ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ԴԷՊԻ ԱՅՍՕՐ

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նը թե­ւա­կո­խած է իր հիմ­նադ­րու­թեան 130-ա­մեա­կը։ Այս յո­բե­լեա­նին առ­թիւ նա­խա­տե­սուած է յա­տուկ ձեռ­նարկ մը, որ խո­րագ­րուած է՝ «Հայ դպրո­ցը՝ ան­ցեա­լէն դէ­պի այ­սօր»։

Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն կազ­մա­կեր­պուած մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րը ար­դէն ստեղ­ծած են ա­ւան­դու­թիւն մը ի­րենց տե­սա­կին մէջ։ Սոյն շղթա­յին վրայ այս տա­րի պի­տի ա­ւել­նայ օ­ղակ մը՝ զու­գա­դի­պե­լով 130-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան շրջա­նին։ Այդ օ­ղա­կը ձօ­նուած պի­տի ըլ­լայ հայ դպրո­ցին՝ ան­ցեա­լի վեր­յի­շու­մով եւ կա­րե­ւո­րու­թեան վե­րըմբռ­նու­մով։

Դպրո­ցի տնօ­րէ­նու­թիւնն ու հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չա­կան կազ­մը բծախն­դիր աշ­խա­տան­քով պատ­րաս­տած են այս ձեռ­նար­կը, որ ձօ­նուած է Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի հիմ­նա­դիր ե­րա­նաշ­նորհ Ներ­սէս Վար­ժա­պե­տեան Պատ­րիար­քի, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան ու բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին։ Ծրագ­րին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին այն է, որ անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րուի նաեւ այժմ ան­հե­տա­ցած գա­ւա­ռի հայ­կա­կան կրթա­կան կեան­քէն կարգ մը յատ­կան­շա­կան է­ջե­րու։ Նոյն առ­թիւ պատ­րաս­տուած է նաեւ գրքոյկ մը։

Մին­չեւ ամ­սա­վերջ սոյն յո­բե­լե­նա­կան յայ­տա­գի­րը պի­տի գոր­ծադ­րուի եր­կու ան­գամ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 3, 2017