ՓԱՍՏԱՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ
Կը տեղեկանանք, որ «Էլ Ճեզիրէ» արաբական հեռուստակայանը փաստավաւերագրական ժապաւէնի մը պատրաստութեան ձեռնարկած է՝ Լեռնային Ղաղաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Ծանօթ է, որ այս հեռուստակայանին կեդրոնը կը գտնուի Քաթարի մէջ եւ ամբողջ աշխարհով մէկ սփռումներ կը կատարէ՝ արաբերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Յիշեալ վաւերագրական ժապաւէնի պատրաստութիւններուն ծիրէն ներս երէկ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը այցելեցին «Էլ Ճեզիրէ»ի Իսթանպուլի գրասենեակէն աշխատակիցներ։ Յիշեալ ծրագրին համար անոնք հարցազրոյց մը ըրին թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ։ Այցելութեան ընթացքին անոնք տեղեկացուցին, որ այս ծրագրին համար հեռուստակայանը նախատեսած է կարծիքներ շօշափել՝ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ։
«Էլ Ճեզիրէ»ի աշխատակիցներուն կողմէ ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով՝ Արա Գօչունեան ի մէջ այլոց բացատրեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է անպայման կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով։ Ան դիտել տուաւ, թէ հայկական կողմին տեսակէտէ այս հարցը կը վերաբերի Արցախի հայոց ֆիզիքական ոչնչացման վտանգէ զերծ մնալու եւ ինքնորոշման իրաւունքէ օգտուելուն։ Հայաստանն ալ հանդէս կու գայ որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր։ Արցախի պատմութեան վերաբերեալ հարցումներուն ի պատասխան՝ Արա Գօչունեան նշեց, որ լոկ հայկական հնագոյն վանքերու գոյութիւնը արդէն բաւարար է տարրական պատկերացում մը կազմելու համար տարածքաշրջանէ ներս հայոց վաղեմի ներկայութեան։ 2016-ի Ապրիլի քառօրեայ պատերազմին շուրջ խօսելով՝ Գօչունեան յիշեցուց, որ Արցախի մէջ հայ զինուորները սպաննուած էին՝ միջազգային իրաւունքի խախտումներով։
Կը նախատեսուի, որ «Էլ Ճեզիրէ»ի կողմէ պատրաստութեան ձեռնարկուած փաստավաւերագրական ծրագիրը սփռուի յառաջիկայ ամիսներուն։