմնադիրն է Մայքրոսոֆթի, որ համակարգչային ծրագրաւորումի աշխարհի ամենէն խոշոր ընկերութիւնն է:
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
«Ազդակ», Լիբանան
Օգտագործուած աղբիւր՝ «Աֆրիզափ»
Հարթակ
- 12/23/2024