ԱՐԱՅԻ ԼԵՌԸ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՎԱՅՐ

Արայի լեռը կրնայ զբօսա­շրջային վայր դառնալ: Այս մա­սին յայտնած է Հայաս­տա­նի Զբօսաշրջութեան պետա­կան կոմիտէի նախագահ Զար­մինէ Զեյթունցեան:

«Ա­րա­յի լե­ռը զբօ­սաշր­ջա­յին վայր դարձ­նե­լու հե­տաքրք­րա­­­­կան ծրա­գիր ու­նինք. թէ ձմեռ­­նա­յին, թէ ա­մառ­նա­յին վայ­րի վե­րա­ծե­լու, բայց ծրագ­­­րի գոր­ծար­կու­մը հսկա­յա­կան ներդ­րում­ներ կը պա­հան­ջէ: Ծրա­գի­րը պի­տի ներ­կա­յաց­նենք ներդ­րու­մա­յին հար­թա­կին եւ պի­տի սպա­սենք զար­գաց­ման: Ա­նի­կա մշա­կուած է դեռ 2007 թուականին, բայց մին­չեւ այ­սօր դեռ չէ ի­րա­կա­նա­ցուած մեծ ներդ­րում­նե­րու պա­հանջ­քին պատ­ճա­ռով», ը­սած է Զէյ­թուն­ցեան: Ան նշած է, որ օ­րի­նակ, գի­նիի, ու­տե­լի­քի, ար­կա­ծա­յին զբօ­սաշր­ջու­թեան զար­գաց­ման հա­մար ներդ­րում պէտք չէ:

«Գի­նիի, ու­տե­լի­քի զբօ­սաշր­ջու­թեան մա­սին շատ կը խօ­սին, բայց ա­տոնք զբօ­սաշր­ջու­թեան ա­ռան­ձին ձե­ւեր չեն, քա­նի որ յա­տուկ եր­կիր մը չես եր­թար միայն ու­տե­լու կամ գի­նիի հա­մար, պար­զա­պէս այդ ա­մէ­նը կը մտնէ եր­թու­ղիին մէջ: Միայն ա­տով Հա­յաս­տա­նը չի կրնար ներ­կա­յա­նալ: Մեր եր­կի­րը կը ներ­կա­յաց­նենք իբ­րեւ չբա­ցա­յայ­տուած Հա­յաս­տան՝ Armenia uncovered», ա­ւել­ցու­ցած է Զարմինէ Զէյ­թուն­ցեան:

Ա­րա լեռ կամ Ա­րա­յի լեռ՝ կը գտնուի Կո­տայ­քի եւ Ա­րա­գա­ծոտ­նի մար­զե­րուն մէջ: Ա­նոր լան­ջին կը գտնուի Ծաղ­կե­վան­քը: Լե­ռը ու­նի հա­րուստ բնաշ­խարհ եւ Հա­յաս­տա­նի բու­սա­կա­նու­թեան 20 առ հարիւրը կա­րե­լի է յայտ­նա­բե­րել այն­տեղ: Բարձ­րու­թիւ­նը 2577 մեթր է: Ա­նոր ա­րեւ­մուտ­քը կը գտնուին Աշ­տա­րա­կը եւ Քա­սաղ գե­տի կիր­ճը, իսկ Ա­րա­րա­տեան դաշ­տը եւ Ե­րե­ւա­նը՝ լե­րան հա­րաւը:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2017