ՆԵՐԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան կը պատ­րաս­տուի մեկ­նիլ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Ե­րէկ, յետ­մի­ջօ­րէի ժա­մե­րուն հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը ու­նե­ցանք Նո­րին Սրբազ­նու­թեան հետ, որ կը գտնուի Գեր­մա­նիոյ մէջ։ Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը Գեր­մա­նիա­յէն մե­զի յայտ­նեց, որ մէկ-եր­կու օ­րուան ըն­թաց­քին պի­տի մեկ­նի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր մի­ջոց մը մնա­լէ վերջ պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Մոս­կուա՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ժո­ղով­նե­րուն։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը մաս­նա­ւոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չհա­ղոր­դեց իր ծրագ­րին կամ նա­խա­տե­սած շը-փում­նե­րուն շուրջ, սա­կայն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ-ծըւած առ­կայ տագ­նա­պի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կա­րե­լի է հե­տեւց­նել, որ ան նե­րե­կե­ղե­ցա­կան հար­թու­թեան վրայ ար­ժե­ւո­րում մը պի­տի կա­տա­րէ՝ յստա­կեց­նե­լու հա­մար մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յի իր ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։ Են­թադ­րե­լի է, որ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան պի­տի տե­սակ­ցի Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին հետ։ 15 Մար­տին տե­ղի ու­նե­ցած Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րէն եւ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն վերջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը փո­խան­ցած էր իր օրհ­նու­թիւ­նը Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին եւ Ս. Զատ­կի պատ­գա­մին մէջ ալ նշած՝ իր ա­նու­նը։ Այս բո­լո­րէն վերջ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը ա­ռա­ջին ան­գամ ե­րես-ե­րե­սի տե­սակ­ցե­լու հնա­րա­ւու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ Նո­րին Սրբու­թեան հետ։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան գլուխ-գլու­խի քննար­կում մը պի­տի ու­նե­նան՝ ամ­փո­փե­լու հա­մար վեր­ջին ա­միս­նե­րու ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ էջ­միած­նի մէջ նա­խա­տե­սուած այս խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան պի­տի ու­ղե­ւո­րուի դէ­պի Մոս­կուա, ուր նա­խա­տե­սուած է ԳՀԽ­-ի ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նը՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջին շրջա­նին Նո­րին Սրբու­թեան տնօ­րի­նու­թեամբ ԳՀԽ­-ի ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջան­նե­րը եր­բեմն կը կազ­մա­կեր­պուին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծնէ դուրս։ Նման ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցած էր Ար­ցա­խի մէջ, իսկ երկ­րոր­դը՝ Նիւ Եոր­քի մէջ, Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի հիւ­րըն­կալ­մամբ։ Այս ան­գամ ալ ԳՀԽ­-ի նստաշր­ջա­նը Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին բարձր տնօ­րի­նու­թեամբ նա­խա­տե­սուած է Մոս­կուա­յի մէջ՝ Ռու­սաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի հիւ­րըն­կալ­մամբ։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ար­դէն ԳՀԽ­-ի ան­դամ է՝ որ­պէս Գեր­մա­նիոյ Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նորդ։ Իսկ այս ան­գամ ան նստաշր­ջա­նին պի­տի մաս­նակ­ցի որ­պէս Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ։ Մի­ջան­կեալ նշենք, որ ե­րէկ Գում­գա­բուի աղ­բիւր­նե­րէն տե­ղե­կա­ցանք, թէ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յի ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցին վրայ չէ նա­խա­տե­սուած այ­ցե­լու­թիւն մը դէ­պի Մոս­կուա կամ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին եւ մաս­նակ­ցու­թիւն՝ ԳՀԽ­-ի նստաշր­ջա­նին։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ ե­թէ վեր­ջին պա­հուն ո­րե­ւէ նո­րու­թիւն կամ փո­փո­խու­թիւն չըլ­լայ՝ ա­պա ԳՀԽ­-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի միակ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը պի­տի ըլ­լայ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան։ Դժուար չէ են­թադ­րել, որ առ­կայ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պը օ­րա­կար­գի վրայ գայ նաեւ ԳՀԽ­-ի նստաշրջա­նին ըն­թաց­քին եւ այդ հար­թու­թեան վրայ այս փու­լին հա­ւա­նա­բար Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ըլ­լայ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռին ա­նու­նով միակ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը։

Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ, ե­րէկ, հա­յաս­տա­նեան կարգ մը կայ­քէ­ջե­րու մօտ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտան իր հրա­ժա­րա­կա­նի հա­ւա­նա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ լու­րեր։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս «Հայ Ձայն» կայ­քէ­ջը ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցաւ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի այն խօս­քե­րուն, թէ ե­թէ դրա­կան նշան­ներ չըլ­լան, ա­պա կրնայ տալ հրա­ժա­րա­կան։ Յի­շեալ աղ­բիւ­րին տուած կարճ հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը դի­տել տուած էր, որ խնդրին ել­քը կը գտնուի Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րու­թեան ձեռ­քը։ Ի­րեն հարց տրուած է նաեւ, թէ ե՞րբ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նը հաստա­տուե­լու մտադ­րու­թիւն ու­նի։ Ի պա­տաս­խան ան ը­սած է հե­տե­ւեա­լը. «Ճիշ­դը՝ ես ալ չեմ գի­տեր, ո­րով­հե­տեւ Պոլ­սոյ մէջ վի­ճա­կը բա­ւա­կան խառն է։ Ա­մէն բան կա­խեալ է կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մէն»։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ա­ւել­ցու­ցած է նաեւ, թէ կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­նե­րու հետ խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ յա­ռաջ կը տա­րուին։ «Նախ­քան տե­ղա­պահ ընտ­րուիլս չէի են­թադ­րեր, որ նման կա­ցու­թեան առ­ջեւ պի­տի յայտ­նուիմ եւ այ­սօր ե­թէ ո­րոշ կող­մե­րու կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­նե­րու հետ շփում­նե­րը դրա­կան ար­դիւն­քի մը չյան­գին, ա­պա ես կրնամ իմ հրա­ժա­րա­կանս տալ», ընդգ­ծած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան։

Ե­րէ­կուան մեր հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին մաս­նա­ւո­րա­պէս յի­շե­ցու­ցինք այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ու խնդրե­ցինք յա­ւե­լեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ։ Ան մե­զի յայտ­նեց հե­տե­ւեա­լը. «Խօս­քի մէջ ու­նե­ցայ այդ­պի­սի ար­տա­յայ­տու­թիւն մը, ը­սի՝ որ ե­թէ պէտք ըլ­լայ, կրնամ հրա­ժա­յիլ, բայց այդ­պի­սի բան մը չկայ»։

Ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հը մեր հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին մեկ­նա­բա­նեց նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ 24 Ապ­րի­լի պատ­գա­մի բո­վան­դա­կու­թեան մէջ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին կա­տա­րուած անդ­րա­դար­ձը։ «Լաւ է, որ այս­պի­սի պատ­գամ մը հրա­պա­րա­կուած է։ Ան­ցեալ տա­րի ալ ե­ղած էր նոյ­նը, այս տա­րի ալ ե­ղաւ։ Գա­լով պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին կա­տա­րուած անդ­րա­դար­ձին՝ այդ ալ լաւ է, տես­նենք ար­դիւնք­նե­րը ի՞նչ պի­տի ըլ­լան», եզ­րա­փա­կեց Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017